Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Խմբապետական 6-րդ Համագումարը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

August 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ երկուշաբթի, 20 օգոստոս 2012-ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական 16 շրջաններու, Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու բարձրաստիճան 28 խմբապետ-խմբապետուհիներու, Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի 8 քոյրեր-եղբայրներու եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեանի եւ Բագրատ Եսայեանի:

Համագումարին մասնակցող շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները, Կեդրոնական վարչութեան գլխաւորութեամբ եւ Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան յանուն ՀՄԸՄ-ի  մեծ ընտանիքին զետեղեց ծաղկեպսակ մը: Ապա, ներկաները անմար կրակին շուրջ երկիւղածութեամբ տեղադրեցին մեխակներ: Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը խօսք առնելով ներկաները հրաւիրեց երեք վայրկեան լռութեամբ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, միաժամանակ մտային խորհրդածութեամբ, հաւատքով ու գիտակցութեամբ զինուելու եւ ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման պայքարն ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը անվհատ կամքով շարունակելու:

ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ի խմբերգումէն ետք` համագումարին մասնակիցները բարձրացան Ծաղկաձոր:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ծաղկաձորի «Կեչառիս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարին պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համագումարին աշխատանքները: Ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց նախորդ հինգ համագումարներու առաջադրանքներուն վրայ, ապա կանգ առաւ 6-րդ համագումարի աշխատանքներուն վրայ, անդրադարձաւ մասնակցողներու երիտասարդ ու կորովի ըլլալու իրողութեան, զիրենք հրաւիրեց գիտակից յանձնառութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ հետեւելու համագումարի աշխատանքներուն` յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ ստանձնած է բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ յանձնառութիւն` ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները եւ անոնց գործադրութեան եղանակը, պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ` անոնց տալով նոր երանգ ու ոճ, պիտի զբաղի շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով` մնայուն մարդուժ պատրաստելու առաջադրանքով, պիտի պատրաստէ նաեւ 10-րդ ընդհանուր բանակումի նախածրագիրը: Համագումարը յատուկ օրակարգով կանգ պիտի առնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան ունենալիք ներդրումին վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ  այժմէական հրատապ այլ հարցերու:

 

 

 

Նախորդը

Միաբանական Նոր Շէնքի Կառուցում` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նորվեկիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.