Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պսակուելէս Ետք Մէկ Տարի Դադար Պիտի Առնեմ» Ըսաւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան

August 18, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոնտոն 2012-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Հռիփսիմէ Խուրշուտեան եւ աղջկանց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով անդրադարձան ողիմպիականին իրենց վրայ ձգած տպաւորութեան, ինչպէս նաեւ Մելինէ Դալուզեանի անյաջողութիւններուն:

Ստորեւ կու տանք այդ մամլոյ ասուլիսին կարեւոր բաժինները, զորս հրապարակած է Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը.

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԽՈՒՐՇՈՒՏԵԱՆ.- «Բարձր տրամադրութեամբ իջայ մրցավայրէն` առանց գիտնալու, որ արդէն իսկ մետալի տիրացած եմ: Երրորդ անգամ, երբ մրցասպարէզ կը գտնուէի, բոլորն ալ ականատես եղան, որ պարելով իջայ հոնկէ:

«Ինչ կը վերաբերի պսակուելուս, եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, անիկա ոչ մէկ արգելք պիտի ըլլայ իմ արհեստավարժ ասպարէզիս, որովհետեւ տարուան մը դադարէ ետք պիտի վերադառնամ:

«Վերադառնալով հայրենիք արժանացայ շատ մեծ ընդունելութեան, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին, բնականաբար` ընտանիքիս ալ»:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ.- «Շատ լաւ եւ յաղթական տրամադրուածութեամբ վերադարձանք Լոնտոնէն, թէեւ աւելին կ՛ակնկալէինք մեր մարզիկներէն:

«Թէեւ Մելինէ Դալուզեանը աւելի լաւ մարզավիճակի մէջ կը գտնուէր, քան` Խուրշուտեանը, սակայն զարմանալիօրէն Դալուզեան ունեցաւ հոգեկան անկում: Սակայն ան պիտի շարունակէ մարզուիլ, որովհետեւ այս տարի ան պիտի մասնակցի աշխարհի ուսանողական ախոյեանութեան: Մենք ֆետերասիոնին մէջ որոշեցինք, որ Դալուզեանը, որքան կարելի է, շատ մրցումներու մասնակցի, որպէսզի հոգեբանօրէն վերականգնի:

«Ինչ կը վերաբերի տղոց անյաջողութիւններուն, այդ մէկը չեմ կրնար որեւէ ձեւով մեկնաբանել:

«Ներկայիս Հայաստանի մէջ ունինք 35 մարզիկուհի, որոնք կը զբաղին ծանրաբարձութեամբ: Տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ քիչ էին այս մարզաձեւով զբաղող աղջիկները: Բայց իրավիճակը փոխուեցաւ, երբ Մելինէն, Հռիփսիմէն եւ Նազիկ Աւդալեանը սկսան մետալներու տիրանալ:

«Եզրափակելով եւ պատասխանելով վերջին հարցումին` կու գամ ըսելու, որ Աւդալեան ամէն գնով կը փափաքի վերադառնալ, ինչ որ շատ կարեւոր է մեզի համար: Խօսեցանք նաեւ բժիշկին հետ եւ շատ հաւանական է, որ ան վիրաբուժութեան մը եւս ենթարկուի:

Նախորդը

Կարէն Բարսեղեան Նշանակուեցաւ Ուլիսի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնակատար

Յաջորդը

«Վարդան Մինասեան Ի Վիճակի Է Կացութեան Տէր Դառնալ» Կ՛ըսէ Աբրահամ Խաշմանեան

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.