Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Նկատումներ` Իրանի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին Հաւանականութեան Շուրջ

August 18, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իրանի դէմ իսրայէլեան յարձակումին հաւանականութեան շուրջ տեղեկատուութեանց հետեւողները այն տպաւորութիւնը կը ստանան, որ Իրանի դէմ նշեալ յարձակումին պայմանները ամբողջանալու վրայ են, որովհետեւ Իսրայէլը մտահոգող ազդակները կը թուին ինքնաբերաբար չէզոքացուած կամ չէզոքացման ընթացքի մէջ ըլլալ:

Հիւլէական զէնքի տէր Իրանը իր գոյութեան վտանգ նկատող Իսրայէլը մտահոգ էր, որ այդ երկրին դէմ յարձակումի մը պարագային Իրանի կողքին Սուրիա եւ Հըզպալլա եւս հակադարձեն եւ Իսրայէլի վրայ հրթիռներ արձակեն: Սակայն Դամասկոս ներկայիս իր ներքին «կենաց մահու» ճակատամարտով զբաղած ըլլալով` չի կրնար Իսրայէլի հետ ճակատելու մասին մտածել, որովհետեւ այդպիսի քայլ մը սուրիական վարչակարգին համար անձնասպանութեան համազօր քայլ մը կ՛ըլլայ: Իսկ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումն ու սիւննի-շիի լարուածութեան մագլցումը կը խոստանայ Հըզպալլան զբաղեցնել ներլիբանանեան հարցերով: Այս առումով Լիբանանի մէջ միջհամայնքային բախումները պիտի ըլլան այն կանաչ լոյսը, զոր Իսրայէլ հաւանաբար անյապաղ պիտի օգտագործէ Թեհրանը հարուածելու:

Վերջին օրերուն Թել Աւիւի համար նոր մտահոգութիւն մըն ալ ծագած է` Սինայի մէջ սալաֆական զինեալ խմբաւորումներու գործունէութիւնը, որ կրնայ խանգարել իր ծրագիրը: Իսրայէլ չի կրնար այդպիսի «կողմնակի» հարցով մը զբաղիլ, ահա թէ ինչու այդ գլխացաւի չէզոքացման «պարտականութիւնը» զիջած է եգիպտական բանակին, որուն «առաքելութեան» ձախողութիւնը սակայն պիտի ստիպէ, որ իսրայէլեան բանակը այդ հարցը իր ձեռքը առնէ, ինչ որ կը խանգարէ «հանգիստ մտքով» Իրանի դէմ պատերազմ մղելու Իսրայէլի ծրագիրը:

Իսրայէլացիները պատրաստութիւնները տեսած են. ապաստանարաններու կառուցումը արագ կշռոյթով կ՛ընթանայ, եւ մինչեւ իսկ Իրանի հետ պատերազմի մը իսրայէլեան զոհերուն թիւին նախատեսումը (մէկ ամսուան ընթացքին շուրջ 500 զոհ) կատարուած է: Իսրայէլեան իշխանութիւնները համոզուած են, որ Իրանի յայտարարած հրթիռային սպառազինութեան թուաքանակը պոռոտախօսութիւն է, եւ իրենք կրնան տոկալ իրանեան հրթիռային հակահարուածի մը:

Կը մնայ տեսնել, թէ իսրայէլեան կողմի զինուորական ծրագիրին համար դէպքերուն բարենպաստ զարգացման այս ընթացքը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ պիտի շրջուի կամ այլ արգելակիչ ազդակներ, ինչպէս` ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնները, պիտի սանձեն Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու թելաւիւեան ախորժակը:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լօխ-ի Նոր Շրջանային Վարչութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.