
Հայաստանի ծանրաբարձութեան նախագահ Սամուէլ Խաչատրեան, որ երէկ ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ եթէ ֆետերասիոնը իր հրաժարականը պահանջէ, ինք պատրաստ է հեռանալու:
«Յառաջիկայ սեպտեմբերին ֆետերասիոնը պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը: Եթէ պատահի, որ մասնագէտները պահանջեն հրաժարականս եւ ատոր համաձայն գտնուի Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահը, ես պատրաստ եմ հեռանալու իմ պաշտօնէս: Բնականաբար, երբ պահանջուի հրաժարականս, ես բացատրութիւն պիտի պահանջեմ, թէ ո՛ւր թերացած եմ: Իսկապէս ողիմպիական խաղերը մեզի համար եղան անյաջող: Սակայն ունինք երիտասարդ սերունդ մը, որ յաջորդ խաղերուն կրնայ մետալներու տիրանալ», ըսաւ Խաչատրեան:
Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը մասնակցեցաւ հինգ մարզիկով: Հռիփսիմէ Խուրշուտեան միակն ըլլալով պրոնզ մետալի տիրացաւ:
Խաչատրեան իր տուած մամլոյ ասուլիսը եզրափակեց յիշեցնելով, որ իր վեց տարուան պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայաստանի ծանրաբարձները տիրացած են 346 մետալի:


