Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով` «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութիւնը Եւ Սուրիոյ Հայութեան Աջակցութիւնը Համազգային Առաջնահերթութիւններ Են» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

August 13, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով` շաբաթ, 11 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

Վանքի շրջափակին մէջ բացօթեայ խորանին վրայ պատարագեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ:

«Հայր մեր»-էն անմիջապէս առաջ, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ` յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա վեհափառը տուաւ իր պատգամը` ներկայ հազարաւոր հայորդիներուն: Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք յատուկ կապուածութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան ուխտի օրուան: Յայտնենք, որ պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի տիպարին` իբրեւ Աստուծոյ Որդիին Մայր եւ իբրեւ աղբիւր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու:

Ապա վեհափառը անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարցին: Ան ըսաւ. «Վերջին տարիներուն, յաճախակի առիթներով պատգամեցինք, գրեցինք ու նոյնիսկ հանդիպումներ կազմակերպեցինք` յիշեցնելով, թէ արեւմտահայերէնը, մեր լեզուն տագնապի ու նահանջի մէջ է: Հայ լեզուն մեր ժողովուրդին էութեան ու լինելութեան անքակտելի մասը դարձած է: Հետեւաբար, հայ լեզուէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ մեր հաւատքէն, մեր մշակոյթէն, մեր արժէքներէն,  մեր ձգտումներէն, մեր ինքնութենէն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ` «շուրջ երկու տարիներ առաջ, հոս, Պիքֆայայի վանքին մէջ արեւմտահայերէնի նուիրուած համասփիւռքեան համագումար կազմակերպեցինք: Ընդառաջելով համագումարի բուռն փափաքին, «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով» յառաջացուցինք, որուն նպատակն է` փրկել արեւմտահայերէնը կորուստէ եւ անոր ճիշդ դասաւանդումը եւ ամէնօրեայ գործածութիւնը ապահովել ու քաջալերել մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն ու կառոյցներուն մէջ: Արդարեւ, դիւրին չէ այս աշխատանքը. սա հաւաքական ու երկարաշունչ ճիգ կը պահանջէ, որուն պէտք է մասնակցին մեր բոլոր կառոյցները»:

Լայնօրէն պարզելէ ետք արեւմտահայերէնի դիմագրաւած տագնապը, վեհափառը ըսաւ. «Այս հանգրուանին կ՛ուզենք հետեւեալ թելադրութիւնները կատարել.- 1) Մեր ընտանիքներուն մէջ պէտք է միայն հայ լեզուն հնչէ. սա սրբազան պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր ընտանիքի: Հայ լեզուին առաջին ու մնայուն ուսուցիչը հայ ծնողքն է: 2) Մեր դպրոցները յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն հայ լեզուին: Ցաւով կ՛իմանանք, թէ որպէսզի հայ աշակերտներ օտար լեզուներուն աւելի լաւ տիրապետեն, եւ որպէսզի պետական քննութեանց մէջ յաջողութիւն արձանագրեն, մեր որոշ դպրոցները սկսած են հայոց լեզուով դասաւանդուող նիւթերը պակսեցնել: Դատապարտելի է այս երեւոյթը: Հայ դպրոցի առաջնահերթ առաքելութիւնը հայակերտում է: 3) Ներկայ աշխարհի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան աննախընթաց զարգացումն է: Մեր զաւակները պէտք է լաւապէս օգտագործեն հաղորդակցութեան ներկայ արդիական միջոցները արեմտահայերէնո՛վ, եւ ո՛չ թէ օտար լեզուներով կամ լատինատառ հայերէնով` հաղորդակցելով իրարու հետ»:

Իր պատգամին երկրորդ բաժինով, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ սուրիահայութեան: Ան ըսաւ. «Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներքին տագնապները բնականաբար իրենց ժխտական հետեւանքները ունեցան մեր գաղութներու կեանքին մէջ: Մենք չէինք կրնար անտարբեր մնալ Սուրիոյ մտահոգիչ կացութեան դիմաց: Մեր գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը մնայուն կապերու ու խորհրդակցութեան ճամբով իր յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուց սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեցինք մեր համայնքի հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն, եւ կը շարունակենք նոյն ընթացքը` հեռու ամէն տեսակ լուսարձակներէ: Մեզի համար հիմնականը սուրիահայութեան անվթար ու ապահով պահպանումն է, անոր կառոյցներուն պաշտպանութիւնը եւ կարիքներուն ընդառաջումը»:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ` «սփիւռքի ու մանաւանդ հայրենամերձ գաղութներու հզօր ու կազմակերպ պահպանումը մեր ազգի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ: Տեղ մը տկարացնել ուրիշ տեղ մը հզօրացնելու քաղաքականութիւնը անհեռատես ու վնասաբեր է: Մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերը կը պահանջեն իւրաքանչիւր գաղութի ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը եւ հզօրութեան ամրապնդումը: Հետեւաբար, ընդունելի չեն Հայաստանի եւ սփիւռքի քանի մը լրատուական միջոցներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն երբեմն մակերեսային, հապճեպ ու միակողմանի մօտեցումները: Սուրիահայութիւնը ինքնավստահ  ու կազմակերպ գաղութ է. ան պէտք չունի թելադրութիւններու իր կեանքի այս դժուար հանգրուանին, ան պէտք ունի մեր բոլորին ամբողջական ու գործնական աջակցութեան»:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «1) Բարձր գնահատանքով կ՛ողջունենք սուրիահայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած ու առողջ մօտեցումը իր շուրջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն: 2) Սուրիահայութիւնը` իբրեւ կազմակերպ գաղութ, ինչպէս նաեւ իբրեւ Սուրիոյ կարեւոր համայնքներէն մէկը, կը շարունակէ մնալ ամրօրէն կառչած սուրիական հայրենիքին եւ անոր գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն: 3) Ըսինք ու կը կրկնենք, որ սուրիահայութիւնը, իր կեանքի այս դժուար հանգրուանին, կարիքը ունի մեր բոլորին անվերապահ ու ամբողջական աջակցութեան»:

Մինչեւ ուշ գիշեր հաւատացեալներ մնացին վանքին մէջ եւ Ս. Կոյսի վերափոխման խորհուրդով զօրացած ու իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդուած, վերադարձան իրենց տուները:

Յայտնենք, որ մէկ օր առաջ ուխտաւորներու խումբը ներկայ գտնուեցաւ գիշերուան ժամը 8:00-ին հսկումի արարողութեան եւ գիշերեց վանքին մէջ` իբրեւ նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան: Նոյն գիշեր, վեհափառ հայրապետը Հայրապետական ամարանոցի դահլիճին մէջ ընդունեց բոլոր ուխտաւորները եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց անոնց: Իսկ ամբողջ օրուան ընթացքին, սկսեալ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր, տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւնները:

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 կիներ:

Կիրակի, 12 օգոստոս 2012-ին կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ եւս Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով: Ս. պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք, որմէ ետք հաւատացեալներ ստացան օրհնուած խաղողէն ողկոյզներ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Երէց Պատանիները Սկսան Իրենց Տարեկան Բանակումին

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.