Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհանգիստ Մարդիկ

August 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ընկեր մը անկեղծ զրոյցի կը բռնուի հետս: Ներքին ահաւոր անհանգստութիւն մը դիւրագրգիռ դարձուցած է զիս, կ՛ըսէ: Ամէն Աստուծոյ օր` նո՛ր խնդիրներ, նո՛ր տագնապներ, հին տագնապներու բարդացումներ, կուտակումներ, որոնց լուծման համար թերթի կոչերը, դիմումները, աղերսանքները, թախանձանքները, առաջարկները, յորդորները եւ այսօրինակ բառակոյտեր, եթէ նոյնիսկ ազդած են որոշ շրջանակներու վրայ, տակաւին, այսպէս կոչուած, բեկումնային բարեփոխութիւններ չեն կրցած իրականացնել` սպառնալիօրէն մաշեցնելով անոր համբերութիւնը:

Ես ալ անմիջապէս կրնամ համաձայնիլ ընկերոջս ու հաստատել, որ ինք առանձին չէ այդ հոգեվիճակը ապրող, եւ որ կան բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կը կիսեն իր ընդվզումը:

Լուծո՞ւմը: Կրնաս ամէն ինչ մէկ կողմ դնել, հայկական իրականութենէն փախուստ տալ, ուրիշ միջավայրեր փնտռել եւ հանգիստ կեանք մը ապրիլ: Շատեր այդպէս կ՛ընե՛ն արդէն: Քու, մեր մեղքը ի՞նչ է:

Ատիկա լուծում չէ, կ՛ըսէ ընկերս` ամչցնելով զիս: Այդ մասին մտածել իսկ չեմ կրնար: Եթէ այդպէս մտածեմ, ուրիշ մարդ կը դառնամ, ինչ որ, կարծեմ, աւելի իսկ անհանգիստ պիտի ընէ զիս, նոյնիսկ կրնայ հիւանդացնել:

Լաւ, ուրեմն, կը մնայ դիմադրականութիւնդ ուժեղացնել եւ անսահման համբերութեամբ զինուած` նետուիլ աշխատանքի, ձայնակցիլ կոչերուն, օրինակ դառնալ` իւրաքանչիւր կարեւոր խնդիրի լուծման մասնակից դառնալով, եւ առանց յուսահատութեան, մշտանորոգ խանդավառութեամբ դիմագրաւել դիմացդ ցցուող նոր խնդիրները, նոր տագնապները® գիւտ մը ըրած ըլլալու յաւակնոտ ժպիտով խրատ կը կարդամ ընկերոջս:

Ամէնէն կարեւորը` ներքին ներդաշնակութիւն ու հաւասարակշռութիւն պահելն է, աջ ու ձախ ուրիշներ մեղադրելով, պախարակելով, դատապարտելով` քանդիչ մթնոլորտ չստեղծելն է. ինք կը խրատէ այս անգամ:

Ուրեմն, անցնինք գործի. օրակարգը` դարձեալ սուրիահայութիւն, սահմանամերձ գիւղեր, Արցախ, վերաբնակեցում, Ջաւախք® կարգը, առաջնահերթութիւնը:

Ինծի համար բոլորը առաջնահերթ են, բոլորը մէկ ամբողջութիւն են, կ՛ըսէ ընկերս: Չե՛ս կրնար չհամաձայնիլ:

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Սուրիոյ Բնակչութեան, Նա՛եւ Հայութեան Վիճակուած Հրդեհին Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Թուրքիայի Անշարժ Գոյքի Շուկան Եւ Հայը . Հայաստանի Քաղաքացիները Իրաւունք Չունեն Սեփականութիւն Ձեռք Բերել Թուրքիայում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.