Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հողը Իր Տիրոջ Կը Սպասէ

August 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«Երկրի ու հողի կորուստը ծանր կորուստ է :
Հողն անմահ է, հողն իր տիրոջ արիւնակիցն է ու կը սպասէ, կը սպասէ, կը սպասէ….»

                                                                                             ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ
(Ձորի Միրօ)

***

Մարութա Սարի գագաթին

Առաւօտեան ժամը չորսն է:Արեւի շողերը սկսան երեւիլ: Ընկերները յոգնած են եւ անքուն: Ոգեւորութիւնը, սակայն, շատ մեծ է բարձրանալու Մարութա լերան գագաթը:

Կ՛ուզեն տեսնել Սասունի լեռները եւ մասնակցիլ Մարաթուկի ուխտին: Բնութիւնը լուռ է:Կը բարձրանանք դէպի վեր եւ կ՛անցնինք այն ճամբաներէն ուրկէ անցած են հաւանաբար Գէորգ Չաւուշը , Սպաղանաց Մակարը եւ շատ ուրիշ ֆետայիներ…

Արդէն գագաթին վրայ ենք` 2973մ. բարձրութեան վրայ: Հրաշալի են Սասնոյ լեռները:Կը պարզենք հայկական եռագոյն դրօշը:

Կը վառենք մոմերը «Ս. Աստուածածին» մատրան մէջ` յիշելով մեր նահատակները: Ընկերները յուզուած են եւ մտահոգ: Սասունի քրտացած հայերուն ինչպէ՞ս կրնան օգնել: Վերջապէս մենք ուխտաւոր էինք, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդական երգը` «Մարաթուկ բարձր սար է, վրէն վառուող մոմեր, էրնէկ ես ուխտի երթեմ, զիմ մուրազ կատարէ»:

***

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցուոյ դիմաց

Վանայ լիճը արդէն կ՛երեւի:Անհամբեր կը սպասենք Աղթամար երթալու: Աճապարանօք նաւ կը նստինք ու ու կը նաւարկենք Վանայ լիճի մուք ու զուլալ ջուրերուն վրայ:

Արդէն կ՛երեւի խաչը: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն. բռնագրաւուած հողի վրայ կը տեսնենք հայկական եկեղեցի մը` խաչով թագադրուած: Հիացած կը դիտենք «Ս. Խաչ»-ը եւ կը լսենք Անդրանիկին տուած բացատրութիւնները: Անդրանիկը մեր առաջնորդն է, որ քաջածանօթ է երկրի բոլոր շրջաններուն ու մանրամասնութիւննրուն:

Բառեր չենք գտներ արտայայտելու մեր զգացումները:Ցած ձայնով կ՛երգենք «Հայր Մեր»-ն ու «Տէր Ողորմեա»-ն: Խունկի բուրմունքը եկեղեցիէն դուրս կը տարածուի…

Վանայ լիճի մաքուր ջուրը կը հրապուրէ մեզ: Քարքարոտ ափին հասնելով, հրճուած, կը մտնենք ջուր` մկրտուելու համար: Լիճի ալիքները կը խաղաղեցնեն մեր հոգին: Արդէն ժամն է վերադառնալու ծովափ` Ճաշելու: Կը խնդրենք տիրոջմէն մեր տուած Սայաթ Նովայի սկաւառակի երգերը սփռէ: Կը Խմենք մեր հողերուն կենացը: Կ՛երգենք, կը հպարտանանք եւ կը ցաւինք, որ կորսնցուցած ենք այս հողերը: Կը ճաշակենք Վանայ տառեխը եւ կը պատրաստուինք մեկնելու: Տիրոջմէ կը խնդրենք մեր սկաւառակը, բայց ան կը տատամսի եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ սկաւառակը իր մօտ մնայ որպէս յիշատակ….

                   ***

Պահ մը, Վանի պանդոկը նստած, կը վերյիշեմ, թէ ինչպէ՛ս եկայ Արեւմտահայաստան:

… ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն ընկեր մը կը հարցնէ.

– Արեւմտահայաստան կ՛երթա՞ս:

Պահ մը, շուարած, կը մտածէի` արդեօք ճիշդ կը լսէ՞ի: Հաստատելու համար նորէն հարցուցի եւ պարզուեցաւ, որ ճիշդ էր լսածս: Տարիներու երազս կրնար իրականանալ:

Կը հաշուեմ օրերը: Վերջապէս կը հասնի  ժամը մեկնելու:Կը հասնիմ օդակայան: Կը հանդիպին Լիբանանէն մասնակցող ընկերներուն: Կ՛երթայինք տեսնելու «Երկիր»-ը, որուն մասին շատ կարդացած էինք Ռուբէնի յուշերուն մէջ: Երկիրի երազով կը հասնինք հայաստան:Կը հանդիպինք Հայաստանի ՀՅԴ երիտասարդականի պատասխանատու ընկ. Սագոյին եւ ընկ. Հայկազին, որոնք ամիսներէ ի վեր կը ծրագրէին դէպի Արեւմտահայաստան մեր ուխտագնացութիւնը: Ընկերները մեզի կը տեղեկացնեն ուխտագնացութեան նպատակին մասին` ճանաչում հայկական բռնագրաւուած հողերուն: Նաեւ կը ծանօթանանք Թեհրանէն եւ Քուէյթէն մասնակցող մեր ընկեր- ընկերուհիներուն: Յաջորդ առաւօտեան մեր խումբը Երեւանէն ճամբայ ելաւ դէպի Վրաստան, որուն ճամբով մուտք պիտի գործէինք Երկիր:

***

Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցուոյ դիմաց

Արդէն քանի մը օրէ կ՛այցելենք մեր պատմական հողերը: Տպաւորութիւնները այնքան շատ են որ սկսած ենք շփոթելու մեր տեսած տեղերն ու վայրերը:

Տեսած էինք պատմական Կարսը, Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին, Վարդանի կամուրջը, Եղիշէ Չարենցի հօրենական տունը եւ պատմական բերդը: Տակաւին կը գոյատեւէին հայկական թաղերը` լքուած վիճակի մէջ:

Այցելած էինք Անի: Տեսած էինք սահմանը, որ այնքան մօտ էր, բայց եւ այնպէս անհասանելի կը թուէր: Տեսած էինք քաղաքի շքեղ եկեղեցիները, որոնք  կը պայքարէին պահելու համար իրենց կառոյցն ու ինքնութիւնը:Տեսած էինք Անիի վիթխարի Մայր տաճարը եւ մեր աղօթքներով պահ մը խանգարած էինք քաղաքին լռութիւնը: «Տէր ողորմեա»-ի արձագանգը տարածուած էր ամբողջ քաղաքին մէջ:

 

 

Ուխտաւորները Անիի մ
Մուշի մէջ հայկական եկեղեցի

 

 

 

 

 

 

Փոքր Մհերի դրան մուտքին

 

 

 

Այցելած էինք Մշոյ «Սուրբ վանք Սուրբ Կարապետ», որուն քարերը օգտագործուած էին տուներ կառուցելու…Շատ ահաւոր էր պատկերը: Վանքի մնացորդացին քով մոմ վառեցինք:

Մոմերը արդէն չկան: Գիւղի պզտիկները հաւաքած են զանոնք ու կը պատրաստուին տարեդարձի… Ընկերները զայրացած են: Նոյնիսկ մոմ չէինք կրնար վառել մեր վանքին մէջ….

Տեսած էինք կարինը, որ դարձած էր արդէն շքեղ քաղաք մը, հոն հայկական հետքեր գտնելը բաւականին դժուար էր:

Այցելեցինք նաեւ Խոպա, որ համշէնահայութեան սիրտն է: Մեզ կ՛առաջնորդէ ընկեր Հայկազը, որ ծանօթներ ունի այս շրջանին մէջ:

Հազարաւոր հայեր կը գիտակցին իրենց հայ ըլլալուն, սակայն բարձրաձայն չեն յայտարարեր այդ մասին…

 ***

Այժմ վերադարձած ենք Երեւան եւ կը քննարկենք մեր ուխտագնացութիւնը ընկեր Սագոյին հետ: Բոլորին մէջ մէկ համոզում կայ: Ուխտագնացութիւնը առիթ եղաւ, որ մենք ծանօթանանք մեր երկրին եւ ամրացնենք մեր պահանջատիրական ոգին:

Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ «Հողը իր տիրոջ կը սպասէ…»

 

Սուլուխի Կամուրջին վրայ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այնճար
8 Օգոստոս, 2012

Նախորդը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Թեկնածուներու Առաջադրման Ժամկէտը Վերջ Գտաւ

Յաջորդը

Ակնարկ. Սեւ-Ճերմակի Բաժանարար Գիծերէն Առաջ Եւ Ետք

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.