Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Ալեքսանեան Երկու Գօտեմարտերուն Յաղթեց Վիրաւոր Վիճակով

August 9, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ողիմպիական խաղերուն յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 96 քկ ծանրութեան դասակարգի մրցումներուն պրոնզէ մետալը նուաճած Հայաստանի ներկայացուցիչը` Արթուր Ալեքսանեան, վերջին երկու գօտեմարտերուն մասնակցեցաւ վիրաւոր վիճակով: Անոր կողի ոսկորը կոտրուած էր: Այս մասին յայտնեց Արթուրի հայրը` Գէորգ Ալեքսանեան, որ նաեւ ըմբիշին մարզիչն է:

«Մրցումի գորգին վրայ Արթուր ինծի համար մարզիկ է: Ուրախ եմ, որ անոր պէս մարզիկ կայ, եւ որ այդ մարզիկը իմ որդիս է: Ես անոր յաղթանակը կը նկատեմ լիարժէք եւ արժանի, որովհետեւ կը վախնայի, որ անոր վիրաւոր ըլլալը կը խանգարէր զայն, բայց ան իսկական տղամարդու նման պահեց ինքզինք եւ ապացուցեց, որ արժանի է գոնէ պրոնզ մետալի, եթէ ոչ ոսկիի», ըսաւ Գէորգ Ալեքսանեան: Ան աւելցուց, որ Արթուրի սրտին մէջ այժմ ոչ թէ ուրախութիւն է պրոնզ մետալին համար, այլ` ցաւ: «Ան այդքան ալ չուրախացաւ իր յաղթանակով, այնպէս, ինչպէս մենք բոլորս: Արթուրը եկած էր ոսկի մետալի ետեւէն: Իբրեւ հայր ես ուրախ եմ ողիմպիական մետալ նուաճելու համար: Բայց կարծես ուրախութիւնս ամբողջական չէ: Ուրախութիւնն ու ափսոսանքը ձուլուած են իրարու: Իսկ այդ ցաւը կայ ե՛ւ իմ, ե՛ւ Արթուրի մէջ, որովհետեւ մենք ոսկի մետալի ակնկալութիւն ունէինք: Բայց, 20 տարեկան տղուն համար ողիմպիական պրոնզէ մետալը արդէն մեծ յաղթանակ է: Ես ուրախ եմ, որ Հայաստան արդէն ունեցաւ երրորդ մետալը, եւ այդ յաջողութիւնը Հայաստանին պարգեւողներէն մէկը եղաւ իմ որդիս», ընդգծեց ան:

Արթուր Ալեքսանեանի մարզիչ հայրը հաստատեց, որ այս նուաճումը մեծ աշխատանքի արդիւնք է: Մարզիչներու, հաւաքականի, մարզական դպրոցի մարզիչներու խմբային աշխատանքին արդիւնքն է, առանց որուն այսօրուան այս երջանկութիւնը չէինք ապրեր:

«Այս մետալով պիտի չսահմանափակուինք, պիտի չբաւարարուինք, տակաւին աշխատելու ժամանակ կայ, ընելիքներ կան, եւ պէտք է պատրաստուինք ողիմպիական ոսկի մետալի հասնելուն», ըսաւ Գ. Ալեքսանեան:

Իսկ պրոնզ մետալը նուաճած ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան ըսաւ. «Իրականութեան մէջ, ամէն ինչի մէջ ես միայն ինքզինքս կը մեղադրեմ. պարտութեան մէջ ալ, մեր ժողովուրդին միայն պրոնզ պարգեւելու համար ալ: Երբ ամիսներ շարունակ կը մարզուիս մէկ նպատակով, քու առջեւդ գերագոյն նպատակ կը դնես ոսկի մետալը եւ ատով կ՛առաջնորդուիս, եւ յանկարծ այս բոլորէն ետք կը վերադառնաս երրորդ դիրքի յաղթանակով` հիասթափեցնող է»:

Արթուր Ալեքսանեան անդրադառնալով վիրաւոր վիճակով գօտեմարտելու երեւոյթին` ըսաւ. «Երբ տեղեկացայ, որ պրոնզէ մետալի համար առաջին գօտեմարտիս մրցակիցը թուրք ըմբիշ է, ամէն տեսակ ցաւ մոռցայ: Ես միշտ, կապ չունի ինչ մրցաշարք է` Եւրոպայի, աշխարհի ախոյեանութիւն, թէ այժմ արդէն ողիմպիական խաղեր, եթէ մրցակիցս թուրք է կամ ազրպէյճանցի, աւելի մարտական կը տրամադրուիմ այդ գօտեմարտին` անկախ իմ կամքէս: Ես միայն մէկ նպատակով կը մրցիմ. տապալել թուրք կամ ազրպէյճանցի ըմբիշը: Այդ պահուն իմ մէջս կը խօսի հայրենասիրութիւնը: Ես կ՛ուզեմ այս յաղթանակս մեր ժողովուրդին նուիրել: Բայց լաւ կ՛ըլլար, որ ոսկի մետալով ուրախացնէի»:

Նախորդը

Ողիմպիականի 12-րդ Օրը. «Ա. Գալստեանի Յաղթանակը Շատ Կարեւոր Խորհրդանիշ Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Պետական Քայլերգը 220 Տարեկան Է

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.