Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԵԼՈՎ. ՑՈՅՑԵՐՈՒ ՈՐՄԱԶԴՆԵՐ` ԼՈՆՏՈՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

April 18, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՓԱՓԱՔԷԻՆ ՅԻՇՈՒԻԼ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՐՃԱՏՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ՈՐՄԱԶԴՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՍՏԱՑԱԾ ԵՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ԵՒ ՕՐ ՄԸ ԻԲՐԵՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԶԱՆՈՆՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՄԷԿՏԵՂԵԼՈՒ ԳԻՏԱԿԻՑ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ:

Լոնտոնի թանգարանը սկսած է հաւաքել որմազդներ եւ դրօշակներ, զորս բազմահազար ցուցարարներ գործածած էին հանրային պետական յատկացումներու կրճատումին դէմ վերջերս կատարուած բողոքի ցոյցի մը առիթով:

Արեւելեան Լոնտոնի Կոլտսմից համալսարանէն ուսանողներ արդէն հարիւրաւոր իրեր հաւաքած են ցոյցերու արշաւին ընթացքին:

Այժմ ցուցարարներուն կոչ ուղղուած է յիշատակի յաւելեալ իրեր տալ թանգարանին հաւաքածոյին:

Այս ծրագիրին կազմակերպիչը` Կայ Էթքինզ կը բացատրէ, թէ անոր նպատակն է ցուցարարներուն տալ առիթը իրենց ներգործութիւնը ունենալու պատմական յիշողութեան վրայ:

Գլխաւոր ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ մարտ 26-ին, ընդհանրապէս խաղաղ էր, սակայն փոքր խումբ մը բաժնուեցաւ անկէ, յարձակեցաւ դրամատուներու եւ վաճառատուներու վրայ, որուն պատճառով ձերբակալուեցաւ 214 հոգի. վիրաւորուեցաւ 16 հոգի, ներառեալ` 13 ոստիկաններ:

Պատմագէտ Ճուն Փըրվիս` հեղինակը կիներու քուէարկութեան իրաւունքի պաշտպան Էմըլայն Փանքհըրսթի կենսագրութեան, կ՛ըսէ, թէ ցոյցը պիտի յիշուի իբրեւ յատկանշական պահ մը` Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ:

«Այն իրողութիւնը, թէ 250 հազար հոգի փողոց իջաւ, ցոյց կու տայ հանրային զգացումներուն տարողութիւնը,- կ՛ըսէ ան:- Սակայն կ՛ենթադրեմ, թէ անիշխանականներու արարքները ստուեր մը ձգեցին անոր վրայ»:

Կոլտսմից համալսարանին ուսանողները թանգարանին տուած են ցուցարարներուն կողմէ գործածուած աւելի քան 1000 որմազդներ, որոնք կը պարունակեն 20-րդ դարու սկիզբը Բրիտանիոյ մէջ կիներու քուէարկութեան իրաւունքը պահանջող, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան տուրքի դէմ բողոք արտայայտող որմազդներու պատկերներ:

Լոնտոնի թանգարանին գլխաւոր պատասխանատուն` Քէյթի Ռոս կը յայտարարէ, թէ ի վերջոյ պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս մը, որ պիտի ներկայացնէ հաւաքածոն:

«Գործածուած խորհրդանշանները շատ անհատական են, անոնք պարզապէս սովորական կարգախօսներ չեն,- կ՛ըսէ ան:- Կը կարծենք, թէ ճիշդ կ՛ընենք, երբ ցուցարարներէն կը խնդրենք որոշել, թէ ի՛նչ պէտք է հաւաքենք»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ապրիլ 1961 )

Յաջորդը

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԵԼՈՎ. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.