Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

August 7, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 5 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Քաշաթաղը իմ տունն է 2012» գործուղումը եզրափակեց իր աշխատանքները: Աւելի քան 100 մասնակիցներ իւրայատուկ հանդէսով մը աւարտեցին ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ  մանկավարժական նոր մեթոտներով թարմացած դաստիարակչական ծրագիրը: Հանդէսը տեղի ունեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցի շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ Ալաշկերտի գիւղապետ Բագրատ Նաւասարդեանի, Մշոյ գիւղապետ Պետրոս Աւետիսեանի, Վանի գիւղապետ Եուրիկ Եղիայեանի, Միջնեվանի քաղաքապետ Մանուկ Մկրտչեանի, Մարզպետի վարչակազմի նախագահի տեղակալ Արտաւազդ Ալեքսանեանի, ինչպէս նաեւ Կովսականի եւ շրջակայ գիւղերէն ժամանած ծնողներու:

Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները ունկնդրելէ ետք բացման խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացաւ աշակերտներէն Նարինէ Հայրապետեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ-ի ոգիով սնած զաւարեանականները 8-րդ անգամ ըլլալով կը գործուղուին հայրենիք, որպէսզի կարենան իրենց ծառայութիւնը հասցնել գագաթնակէտին: Ան ըսաւ. «ՀՅԴ-ն եղած է եւ կը մնայ «Դէպի երկիր» կարգախօսին ռահվիրան»: Հայրապետեան խօսեցաւ հայրենիքին ներկայ դժուար իրավիճակին մասին եւ յատկապէս նշեց նոր մարտահրաւէրները, ինչպէս` ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցումին հարցը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, որ պէտք է ձգտինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մը կերտման` ապաւինելով միայն մեր սեփական ուժերուն:

Հանդէսին ընթացքին աշակերտները ելոյթ ունեցան ասմունքներով, յեղափոխական ու ժողովրդական երգերով եւ ազգագրական պարերով, զորս սորված էին այս գործուղումին ընթացքին: Բեմ բարձրացան նաեւ գիւղապետները` իրենց սիրտի խօսքերը արտասանելու համար: Աւարտին Կովսականի փոխքաղաքապետը յուշանուէր մը յանձնեց զաւարեանականներուն:

Հանդէսը փակուեցաւ «Ելէք հայեր» երգով, որուն յաջորդեց աշակերտներուն կողմէ սրտաբուխ դաշնակցական կանչեր:

 

 

 

Նախորդը

Նրանց Չեն Ներում` Մարդ Լինելու Համար

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.