Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Թրքական Իշխանութեանց Վստահողին Վարձատրութիւնը

August 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանցի 11 առեւանգեալներու ազատ արձակման հարցով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի կողքին թրքական կեղծաւորութեան զոհ գացին նաեւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը: Վերջին զոհը հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանն էր, որ վարչապետ Միքաթիի նման Թուրքիա այցելելով ձեռնունայն վերադարձաւ Լիբանան: Թերեւս նախընտրելի ըլլար Միքաթիի ճակատագիրէն դաս առնելով եւ անոր նման անախորժ կացութեան մէջ չյայտնուելու համար մինչեւ առեւանգեալ քաղաքացիներուն ազատ արձակման մասին հաստատ տեղեկութեանց ապահովումը յետաձգել Թուրքիա նախագահական այցելութիւնը: Սակայն…

Իրավիճակը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար աւելի վիրաւորական դարձաւ, երբ լիբանանցի քաղաքացիները առեւանգած կողմին ղեկավարը յայտարարեց, որ թրքական ոչ մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատար իրեն հետ կապի մէջ մտած է, եւ առեւանգեալները երբեք Թուրքիա չեն գտնուած: Այդպիսով թրքական կողմին դիմակը վերջնականապէս վար առնուեցաւ, անոր կեղծաւորութեան տարողութիւնը ի յայտ եկաւ եւ անոր անվստահելիութիւնը հերթական անգամ փաստուեցաւ:

Սակայն ահա կը հաղորդուի, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Դամասկոսի մէջ առեւանգուած 48 իրանցիներու ազատ արձակման համար դիմած է նոյնինքն թրքական կողմին, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացած է, ինչպէս նախկին պարագաներուն, անոնց ազատ արձակման համար ջանք թափել: Տաւութօղլուի այդ խոստումը բաւարար է` թրքական չակերտեալ ջանքերուն աւարտին մասին գաղափար կազմելու համար:

Թրքական իշխանութեանց միջնորդութեան դիմողներն ու անոնց խոստումներուն հաւատացողները իրենք զիրենք կը դատապարտեն անհեթեթ կացութեան մէջ յայտնուելու: Այդպիսիները միայն յուսախաբութիւն եւ վարկաբեկում կը ճաշակեն: Այդ է անոնց ճակատագիրն ու վարձատրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Երեւան. Բարձրացի՛ր, Բարձրացուր

Յաջորդը

Ամերիկեան «Այզընհաուըր» Օդանաւակիրը Մուտք Գործեց Արաբական Ծոց

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.