Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Յովհաննէս Ծատուրեանը

July 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտով հողին յանձնեցինք մարմինը ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր  եղբօր մը` Յովհաննէս Ծատուրեանին, որ միութեան մէջ ունեցած  է աւելի քան  60  տարիներու գործունէութիւն:

Յովհաննէս Ծատուրեան փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին` իր առաջին քայլերը առնելով սկաուտական մարզին մէջ, մասնակցելով սկաուտական հաւաքներու եւ բանակումներու, ապա եղած է մարզիկ, մարզիչ, հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ, Պէյրութ մասնաճիւղի վարչական, ապա  ատենապետ, հեծելարշաւի  ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ինչպէս  նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ:

Եղած է օրինակելի եւ տիպար մարզիկ եւ լուռ ու մունջ գործունէութիւն տանող վարչական  եղբայր մը:

Ինչպէս ՀՄԸՄ-ի, նոյնպէս ալ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի արխիւները կը վկայեն Ծատուրեան  զոյգ եղբայրներուն` Վարդգէսին եւ Յովհաննէսին  1950-ական եւ 60-ական թուականներուն լիբանանեան հեծելարշաւի մարզին մէջ ունեցած սխրագործութիւններուն, դերին եւ ներդրումի մասին, ինչ որ ինքնաբերաբար կը պարտադրէ, որ  ՀՄԸՄ-ի անունը ոսկեայ տառերով արձանագրուի Լիբանանի հեծելարշաւի պատմութեան էջերուն մէջ :

Հեծիկին հետ եղբայր Յովհաննէս Ծատուրեանին հեքիաթը կը սկսի 1951-ին, երբ սիրողական մարզիկներու յատկացուած  առաջին պաշտօնական մրցումին` Պէյրութ-Տամուր-Պէյրութ  մայրուղիին վրայ ան կը նուաճէ առաջին դիրքը:

1952-ին, այսինքն` ճիշդ 60 տարի առաջ, կ՛անդամակցի ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին` արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ ու վեր պահելով միութեան դրօշը լիբանանեան եւ արաբական մակարդակներու վրայ:

Յովհաննէս Ծատուրեան 1956-ին Լիբանանը կը ներկայացնէ Եգիպտոսի մէջ կայացած մրցաշարքի մը, իսկ 1957-ին տեղի ունեցած միջարաբական խաղերու ան կը հանդիսանայ 5-րդ. դիրք մը,  որ  ցարդ ոչ մէկ լիբանանցի հեծելանւորդ կարողացած է նուաճել:

1960-ին եղբ. Յովհաննէս կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերու մարզիչի պաշտօնը` հոն եւս արձանագրելով նոր մրցանիշ մը, երբ ՀՄԸՄ-ը 5 յաջորդական  տարիներ  կը տիրանայ  Լիբանանի հեծելարշաւի խմբային ախոյեանութեան 1961, 1962, 1963, 1964 եւ 1965 տարիներուն:

Մրցանիշ մը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր:

Իր եւ իր եղբօր` Վարդգէսին ցուցմունքներով ու անոնց մարզումներուն հսկողութեամբ ՀՄԸՄ-ական Հրաչ եւ Վաչէ Ծատուրեան  եղբայրները  Լիբանան հայրենիքը կը ներկայացնեն  Ողիմպիական խաղերուն:

Իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ` իր արձանագրած բեղուն արդիւնքներէն ետք Յովհաննէս  Ծատուրեան կը նուիրուի վարչական գործունէութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ` դառնալով ֆետերասիոնի փոխնախագահ, իսկ 2006-ին կը ստանայ Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի պատուոյ անդամի տիտղոս:

ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զինք կը պատուէ «Ծառայութեան շքանշան»-ով, իսկ 2008-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ձեռամբ կը ստանայ  «Արժանեաց շքանշան»-ը:

Յովհաննէս Ծատուրեանի մահով հեծելարշաւի աշխարհէն ներս ՀՄԸՄ-ական տիտանի մը պատմութիւնն է, որ կ՛աւարտի` առանձին ձգելով մեզ, սուգի մատնելով Լիբանանի հեծելարշաւի մարզը ընդհանրապէս ու իր ընտանեկան պարագաները, հարազատները, բարեկամներն  ու իր պատկանած միութիւնը մասնաւորաբար:

Սիրելի՛ եղբայր Յովհաննէս,

Դուն, որ եղար տիպար մարզիկ եւ միութենական գործունեայ անդամ ` ըլլայ միութեանդ,    ըլլայ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ, քաջ գիտցիր, որ աւանդը փոխանցուած է ապահով ձեռքերու, որոնք կը  քալեն նախորդներուն  գծած  ուղիով, հաւատքով ու տեսիլքով:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:


Նախորդը

Յետմահու Նամակ

Յաջորդը

Յովհաննէս Ծատուրեան` Անշրջելի Ճշմարտութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.