Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յետմահու Նամակ

July 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ

Սիրելի՛ Յովհաննէս ամմօ,

Այս նամակը քեզի կը գրեմ ո՛չ թէ իբրեւ պարտականութիւն, այլ կ՛ուզեմ քեզի ըսել քանի մը բաներ, զորս հաւանաբար պիտի չուզէիր, որ  ըսեմ յատկապէս այն պատճառով, որ երբեք չես փնտռած պաշտօն, փառք կամ շնորհակալական խօսքեր: Ներէ՛ ինծի այս անգամ: Ես կ՛ուզեմ ըսել` «Շնորհակալ եմ»: Շնորհակալ եմ, որ դուն հեծելարշաւի սիրահար էիր, շնորհակալ եմ, որ ախոյեաններու փաղանգին կը պատկանիս, շնորհակալ եմ, որ Ծատուրեան մականունը նոյնացուցած ես ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի պատմութեան, շնորհակալ եմ, որ Վարդգէսին, Հրաչին եւ իմ «ետեւէս վազած ես», ջուր տուած ես, հեծիկին անիւները փոխած ես մրցումներուն եւ փորձերուն ատեն ցուցմունքներ տուած ես, խրատած ես եւ նոյնիսկ ի հարկին, բարկացած ես ու ջղայնացած: Շնորհակալ եմ, որ յատկապէս զիս քաջալերած ես: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ ըսիր. «Եթէ յաղթես, քեզի փինկ-փոնկի ռաքէթ պիտի գնեմ եւ ՀՄԸՄ-ի փինկ-փոնկի ներկայացուցչական խումբին հետ փորձեր պիտի ընես»: Ես 13 տարեկան էի, եւ այս խոստումը կը բաւէր, որ ես լուրջ փորձեր ընէի, նոյնիսկ տանդ մէջ Մհերին հետ փինկ-փոնկ խաղայի մինչեւ ուշ գիշեր` պատրաստուելու համար ԼԵՎԱՄ-ի աւարտական մրցումին: Ես յաղթեցի, եւ դուն խոստումդ յարգեցիր: Շնորհակալ եմ: Թէեւ չշարունակեցի փինկ-փոնկ խաղալ, բայց եւ այնպէս շատ լաւ գիտէիր, թէ «արիւնս» եւ «մականունս» զիս ուրիշ տեղ կը տանէին, իսկ Ծատուրեան ընտանիքին անդամ ըլլալը ա՛լ առաւել կը ճնշէր վրաս: Կարելի չէր ուրիշ մարզաձեւ կիրարկել: ՀՄԸՄ-ի շապիկը հագնիլը եւ անոր անունը բարձր պահելը, ի գին տարբեր զոհողութիւններու եւ արկածներու, աւելի կարեւոր էր, քան` որեւէ այլ նուաճում: Ճիշդ է, որ Մհերը չկրցաւ ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին մաս կազմել, բայց ան հագաւ եռագոյն շապիկը եւ պասքեթպոլի դաշտերուն վրայ ներկայ գտնուեցաւ:

Յովհաննէ՛ս ամմօ, ճիշդ է նաեւ, որ դուն եւ Վարդգէսը չկրցաք մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, բայց եւ այնպէս քու երազդ իրականացուցինք մենք` Հրաչը եւ ես, շնորհիւ քու մարզումներուդ, ցուցմունքներուդ եւ անգնահատելի զոհողութիւններուդ: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1991-ին հայրս հիւանդանոցն էր, դուն ալեհեր մազերովդ քովէս վազեցիր, քաջալերեցիր, հմուտ ցուցմունքներ տուիր, եւ ես որ գրեթէ յոյս չունէի 3 վայրկեան ուշացումս յաղթահարելու, կարողացայ Ֆթրիի բարձրունքները նուաճել, 7-րդ դիրքէն հասնիլ առաջին դիրք, յաղթել մրցումը ու դառնալ Լիբանանի ախոյեան:

Յովհաննէ՛ս ամմօ, հանգիստ եղի՛ր ու մի նեղանար, եթէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երբեմն պարտուին. ես վստահ եմ, որ անոնք քու շունչովդ պիտի շարունակեն մրցիլ: Երբ հիւանդ էիր կը խօսէինք ձեր օրերուն մասին, բաղդատական մը կ՛ընէինք, եւ դուն դրուագներ կը պատմէիր: Հանգի՛ստ եղիր, ամմօ՛, ՀՄԸՄ-ը 7 տարիներու ընթացքին շահեցաւ 4 յաջորդական խմբային ախոյեանութեան եւ 3 անհատական ախոյեանութեան տիտղոսներ: Անոնք նաեւ մաս կազմեցին Լիբանանի ազգային խումբին, ինչպէս դուք ըրած էիք:

Ամմօ՛, խօսք կու տանք Հրաչը եւ ես, որ պիտի շարունակենք քու ու հօրս երթը եւ բարձր պիտի պահենք ՀՄԸՄ-ի դրօշը եւ վառ պիտի պահենք Ծատուրեան ընտանիքին աւանդութիւնը:

Միայն մէկ բան պիտի չկարենամ ընել այլեւս: Երբ արաբները, ընկերներդ, ՀՄԸՄ-ական եղբայրները հարցնեն` «ինչպէ՞ս է Ծատուրը», պիտի չկարենամ զսպել արցունքներս:

Բարի՛ երթ, ամմօ՛, մամային բարեւ ըրէ…


Նախորդը

Յակոբ Գալայճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ական Յովհաննէս Ծատուրեանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.