Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքին Ու Իր Ժողովուրդին Կողքին». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

July 23, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ հանրապետութեան սահմաններէն ներս տիրող տագնապը մնայուն նիւթ դարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան օրակարգին վրայ: Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան ճամբով միշտ իրազեկ կը դառնայ մեր ժողովուրդի իրավիճակին: Անկախ այս բոլորէն, Վեհափառը զանազան առիթներով անցնող տարուան ընթացքին, եւ նոյնիսկ անցեալ շաբաթ, փափաք յայտնեց այցելելու Սուրիա, իր հայրական հոգածութիւնը գործնապէս ցուցաբերելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, մեր համայնքային պատասխանատուները յարմար չնկատեցին Վեհափառին այցելութիւնը: Այսուամենայնիւ, Վեհափառ Հայրապետը միշտ կը յիշեցնէ մեր համայնքային պատասխանատուներուն, թէ ինք ոեւէ ժամանակ պատրաստ է, որպէս հովուապետ այցելելու իր հօտին:

Քանի մը օր առաջ, Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազանին ու ազգային իշխանութեան հետ իր ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.–

ա) Հայ գաղութին ներքին միասնականութեան ամրապնդումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ինչ ալ ըլլան մեր ներքին տարակարծութիւնները կամ զգայնութիւնները, Սուրիայէն ներս ստեղծուած ներկայ մտահոգիչ կացութեան դիմաց մեր համայնքը պէտք է իր միակամութիւնը գործնապէս արտայատէ ու որդեգրէ հաւաքական մէկ կեցուածք` ինչպէս որ էր պարագան լիբանանահայութեան` լիբանանեան տագնապի շրջանին:

բ) Անհրաժեշտ է որ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն կատարուի, նկատի ունենալով երկրէն ներս տիրող տնտեսական տագնապը: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ որպէս Նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ամիսներ առաջ ինքը անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարած է Դամասկոսի մէջ հաստատուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի օժանդակութեան գրասենեակին: Ան թելադրեց որ անմիջապէս կապ պահեն յիշեալ գրասենեակին հետ, հայ ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւն ապահովելու համար:

գ) Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ համայնքային պատասխանատուներ միշտ յիշեցնեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն` առաւելագոյն չափով հեռու մնալ ոչ–ապահով նկատուող շրջաններէն ու խճողուած վայրերէն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ հսկողութիւնը կատարեն մեր հաստատութիւններուն, հայահոծ շրջաններէն ներս:

դ) Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներ, բոլոր կողմերուն հետ մնայուն կապի մէջ ըլլան` հեռու մնալով ցուցական ու քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ:

ե) Բոլոր կողմերուն հետ մեր յարաբերութիւններու ընթացքին մեր մօտեցումը Սուրիայէն ներս տիրող կացութեան գծով պէտք է ըլլայ հետեւեալը.– մեր ժողովուրդը, ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ դուրսը, միշտ երախտապարտ է սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ, որովհետեւ թրքական ջարդերէն յետոյ Սուրիան մեր գաղթական ժողովուրդի զաւակները ընդունեց եւ իր հայրենիքը ու հացը բաժնեց անոնց հետ: Վարչակարգերը մնայուն չեն. մնայունը սուրիական հայրենիքն է, իր ժողովուրդը ու անոր գերագոյն շահերը:

զ) Վեհափառը նաեւ յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ, մեր շրջապատին յիշեցնենք թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայերը Սուրիոյ քաղաքացիներ են ու կը շարունակեն մնալ կապուած Սուրիոյ, տէր կանգնելով իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն, նո՛յնիսկ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ թէ` Սուրիոյ հայութիւնը դէմ է արտագաղթին: Սուրիոյ հայութիւնը կազմակերպուած գաղութ է եւ կը մնայ այդպէս` միշտ սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունենալով բոլոր համայնքներուն հետ:

է) Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ հայ կեանքէն ներս թեմական, համայնքային թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ մնայուն խորհրդակցութիւններ տեղի ունենան բոլոր շրջաններէն ներս, որպէսզի մեր մօտեցումներն ու աշխատանքները ըլլան ներդաշնակ ու կազմակերպ:

ը) Իմանալով Բերիոյ թեմէն ներս տիրող կացութեան բերումով ազգային վարժարաններուն սպառնացող վտանգին` նիւթական գետնի վրայ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան թէ պիտի թելադրէ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն, որ աշխատանք տանին յատկապէս նախկին սուրիահայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու:

Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներ վստահեցուցին Վեհափառ Հայրապետին, որ Սուրիայէն արտագաղթ գոյութիւն չունի: Փաստօրէն` կարգ մը ընտանիքներ մեկնած են Հայաստան իրենց ամառնային արձակուրդը հոն անցնելու եւ ուրիշներ իրենց զաւակները ղրկած են Լիբանան` համալսարանական ուսման համար:

Վեհափառ Հայրապետը եւ Ազգ. Կերոնական Վարչութիւնը կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ կացութեան ու միշտ պատրաստ են իրենց զօրակցութիւնը ու հոգծութիւնը գործնապէս արտայայտելու:

Նախորդը

ՀՅԴ Սարդարապատ Ակումբին Մէջ. Արմէն Արսլանեան Եւ Էտի Քէշիշեան Ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի Հեծելարշաւի Խումբերու 2012 Տարեշրջանի Տարազաւորումը

Յաջորդը

Գալիա Նովենց Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.