Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Ենք` Մեր Ցաւերը. Անսանձները Սանձելու, Անզուսպները Զսպելու Խարազանը Ո՞ւր Է

July 19, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Չենք գիտեր, թէ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան ու ի սփիւռս, ինչպէ՞ս կամ ինչո՞վ պէտք է հպարտանանք` ի տես Ազգային ժողովի երեսփոխաններու վերջին ընտրութեան, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ տարուան մայիսին:

Հարցը այդ ընտրութեանց քննարկումը չէ, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք, այլ` այն «հերոս»-ներուն, որոնք բազմեցան այդ աթոռներուն վրայ, մեծ մասը ըլլալով նախորդ խորհրդարանի անդամներ (իմա` դասարանը կրկնողներ), Հանրապետական կուսակցութեան կամ դաշնակից ուժերու գերակշռող մասնակցութեամբ:

Ասոնք սոսկ խորհրդածութիւններ չեն, ոչ ալ պատահական արձանագրութիւններ, այլ` խօսող ու գործող իրականութիւններ, որոնք կը պատահին օր-ցերեկով, ժողովուրդին սառը հայեացքներուն տակ, ամենայն համարձակութեամբ եւ այլանդակութեամբ:

Կարծես թէ չէր բաւեր այս սակաւապետներուն սանձարձակ եւ անզուսպ վարքագիծը, անոնք կը բռնանան նաեւ անմեղ ժողովուրդին վրայ` մերթ իրենց թիկնապահներով, մերթ իրենց անձեռնմխելիութիւններով, մերթ ալ իրենց իշխանատիրութիւններով:

Ո՞վ կրնայ արգիլել ասոնց այլամերժութիւններն ու ապիկարութիւնները, ո՞վ կրնայ դէմ կանգնիլ անոնց քմահաճութիւններուն ու կամայականութիւններուն, ո՞վ կրնայ հակառակիլ անոնց շահամոլութեան ու մենատիրութեան:

Դէպքերը եւ երեւոյթները ցոյց տուած են` Ո՛Չ ՈՔ, այնքան ատեն որ անոնք կը հովանաւորուին, կը պաշտպանուին կամ կը զօրակցուին:

Ուշագրաւ է, որ Ազգային ժողովի այս «ազգային»-ներուն մեծամասնութիւնը անհաշուելի կալուածներու, շքեղ կառոյցներու, փարթամ առանձնատուներու ու հոյակերտ դղեակներու տէր է (ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ` դուրս), նաեւ ունի իր պանդոկային, ճաշարանային, հանրախանութային կայսրութիւնները:

Թէ` ե՞րբ եւ ուրկէ՞ են այդ բոլորը, ո՞վ գիտէ, ո՞վ կրնայ համարձակիլ հարցնել, ո՞վ կը յանդգնի հաշուի կանչել:

Շատ բնական է, որ այդպիսի զեխ ու ցոփ մթնոլորտի մէջ, վայելող (՞) կողմերը, կ՛ապրին անվայել կեանք մը` անվայելուչ բռնարարքներ պարտադրելով խե՜ղճ եւ անմե՜ղ ժողովուրդին:

Ահաւասիկ այսպիսի տխուր ու դաժան պատկեր մը եւս բարդուեցաւ Ազգային ժողովի «պատկառելի» երեսփոխաններէն մէկու մը շրջանակին մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան չորս սպայ-բժիշկներ մահացու կերպով խոշտանգուեցան երեսփոխան եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի «քաջարի» թիկնապահներէն. խոշտանգուածներէն մէկը` Վահէ Աւետեան, հետագային իր հոգին աւանդեց:

Երեւակայե՜լ. «զայիմ»-ներ իրենք իրենց այնքան լա՜յն իրաւունք տուած են` սպաննելու աստիճան մարդ ծեծելով, համոզուած ըլլալով, որ իրենք անձեռնմխելի են… անպատժելիութեամբ:

Այս դէպքը, բազմակիօրէն, դարձեալ յիշեցնել տուաւ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք պատահած ցաւալի ու դատապարտելի նմանօրինակ այլ գայթակղութիւն մը, երբ Շարլ Ազնաւուր ու ատենի գործող նախագահը պուրակի մը մէջ կ՛ընթրէին, ջաւախահայ մը փորձեց անոնց մօտենալ, որոշապէս միամտաբար, իսկ ատոր «հատուցում»-ը եղաւ բաղնիքին մէջ լաւ «տփոց» մը (քիչ է այս բառը)` պատճառ դառնալով անոր մահուան:

Ո՛վ` ի՞նչ ըրաւ:

Չէ՞ որ Քոչարեանին թիկնապահներն էին:

Ասկէ ամիսներ առաջ, պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Երեւանի քաղաքապետը` Գագիկ Բեգլարեան, անձամբ «տփոց» մը քաշեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի փրոթոգոլի պատասխանատուին, քանի որ համարձակած էր իր կնոջը ըսել, թէ այստեղ քու տեղդ (աթոռդ) չէ:

Ճիշդ է, Բեգլարեան իր այդ խուլիգանութեան համար հրաժարական ներկայացուց, որովհետեւ իր հովանաւորը` Սերժ Սարգսեան, իր վարկը եւ ժողովրդականութիւնը չկորսնցնելու վախէն, այդպէ՛ս պարտադրած էր անոր, բայց, հիմա ի՞նչ, քաղաքապետութեան պատուհանէն հեռացուածը այժմ կառավարութեան դռնէն մուտք գործած է` որպէս նախարար:

Ի՜նչ հեգնանք:

Հիմա, երբ Ռուբէն Հայրապետեան մեղայագիրով մը կը հրաժարի իր խորհրդարանական անդամակցութենէն, ո՞վ ըսաւ, թէ վաղը, ան ալ ուրիշ դռնէ մը մուտք պիտի չգործէ, այնքան ատեն որ գործող նախագահին սակաւապետներէն մէկն է, Հանրապետական կուսակցութեան կարկառո՜ւն անդամ:

Սխա՞լ է:

Չի՞ կրնար պատահիլ այս մէկն ալ:

Բայց այնքա՜ն նախընթացներ կան, որոնց հակառակը կարելի չէ ապացուցել:

Ի վերջոյ, տագնապեցնող հարցումը հետեւեալն է. ճի՞շդ է այս ռազմավարութիւնը, ընդունելի՞ է, երբ երեսփոխաններ կամ պետական գործիչներ անկախ Հայաստանը դարձուցած են (կ՛ուզեն դարձնել) իրենց կթան կովի ագարակը…

Պէյրութ,  յուլիս 2012

Նախորդը

Հանքային Ջուրը` Դարման

Յաջորդը

Որոմնացաններու Թիրախը` Յաջողութիւնդ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.