Հանքաւանի մէջ իր կատարած ուսումնամարզական հաւաքին զուգահեռ, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը նոյն վայրին մէջ բարեկամական մրցում մը կատարեց Շիրակ-2 խումբին հետ: Անոնց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Հաւաքականին կոլը նշանակեց Նարեկ Ասլանեան:
Յառաջիկայ 20 յուլիսին 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ բարեկամական այլ մրցում մը` այս անգամ մրցելով Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ:


