«Եուրոփա Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները:
Փորթօ, Վիարէալ եւ Պենֆիքա, որոնք երթին, իրենց դաշտերուն վրայ տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին, թէեւ հանգիստ մրցումներ ունին կատարելիք, սակայն հիւրընկալ կազմերը իրենց կարգին անոնց նման կրնան նմանօրինակ արդիւնքներ արձանագրել:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).
ԺԱՄ
Սպարտակ Մոսկուա – Փորթօ (1-5) 20:00
Պրակա – Տինամօ (Քիեւ) (1-1) 22:05
Թվենթէ – Վիարէալ (1-5) 22:05
Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն – Պենֆիքա (1-4) 22:05


