
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տենիս Լավանիը կ՛ուզէ, որ Սամուէլ Էթու վերստին ստանձնէ խմբապետի պաշտօնը, երբ աւարտի անոր կախակայումը:
Էթու նախորդ նոյեմբերին ութ ամիսով կախակայուեցաւ, երբ ան չուզեց մասնակցիլ Ալճերիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին, որովհետեւ խոստացուած նիւթական պարգեւները չստացաւ:
Ֆրանսացին ըսաւ, որ նոր խմբապետին անունը պէտք է շուտով յստականայ, նախքան Քէյփ Վերտ կղզիներուն (սեպտեմբերին եւ հոկտեմբերին) դէմ տեղի ունենալիք մրցումները, որոնք կ՛իյնան 2013-ի ափրիկեան երկիրներու բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լավանիը իր դժգոհութիւնը արտայայտեց նաեւ իր տարեկան գանձելիք գումարին գծով (245 հազար ամերիկեան տոլար), որ ցարդ չէ գանձած:


