Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. Լուսարձակ` 2010 Եւ 2011 Տարիներուն Լիբանանահայ Հեղինակներու Հրատարակած Գիրքերուն Վրայ

July 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի Հայ տպագրութեան 500-ամեակի յանձնախումբը, հաւատարիմ իր յանձնառութեան, «Լիբանանահայ մամուլի գործիչներու մեծարանք»-ի ձեռնարկէն եւ «Լիբանանահայ մամուլի ցուցահանդէս»-էն ետք, հինգշաբթի, 12 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպեց 500-ամեակի հանդիսութիւններէն երրորդը` նուիրուած նախորդ 2 տարիներուն լիբանանահայ 71 գրողներու, խմբագիրներու, թարգմանիչներու եւ նկարազարդողներու հեղինակած 108 գիրքերուն:

Համալսարանի «Հերիթէյճ» պարտէզին մէջ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, լրագրողներ, ուսուցիչներ եւ գրասէր ընտրանի մը:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերեճեան եւ ներկայացուց այս ձեռնարկին բնոյթը, որ իր տեսակին մէջ երկրորդն է 2010-ի նմանատիպ ձեռնարկէն ետք, ապա բացատրեց, թէ ի՛նչ սկզբունքով ու առաջադրանքներով գործած է յանձնախումբը հեղինակներու ընտրութեան ու դասակարգման համար: Ապա, Մահսերեճեան ներկայացուց օրուան բանախօս վեր. Յովհաննէս Սվաճեանը:

Վերապատուելին իր խօսքին սկզբնաւորութեան ներկայացուց գիրքին անցած դարաւոր ճանապարհը եւ արժեւորեց անոր դերը բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդներու հոգեմտաւոր զարգացումին համար: Ապա ան անդրադարձաւ գիրքի եւ ընթերցանութեան վրայ արդի ճարտարագիտութեան գործած ազդեցութեան` նկատել տալով, որ փոխանակ «չընթերցողը» այպանելու, ջանք պէտք է թափել ընդհանրացնելու գիրքի ընթերցումը, «այնպէս որ ատիկա աւելի գրաւիչ ըլլայ համացանցի/ «Ֆէյսպուք»-ի ժամանցի պահէն»: Վերապատուելի Սվաճեան նշեց, որ «մեր հարցը ե-գիրքի երեւոյթը չէ, այլ` ընթերցանութեան անկումն է, որուն մէջ իրենց բացասական բաժինը ունին նաեւ` երբեմն ներկայ գիտական միջոցները, որոնք կը ջանան շատ անգամ ստեղծել անողնայար սերունդ մը, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ զայն առաջնորդելը` առանց խոչընդոտի, աւելի հեզասահ ըլլայ անոր ապրանք վաճառելը` առանց դժուարութեան եւ աւելի հանգիստ` անոր վրայ անգոյն մշակոյթ պարտադրելը` արթուն եւ քննական մտքի բացակայութեան»: Ան Հայկազեան համալսարանի այս ձեռնարկը նկատեց գնահատելի եւ կոչ ուղղեց աշխատելու այնպէս,  որ «գործնական գնահատողը գրասէր եւ աշխուժ ընթերցողը ըլլայ»:

Տուտուկահարներ Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեաններու Աշուղ Ճիւանիի «Ձախորդ օրեր»-ու կատարումէն ետք, տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին Սոնիա Սիսլեան ներկայացուց լուսարձակի տակ առնուած գիրքերն ու անոնց հեղինակները: Ցուցադրութեան առընթեր, ներկայ հեղինակները, ձեռամբ յանձնախումբի անդամներուն, ստացան շնորհաւորական գիրեր` ստորագրուած համալսարանի նախագահ վեր. դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ:

Աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սարգիս Նաճարեան` յայտնելով ներկայ հեղինակներուն շնորհակալութիւնը եւ գնահատելով համալսարանին այս նախաձեռնութիւնը:

Հուսկ, համալսարանի նախագահին (որ երկրէն կը բացակայէր) խօսքը կարդաց դոկտ. Արտա Էքմեքճի: Վեր. Հայտոսթեան ողջունելով ներկաները կը շնորհաւորէր հեղինակներուն յամառ ու եռանդուն աշխատանքը:

Հայկազեան համալսարանի կոչումը նկատելով նաեւ հայագիտութեան գնահատումը` անոր բազմաբովանդակ սահմանումով, վերապատուելին իր խօսքին մէջ կը հաստատէր, որ «այսօր յիշուած ամէն մէկ գիրք մեզ քայլ մը առաջ կը տանի այդ գրականագիտական մշակութային ջանքին մէջ, եւ կը մաղթեմ, որ հոգեպէս ամէն մէկ հեղինակ քայլ մը յառաջ երթայ իր մտաւորական ու հայանպաստ աշխատանքին մէջ: Ձեր բոլորին վարձքը կատար, անապատանման դաշտի դալար մշակներ»:

Հանդիսութեան աւարտին առնուեցաւ խմբանկար եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու գիրքերու վաճառք եւ մակագրութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք 2012

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.