Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպումներուն Ծիրին Մէջ Արմէն Իւրնեշլեան Դասախօսեց «Ազգային Հիմնախնդիրները Սփիւռքահայ Թատրերգութեան Մէջ» Նիւթին Շուրջ

July 13, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին  չորեքշաբթի, 11 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  ընթերցման երեկոյի նոր  հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ` ներկայութեամբ մշակութասէր ու ընթերցասէր ազգայիններու եւ «Բագին»-ի ընտանիքին բարեկամներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունելով ներկաները յայտնեց, որ շեղելով ընթերցման  հանդիպումի քննարկած նիւթերէն` այս երեկոյ պիտի կատարենք «սփիւռքահայ թատրոնի մերձեցման փորձ»` անդրադառնալով «Ազգային  հիմնախնդիրները սփիւռքահայ թատրերգութեան մէջ» նիւթին: Ապա ան ներկայացուց  օրուան բանախօս` Արմէն Իւրնեշլեանը, որ ծնած է Պէյրութ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1992-ին ստացած է մագիստրոս արուեստից  վկայականը «գերազանց» գնահատականով  Երեւանի պետական համալսարանի  բանասիրական բաժանմունքէն: 1992-1996-ին Իւրնեշլեան վարած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան  միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը:  Ժամանակաւոր դասախօսի հանգամանքով  երբեմն կը դասախօսէ  Հայկազեան համալսարանին մէջ` դասաւանդելով  «Սփիւռքահայ գրականութիւն» եւ «Հայ  գրականութեան պատմութիւն» նիւթերը:  2011-ին Իւրնեշլեան Երեւանի պետական համալսարանէն կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանը` պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը սփիւռքահայ թատրերգութեան մասին: 2001-էն ի վեր ան  անդամ  է «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի խմբագրական կազմին: Իսկ 2002-էն ի վեր կը  վարէ  ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային  միութեան ատենապետի պաշտօնը:

Ապա խօսք առաւ Արմէն Իւրնեշլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց  հայ թատրոնի հիմնական հանգրուանները` անոր սկիզբը վերագրելով 1776 թուականին: Կեդրոնանալով գլխաւորաբար սփիւռքահայ թատրերգութեան վրայ` Իւրնեշլեան ընդգծեց, որ ազգային, քաղաքական ու Ցեղասպանութեան եւ աւելի ուշ` ձուլումի նիւթերը հիմնական տեղ կը գրաւեն արծարծուած նիւթերուն մէջ: 1776-ին  Մխիթարեաններուն կողմէ սկիզբ առած թատրերգութիւնը կ՛արծարծէր պատմական նիւթեր: Սուլթան  Համիտի օրով արգիլուելէ ետք 1908-ին վերստին կ՛արտօնուի հայ թատրերգութիւնը, որ «սակայն չունէր նախկին փառքն ու  փայլքը»: Իւրնեշլեան մանրամասնօրէն թուեց սփիւռքահայ թատրերգութեան գլխաւոր դէմքերը, նիւթերն ու թատերագիրները: 1920-30-ական թուականներուն թատրոնին միջոցով Եղեռնի «ցաւ»-ը կը փոխանցէին հայ թատերագիրները: Իւրնեշլեան յայտնեց, որ ինք մեծապէս ազդուած է տոքթ. Բաբգէն  Փափազեանի «Թատրերգութեան արուեստը» գիրքէն: Նմանապէս` Հրանդ  Մարգարեանի 1995-ին գրած «Հեթում արքան», որ  պատմական նիւթով դաստիարակչական ուղղակի պատգամներ կը փոխանցէ: Ան իբրեւ օրինակ թուեց բազմաթիւ պատմական թատրերգութիւններ, ինչպէս` «Ստեփանոս Սիւնեցի» եւ այլն` մեծապէս գնահատելով Յակոբ եւ Վահէ Օշականներու գործերը, Երուանդ Հայրապետեանի «Անմահների երթը», Վաչէ  Ատրունիի «Անաւարտ սկիզբը», Վահէ Օշականի «Նոր արմատը» եւ այլն` մաղթելով, որ անոնք եւս բեմականացուին: Զեկուցման աւարտին Արմէն Իւրնեշլեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Այս գծով արծարծուեցան զանազան կարծիքներ ու հարցադրումներ, մտահոգութիւններ: Առաջարկուեցաւ թատրոնի մասին յատուկ դասապահեր որդեգրել հայկական վարժարաններու կրթական ծրագիրներուն մէջ` գէթ շաբաթական հերթականութեամբ:

 

Նախորդը

Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքներ. Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան – Հիմնարկին Մասին Զեկուցեց Հայկ Դեմոյեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Իր Ընթացքը Կը Գտնէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.