Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերադարձ» (Հեղինակ` Վահան Զանոյեան)

July 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Երեւանի մէջ «Էդիթ պրինտ» տպարանէն լոյս տեսաւ Վահան Զանոյեանի «Վերադարձ» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կը բաղկանայ 96 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 16 քերթուածներ, որոնք տպուած են նոյն հատորին մէջ թէ՛ մեսրոպեան եւ թէ՛ ներկայ Հայաստանի մէջ որդեգրուած ուղղագրութեամբ:

Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ Խորհրդային Միութեան վարչակարգի տապալումէն ետք յառաջ եկաւ քաղաքական նոր իրադարձութիւն մը, երբ Հայաստան վերագտաւ իր անկախութիւնը:

Ակնարկելով պատմական այս երեւոյթին, Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ իր սիրտը լեցուեցաւ անհուն ուրախութեամբ: Թէ` այս հոգեվիճակին անմիջական դրսեւորումն է «Վերադարձ» խորագրեալ երախայրիք քերթողագիրքը, որուն հիմնական ենթահողը կը հանդիսանայ հայրենի բնաշխարհը` իր ձորերով ու դաշտերով, իր ծաղկագեղ բնութեամբ եւ հինաւուրց իր վանքերովն ու հոյակերտ բերդերովը:

Սոյն գործով հեղինակը կ՛արտայայտէ իր ամենաջերմ զգացումները հայրենիքի հանդէպ այն խոր գիտակցութեամբ, թէ Հայաստան ոգեղէն յատկութիւններով օժտուած տեսիլք մը չէ այլեւս, որուն կը ցանկար հայրենաբաղձ հայու մշտամորմոք կարօտով, այլ կենդանի եւ հոգեհաղորդ իրականութիւն է, որուն օրհնաբեր ներկայութեամբ կը հրճուի ամէն վայրկեան…

Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ Հայաստան երազային վայելչութեամբ օծուն` իր դրախտավայրն է, զոր կ՛երազէ անքուն սիրահարի մը պէս: Ահա թէ ինչո՛ւ ափսոսանքով կը վերյիշէ իր կեանքի այն թանկագին տարիները, որոնք կորսուեցան հայրենի բնաշխարհէն հեռու, օտար ոստաններու մէջ: Ահաւասիկ այս մտատանջութեամբ կ՛ըսէ.

«Իմացիր որ տանջողն ինձ
անցեալը չէ քո թաքուն
այլ կեանքիդ մաս չկազմած
տարիները իմ կորած
քո անցեալից բացակայ
ժամանակը իմ անդարձ»

Արդարեւ, 1989-ին Զանոյեան կու գայ Հայաստան, ուր կը կերտէ իր հարազատ օճախը: Ուրախ է ան այն իրողութեամբ, որ իր հայրենիքին «գոհարազարդ երկնքի տակ» կ՛ըմբոշխնէ Վայոց Ձորի խորհրդաւոր լռութիւնը, հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը, հայրենի ծխաններէն բարձրացող ծուխը եւ սրբախորհուրդ այն իմացումները, որոնք դարերէ ի վեր եղած են անբաժան երեւոյթները մեր դարաւոր անցեալի ոգեղէն իրականութեան…

Հեղինակը «Վերադարձ» կոչած է իր քերթողագիրքը այն ըմբռնումով, որ հայրենի հողին վրայ, անկախութենէն ետք, սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ եղած շփումներու պատճառով տեղի կ՛ունենայ «լեզուներու, գաղափարներու, կեցուածքներու, մտածելակերպերու, կենցաղներու բախումը»: Կ՛ըսէ, թէ այդ բախումը իր լեզուական, ոգեկան եւ զգացական այլազան դրսեւորումներով կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Իմացական հակադիր այս գաղափարներուն արտայայտիչն է Վահան Զանոյեան…

Հեղինակին յաջորդ գործը կը կոչուի «Եզրէն դուրս» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ լոյս տեսաւ 2011-ին, Երեւանի «Էդիթ պրինտ» տպարանին մէջ: Սոյն հատորը կը բաղկանայ 200 փոքրակազմ էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 27 քերթուածներ:

Յիշեալ գործը համադրոյթն է սիրային եւ խոհական ապրումներու, որոնք կը բացայայտուին բազմերանգ պատկերացումներով:

Այսպէս, ըստ հեղինակին, կեանքը «ըլլալ, չըլլալ»-ու նման բախտորոշ եւ կենսական իմաստ ներկայացնող հարցական մը չէ միայն, այլ բարոյական գիտակցութեամբ զսպանակուած հանելուկ մըն է նաեւ, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.

«Ապրիլ անմեղ
         ու կիսկատար
կամ մեղաւոր
         ու կատարեալ…»:

Վահան Զանոյեան կը սիրէ ներկայացնել շրջապատի հակադիր երեւոյթները` իրենց համապատասխան յատկութիւններով:

Այս յղացքով, «Հոգիիդ եզրին…» եւ «… Ու եզրէն անդին» խորագրեալ զոյգ քերթուածներով հեղինակը կ՛անդրադառնայ այն իրողութեան, թէ գաղտնիքները ունին երկիմաստ դրութիւն, որոնք կը բնորոշուին թէ՛ բացասական եւ թէ՛ դրական յատկութիւններով:

Ըստ Զանոյեանի, կու գայ պահ մը, երբ կ՛արգելափակուիս գաղտնիքներուդ մէջ, որոնք կը կաշկանդեն ու կ՛առանձնացնեն քեզ, ու երբ հոգիիդ ափերէն կը նայիս հեռուն, ամէն բան օտար եւ անծանօթ կը թուի քեզի: Բացասական այս երեւոյթին առընթեր, գաղտնիքներն են դարձեալ, որ կ՛ազատագրեն քեզ, կ՛ըսէ Զանոյեան, ու կը թելադրէ քեզի, որ պաշտպանես զանոնք եւ ըլլաս գաղտնապահ այն մտատեսութեամբ, թէ`

«տկարներո՜ւնն է
           խոստովանանքը
անոնք որ չունին
ոգին տոկալու
           ոգին ըլլալո՛ւ
եւ ընդունելու
ճակատագիրը իրենց ստեղծած
ծանր սուտերուն
           … ու գաղտնիքներուն…»:

Արդարեւ, Զանոյեան կ՛ապրի ինքնաբաւ գոհունակութեամբ, առանց երբեք հայցելու մխիթարութիւն եւ սփոփանք մարդոցմէ: Իր միակ ձգտումն է անձնատուր չըլլալ տխրութեան, այլ` ենթարկուիլ միայն սիրոյ ձգողական ուժին…

Օտար հորիզոններու տակ երկար ժամանակ թափառելէ ա՛լ յոգնած` Վահան Զանոյեան կը յանգի այն յուսադրիչ եզրակացութեան, թէ պէտք է վերադառնայ հայրենիք` կերտելու համար այնտեղ իր առաջին գողտրիկ տունը:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նոյեմբեր 2011
Պէյրութ

Նախորդը

Սերնդափոխութեան Հրամայականը Եւ… Անյարմար Դամբանականներ

Յաջորդը

«Ձուկը Գլուխէն Կը Հոտի»… (Երբ Հայաստանի Նախագահի Մեծահարուստ Կուսակիցին Թիկնապահները Ծեծի Տակ Կը Սպաննեն Զինուորական Հիւանդանոցի Բժիշկը)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.