Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Խրատ Մը

July 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ

Սուրիա եւ Թուրքիա երկու դրացի երկիրներ են, որոնց սահմանին երկարութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս 850 քիլոմեթրի: 17 ապրիլ 1946¬ին Սուրիա անկախացաւ ֆրանսական տիրապետութենէն: Մինչեւ 2000 թուականները, Սուրիա եւ Թուրքիա պետական մակարդակով պաշտօնական յարաբերութիւններ գրեթէ չունէին. 2000¬ի սկիզբը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական կառավարութեան գլուխը անցաւ իբրեւ վարչապետ: Ան ձեռք երկարեց իրեն դրացի պետութիւններուն, նաեւ` Սուրիոյ: Սուրիա ընդառաջեց Թուրքիոյ առաջարկին, բարձր մակարդակով պետական պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատի, այցելեցին Թուրքիա: Անոնք շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացան թրքական պետութեան կողմէ: Տեղի ունեցան բարձր մակարդակի ժողովներ: Թրքական կողմը փոխադարձեց նախագահ Ասատի այցելութեան` Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութեան մը այցելութեամբ: Այսպիսով սկսան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Տրուեցան իրերայաջորդ այցելութիւններ երկու երկիրներուն միջեւ, կնքուեցան շարք մը համաձայնագրեր, աշխուժացաւ առեւտուրը, ջնջուեցաւ այցեգիրի դրութիւնը, անձնաթուղթը բաւարար եղաւ երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկի: Նախագահ Պաշշար Ասատ դարձաւ Էրտողանի մտերիմ եւ սիրալիր բարեկամը: Հազիւ սկսաւ Սուրիոյ տագնապը` մարտ 2011¬ին, ակնթարթի մը մէջ թրքական պետութիւնը փոխեց իր կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ: Նախագահ Պաշշար Ասատ նկատուեցաւ գէշ, ոճրագործ, խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բացող եւ շարք մը այլ ամբաստանութիւններ ուղղուեցան անոր:

Մէկ օրէն միւսը Սուրիան եղաւ Թուրքիոյ ամէնէն ոխերիմ թշնամին: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր հողերուն մէջ սկսաւ մարզել հրոսակային խումբեր, սուրիացի ընդդիմադիրներուն սկսաւ ապահովել ամէնէն արդիական ռազմամթերք, զէնք, գնդացիր, ռումբ, աւերիչ պայթուցիկներ եւ այլն: Այս հրոսակախումբերը իր հողերէն սկսաւ ուղարկել Սուրիա` ապօրինի  միջոցներով: Այս հրոսակախումբերուն անդամները Սուրիոյ մէջ կը ջարդեն, կը քանդեն, կը փշրեն ամէն ինչ, կ՛ականահարեն ինքնաշարժներ, տուներ կը թալանեն, խաղաղ ապրող ընտանիքի անդամները կը սպաննեն ամէնէն վայրագ միջոցներով` կացիններով, դաշոյններով, սուր երկաթներով, գործադրելով սադայէլական միջոցներ: Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա առաքուած անձերը իրենց պարտականութիւնը աւարտելէ ետք կը վերադառնան Թուրքիա, որպէսզի ուրիշ խումբեր գան ու իրենց սկսածը շարունակեն:

Ա՛յս է թուրքին բարեկամութիւնը, իր վերաբերումը ամէնէն մտերիմ բարի դրացիին նկատմամբ: Թուրքին համար մէկ օրուան մէջ հսկայական փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի, եւ բարեկամը ոխերիմ թշնամի կ՛ըլլայ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Թուրքիա երթալ իբրեւ զբօսաշրջիկ, առեւտրական կամ այլ պատճառներով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ ընելու, պէտք է լաւապէս գիտնան այս իրողութիւնները եւ ճանչնան թուրքը: Այս մասին մտածող եւ նման ծրագիրներ մշակող լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ (նախարար, երեսփոխան եւ այլն) եւս պէտք է զգաստ ըլլան ու գիտնան թուրքերուն իսկական պատկերը: Նախքան նման քայլեր առնելը` անոնք պէտք է գիտակցին, թէ կարելի չէ հաւատալ Թուրքիոյ խոստումներուն, ուստի պէտք է շատ լաւ սերտեն Սուրիոյ տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը` բոլոր կողմերով ու հանգամանքներով: Պէտք է տեսնեն, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս մէկ օրուան մէջ կը փոխէ իր բարեկամները եւ իր երէկուան բարեկամը այսօր կը վերածուի ոխերիմ թշնամիի: Թուրքիոյ վաղեմի բարեկամ Սուրիան եւ մտերիմ Պաշշար Ասատը միայն 24 ժամուան մէջ արդէն այլակերպուած էին եւ վերածուած` թշնամիներու: Ասիկա բաւական ցայտուն օրինակ եւ փաստ է բոլորին:

Պէտք է բոլորը իրազեկ ըլլան, թէ կարելի չէ վստահիլ Թուրքիոյ, որովհետեւ ան բարեկամ չունի, անմիջապէս կը փոխէ իր խօսքը, գոյնը եւ կեցուածքը` իր շահերուն եւ նպատակներուն համաձայն:

 

 

 

Նախորդը

Խորհրդաւոր Յայտնաբերումներ. Աշխարհը` Գունաւոր Մատիտներով… (Բ.)

Յաջորդը

Արուեստաբան Լեւոն Չուգասզեանի Ծննդեան 60-Ամեակի Առիթով. Կեանքի Եւ Գիտական, Մանկավարժական, Մշակութային, Հասարակական Գործունէութեան Ուրուագիծ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։