Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշանով Պարգեւատրուեցան Անի Գալուստ Եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան

July 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի երէկ` հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Ս. Գրիգորի ասպետի Քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Անի Գալուստ եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Հանդիսութեան ներկայ էին լիբանանահայ հոգեւոր պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հայր Գաբրիէլ Թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, «Քարիթաս»-ի նախագահ հայր Սիմոն Ֆատտուլ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, ընտանեկան պարագաներ եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութիւն:

Տուչութեան արարողութեան պաշտօնական բացումը կատարեց Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ պարգեւատրեալները անշահախնդիր կերպով ծառայեցին եկեղեցւոյ եւ ազգին: Ան յոյս յատնեց, որ նորերը եւս հետեւին Անի Գալուստի եւ Ռաֆայէլ Ումուտեանի ուղիին:

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւոր արարողակարգ, որմէ ետք խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ պարգեւատրեալներու վաստակն ու անձնուէր գործունէութիւնը արդիւնքն է պարգեւատրեալներու համոզումին` շնորհիւ ենթականերու հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան: Հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը պարգեւատրեալներուն ցուցաբերած յարատեւ եւ անշահախնդիր զոհողութիւններու արտայայտութիւնն է:

Պենետիկթոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի կոնդակի ընթերցումին յաջորդեց շքանշաններու տուչութիւնը:

Այս առիթով, խօսք առաւ Անի Գալուստ, որ նշեց, թէ առանց նուիրագործութեան կեանքը կը դառնայ իմաստազուրկ եւ առանց նպատակի ու սկզբունքներու մարդը կը դատարկուի իր էութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ, իր կողակիցին եւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր աշխատանքին, զօրակցեցան եւ մասնակից դարձան մարդկութեան ծառայող ծրագիրներուն:

Պարգեւատրեալը ըսաւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչի ուղիին հետեւելով պիտի շարունակէ խաւարին դէմ լուսաւորման առաջնորդող ճանապարհը: Անի Գալուստ յայտնեց, որ այս շքանշանը ինքնաարժեւորման եւ ինքնաքննարկման առիթ է, քանի որ ինք տակաւին շատ պարտականութիւններ ունի կատարելիք:

Երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետի պատգամէն մէջբերում կատարելով` Ռաֆայէլ Ումուտեան յոյս յայտնեց, որ գործակցաբար, յարգանքով, գաղափարներու փոխանակումով եւ կազմակերպուածութեամբ կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել դժուար մարտահրաւէրները եւ արձանագրել ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ:

Ումուտեան ըսաւ, որ շքանշանը պէտք է ըլլայ իր անձին ընդմէջէն  վարձատրութիւն մը իր բոլոր աշխատակիցներուն, երիտասարդական  օրերէն մինչեւ այսօր, կենդանի կամ հանգուցեալ եւ բոլոր հաստատութիւններու գործընկերներուն, որոնք սատար կանգնեցան եւ օժանդակեցին: Իր կարգին, Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, իր ընտանիքին եւ շրջապատին:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ: Պաշտօնական արարողութենէն ետք, պարգեւատրեալները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:

 

 

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Շիրակ Միակն Ըլլալով Յաղթեց. Փիւնիկ Եւ Գանձասար Պարտութիւն Կրեցին

Յաջորդը

100-Ամեակի Մարմինի Ժողով` Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.