Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսին, Նասիոնալ դաշտին վրայ (Վարշաւա, Լեհաստան) տեղի ունեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան երկու զօրաւոր խումբեր` Գերմանիա եւ Իտալիա:
Մրցումին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 58 հազար հանդիսատեսներ, իրաւարարն էր ֆրանսացի Սթեֆան Լանոյ:
Իտալիա ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գերմանիան, որ կը նկատուէր տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն` մրցաշարքին ընթացքին իր ունեցած բացառիկ եւ լաւ խաղարկութեան պատճառով:
Պարագան տարբեր էր սակայն երէկ` նկատի ունենալով, որ Իտալիա իր խօսքը ունէր ըսելիք հզօր Գերմանիոյ դէմ:
Իր ունեցած բաւական լաւ եւ բացառիկ խաղարկութեան շնորհիւ, Մարիօ Պալոթելլի կերտեց Իտալիոյ յաղթանակը` տուպլէ մը իրագործելով 20-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, թէեւ Մեսութ Էօզիւլ փենալթիով կոլ մը նշանակեց (92-րդ), սակայն ատիկա կացութենէն բան չփոխեց եւ անոր կազմը ձախողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:
Եթէ Պալոթելլի իր նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ կերտեց իր կազմին յաղթանակը, անդին գերմանացիներուն կողմէ կազմակերպուած յարձակումները եւ անոնց յառաջխաղացքը կասեցնողը հանդիսացաւ Իտալիոյ զօրաւոր բերդապահը` Ճիանլուիճի Պիւֆոն, որ եղաւ անդրդուելի (բացի իր բերդին մէջ մուտք գործած փենալթիէն) եւ յաջողեցաւ ուրախութիւն չպատճառել Գերմանիոյ մարզիկներուն:
Թէեւ Գերմանիա աւելի յարձակումներ կազմակերպեց, սակայն Իտալիա իրեն ներկայացած հազուադէպ առիթները յաջողեցաւ առաւելագոյն ձեւով օգտագործել եւ գրաւել բերդապահ Մամուէլ Նէօյըրի բերդը:

Գերմանիա, որ գնդակին տիրապետեց 54 տոկոսով, յաջողեցաւ ձեռք ձգել 14 քորնըր, մինչ Իտալիա` ոչ մէկ: Ինչ կը վերաբերի կատարուած ֆաուլերուն, Իտալիա կատարեց 19 ֆաուլ, մինչ Գերմանիա` 13: Իտալիոյ մարզիկները ստացան չորս դեղին քարտ, մինչ Գերմանիա միայն մէկ:
Այսպիսով, երեք անգամ տիտղոսին տիրացած Գերմանիա դարձեալ ձախողեցաւ յաղթել Իտալիոյ, նախապէս այլ կարեւոր մրցաշարքերու ընթացքին իր ունեցած եօթը ձախողութիւններուն նման:
Մրցաշարքին աւարտին այժմ մնացած է միայն մրցում մը, որուն ընթացքին տիտղոսակիր Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Իտալիան կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


