Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ նշեց, թէ քոլեճը իր այս շրջանաւարտներով կը ներկայացնէ իր հունձքը, եւ ապագայ շրջանաւարտներուն մօտ առկայ են փայլքն ու որակը, ինչ որ յուսատու մթնոլորտ կը յառաջացնէ: Ճենտերեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, որոնք նեցուկ կանգնած են քոլեճի գործունէութեան եւ աշխատանքներու ծաւալման:

Ապա շրջանաւարտ Բալիկ Լատոյեան (դաշնակ) նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն, որմէ ետք Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ) եւ Սարգիս Հալլաճեան (դաշնակ) նուագեցին Վիենիաւսքիի «Փոլոնեզ»-ը: Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակով նուագեց Շոփենի ստեղծագործութիւններէն հատուած մը, մինչ Բալիկ Լատոյեան եւ Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ) միասնաբար նուագեցին Պաղտասարեանէն նուագ մը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինի աւարտին Մարինէ Հալլաճեան, Դալար Մանճեան, Նարէ Աշգարեան եւ Նարօտ Սուրճեան ջութակներով նուագեցին Վիվալտոյէն ստեղծագործութիւն մը. նուագողներուն դաշնակով կ՛ընկերակցէր Ռուպինա Զաքարեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ սենեկային նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Նուագախումբը նուագեց չորս ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մէկն էր Կոմիտաս-Ասլամազեանի «Կաքաւի երգը»: Սենեկային նուագախումբի որակաւոր ելոյթը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Եօթնամեայ երաժշտական ծրագիրը ամբողջացնող աշակերտները` Սելին Սաքր, Սթեֆանի Սաքր, Սինթիա Շամուն, Ռիթա Տիգրանեան, Սիրուն Արծրունի,  Անի Գասպարեան եւ Աւետիս Տագէսեան ստացան իրենց հաստատագիրները, մինչ կրթական տասնամեայ ծրագիրը ամբողջացուցած շրջանաւարտ Բալիկ Լատոյեան ստացաւ իր վկայականը:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ Համազգայինը իր հիմնադրութեան օրերէն ամբողջովին կը ծառայէ իր առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ երաժշտական քոլեճը հայեցի կրթութիւն կը փոխանցէ աշակերտներուն` անոնց մէջ նուրբ եւ գեղեցիկ ճաշակ զարգացնելով, ինչ որ կը նպաստէ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման: Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն եւ «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, որոնք բարոյական բարերարներու կողքին կանգնելով կանգուն կը պահեն միութեան գործունէութիւնը:

Ամավերջի հանդիսութեան պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Եուրօ-2012. Իտալիա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Տիտղոսին Գլխաւոր Թեկնածու Նկատուող Գերմանիան` Շնորհիւ Պալոթելլիի Տուպլէին

Յաջորդը

Կեդրոնական Դրամատան Մէջ Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով. «Լիբանան Զերծ Է Շրջանային Իրադարձութիւններու Ժխտական Հակազդեցութեան Վտանգէն» Յայտնեց Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.