Վլատիմիր Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի բանակցութիւններուն պիտի քննարկուին Հայաստանի եւրոպական ձգտումներուն եւ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի հարցերը, երէկ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:
Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական միութեան անդամակցութեան միջեւ Երեւանի կողմնորոշուելու նիւթին անդրադառնալով` Քրեմլինի բանբերը նշած է, թէ «տնտեսական առումով երկու աթոռի վրայ նստելու ցանկութիւնը կա՛մ պէտք է հաստատուի, կա՛մ մերժուի որոշակի ընտրութեան ճանապարհով, քանի որ կողմնորոշումը դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ միաժամանակ Եւրասիական տնտեսական շրջանակին մէջ համարկման գործընթացը շարունակելու ցանկութիւնը չեն համապատասխաներ իրար»:


