Ամսթերտամի (Նետերլանտներ) «Եոհան Քրոյֆ Արենա»-ի մարզադաշտին վրայ, ֆութպոլի բարեսիրական մրցումի մը ընթացքին Պարսելոնայի վեթերանները 7-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Այաքս Ամսթերտամը, Քրոյֆի յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութեան:
Քրոյֆ, որ 1970-ականներուն Նետերլանտներու պատմական ֆութպոլիստներու ամէնէն փայլուն աստղն էր, իր ֆութպոլիստ եղած օրերուն խաղցած է զոյգ ակումբներէն եւ տարիներ վերջ ալ մարզած է զանոնք:
Այս մրցումին մասնակցեցան հին աստղեր, որոնք իրենց կարգին խաղցած են զոյգ խումբերէն, ինչպէս` Փաթրիք Քլայվերթ, Ֆրանք եւ Ռոնալտ Տէ Պոր, Եարի Լեթմանէն եւ Ռիչարտ Վիչկէ: Այս մարզիկները երկու խումբերէն ալ մասնակցեցան տարբեր կիսախաղերու ընթացքին:
Պարսելոնայի վեթերաններուն մաս կը կազմէին Էրիք Ապետալ, Պոյան Քրքիչ, Խաւիէ Սավիոլա, Ռուտ Հեսփ, Լիուտովիք Ճիւլի, Նոլիթօ Քրիսթիան Թելլօ եւ այլ աստղեր, մինչ Այաքսի մաս կազմեցին Էտուին Վան Տեր Սար, Եան Վերթոնկեն, Քլաս-Եան Հունթալար, Միտօ, Ռաֆայէլ Վան Տեր Վարթ, Ուեսլի Սնեյտեր եւ այլ աստղեր:
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Ալեքս Վիտալ, Ռոժէ Կարսիա, Խաւիէ Սավիոլա (2), Նոլեթօ (2) եւ Քրիսթիան Թելլօ, մինչ Այաքսի կոլերը նշանակեցին Փաթրիք Քլայվերթ, Քլաս-Եան Հունթալար (2) եւ Սիեմ Տէ Եոնկ:
Մրցումին 14-րդ վայրկեանին մրցումը կանգ առաւ յարգելով Քրոյֆի կրած թիւ 14 մարզաշապիկը` հովանաւորութեամբ «Եոհան Քրոյֆ» բարեսիրական միութեան:
Նշենք, որ Քրոյֆ 2016-ին (24 մարտ) մահացած էր 68 տարեկանին, թոքի քաղցկեղի պատճառով: Քրոյֆ ֆութպոլիստ եղած ժամանակ օրական 4 տուփ ծխախոտ կը գործածէր մինչեւ 1991-ի փետրուար, երբ սրտի կաթուած անցուց եւ որոշեց լքել այդ սովորութիւնը:


