«Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան երկրորդ օրուան մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր նոր մարզիչ Մաուրիսիօ Փոչեթինոյի հետ դէպի յաղթանակ կ՛ուղղուէր, բայց Սփորթինկ Լիզպոնի քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի 80-րդ վայրկեանի կոլը այդ երազը չիրականացուց:
Սուարես անմոռանալի օր մը ունեցաւ: Ան 30-րդ վայրկեանին փենալթի մը կորսնցուց, ապա 3 վայրկեան ետք փենալթի մը կոլի վերածեց: Ինչպէս նշեցինք, ան մրցումի աւարտէն 10 վայրկեան առաջ կոլ մը եւս նշանակեց` 1 կէտ ձեռք ձգելով Սփորթինկի հաշուոյն: Բ. կիսախաղի սկիզբը փորթուգալցի Պրունօ Ֆեռնանտեշ 2 կոլ նշանակած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի հաշուոյն:
Վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն նոյն արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Իտալիոյ Ա. Էս. Ռոմային հետ:
Ռոմայի կեդրոնի յետսապահ Մարիօ Հերմոսօ 5-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Փարիզի յետսապահ Իլիա Զապարնի (Ուքրանիա), գլխու հարուածով հաւասարութեան կոլը նշանակեց: Ուսման Տեմպելէ, որ 59-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ, 3 վայրկեան ետք փենալթիով նշանակեց 2-րդ կոլը: 78-րդ վայրկեանին այլ փենալթի մը` ի նպաստ Ռոմայի, կոլի վերածեց նետերլանտցի Տոնիել Մալեն:
Պայերն Միւնիխ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման վիրաւորներով հարուստ խումբով դաշտ ներկայացաւ Լիլի դէմ եւ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ: Տայօ Ուփամեքանօ բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց 62-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն Լիլ արագ կոլեր նշանակեց ճափոնցի Այասէ Ուետայի եւ… Փաւլովիչի միջոցով, որ սխալմամբ իր բերդին մէջ զետեղեց Պայերնի բերդի սիւնէն վերադարձած գնդակը: Քիլիան Էմպափէի եղբօր` Էթանի հարուածը «զսպած» էր Պայերնի բերդին սիւնը:
Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին, մինչ Պարսելոնա 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ազրպէյճանի Սապահ խումբի դաշտէն:


