Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց տարածաշրջանէն ներս գործող Շարժայի Ազգային միօրեայ վարժարանին 45-ամեակին առիթով 15 նոյեմբեր 2026-ին կազմակերպուած ձեռնարկին, երկար տարիներէ ի վեր Քուէյթ բնակութիւն հաստատած եւ գաղութի եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ մեծ ներդրում ու մասնակցութիւն ունեցած Հրայր Սողոմոնեանին կինը` Մակի Սողոմոնեան, ընդառաջելով իր հանգուցեալ ամուսնոյն փափաքին, մէկ միլիոն տիրհամ նուիրեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին:
Յանուն Ազգային իշխանութեան մեր յատուկ գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Մակի Սողոմոնեանին կատարած նուիրատուութեան, որ իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ մեր եկեղեցական ու ազգային գործունէութեան աշխատանքներուն մէջ:


