Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 136-ամեակի նախօրեակին վերընթերցեցի անոր Ծրագիրը: Ներկայ ծրագիրը որդեգրուած է 1998-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած 27-րդ արտակարգ ընդհանուր ժողովին:

Ծրագիրը Դաշնակցութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն: Անիկա կ՛առաջադրէ պայքարիլ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան համար:

Չխճողելու համար գրութիւնը, զանց կ՛առնեմ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմքը հանդիսացող ընդհանուր տեսութեան հիմնաւորումները, որոնք կը վերաբերին մարդկային ընկերութեան զարգացման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան տեւողութեան` անկախութեան նուաճման համար տեւական պայքարի առկայութեան:

Դաշնակցութիւնը ազգային կուսակցութիւն է: Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման վերջնագոյն փուլն է: Հայ ազգը ունի սեփական հայրենիք ունենալու իրաւունք: Անկախ պետականութեան երաշխիքը ազգային ինքնորոշման իրաւունքն է: Մերժելով ազգային բացառիկութեան ամէն նկրտում, Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ իրաւունքով հաւասար ազգերու ներդաշնակ համակեցութեան:

Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է: Ընկերվարութեան ձգտումը անհատի եւ աշխատանքի ազատագրումն է եւ զուգահեռաբար` ազգերու ազատագրումը եւ անոնց համերաշխ գործակցութեան ապահովումը: Թէ՛ մարդ անհատը եւ թէ՛ ազգը պիտի ազատագրուին ամէն տեսակի խտրականութենէ, կաշկանդումէ եւ շահագործումէ: Վերջապէս, ընկերվարութեան համար ազգային հարստութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Դաշնակցութիւնը ժողովրդավարական կուսակցութիւն է. մարդկային եւ քաղաքացիական հանրայայտ իրաւունքները կենսական նշանակութիւն ունին: Բազմակարծութիւնը եւ անկէ բխող բազմակուսակցականութիւնը պետութեան հիմնական ստորոգելիներն են: Օրէնքին առջեւ բոլորը հաւասար են եւ ունին ազատ քուէի իրաւունք: Օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները տարանջատուած են:

Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է: Յեղափոխականութիւնը պէտք չէ շփոթել բռնի գործողութիւններու հետ: Ազգի ու հայրենիքի պարտադրուած կացութեան, եղածը փոխելու համար անտեղիտալի պայքարի յայտարարն է յեղափոխականութիւնը:

Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը կ՛առաջադրէ ազատ հայու, ազատ քաղաքացիի եւ ազատ հայրենիքի կերտումը:

Ներկայ կացութեան բնութագրումէն ետք, կը հասնինք ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակին:

Ա.- Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտում:

Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտում եւ վնասուց հատուցում հայ ժողովուրդին:

Գ.- Տարագիր եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբում Հայաստանի հողին վրայ:

Դ.- Հայաստանի պետականութեան հզօրացում:

Կը հետեւին քաղաքական, ապա ընկերային- տնտեսական առաջադրանքները:

Յաւակնո՞տ է այս նպատակը: Ան կ՛առաջադրէ հայ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերային համերաշխութեան եւ բարօրութեան, հողահաւաքի ու հայահաւաքի ճամբով ապահովել հայ մարդու եւ հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը:

Իրագործելի՞ է այս նպատակը: Անկասկած ոչ տեսանելի ապագայի մը ընթացքին: Հայոց պատմութենէն թելադրուած ու հայ ազգի անյեղլի իրաւունքներէն բխող նպատակը իրարու յաջորդող սերունդներուն համար սրբազան առաջադրանք պէտք է հանդիսանայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը երազախաբութենէ տառապող կազմակերպութիւն չէ: Խարսխուած իր ապրած ժամանակի իրականութեան մէջ, ծրագրային տեսիլքը իր մտասեւեռման մէջ: Դաշնակցութիւնը կը մշակէ գործադրելի իրապաշտ ռազմավարութիւն, աշխատանքային գործելակերպ:

Լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք միջազգային քաղաքական կացութիւնը, որ նոր աշխարհակարգի մը փնտռտուքով եւ անսպասելի գալարումներով կ՛ընթանայ, Դաշնակցութիւնը քննութեան կ՛ենթարկէ հարեւան երկիրներու իրաւավիճակը եւ ձգտումները: Աշխատանքային որեւէ ծրագիր չի կրնար հաշուի չառնել ներազգային կացութիւնը, Հայաստանի հայութեան եւ սփիւռքահայ զանգուածներու տրամադրութիւնները: Վերջապէս նոյնինքն Դաշնակցութեան շարքերուն կազմակերպական հնարաւորութիւնը: Այս բոլորին լոյսին տակ Դաշնակցութիւնը կը մշակէ ռազմավարական սկզբունքներ եւ պարբերաբար փոփոխելի առաջադրանքներ: Ռազմավարութիւն եւ առաջադրանքներ, որոնք կը հանդիսանան պայմաններուն համահունչ, ծրագիրէն բխած նախապատուութիւններ:

Այժմու պայմաններուն պարտադրանքով, երկու ուղղութիւններ կը թուին առաջնահերթ պայքարի ճակատներ հանդիսանալ.

1.- Հայաստանի պետականութեան հզօրացում, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործում, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:

2.- Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան քաղաքական գիտակցութեան զարգացում եւ համախմբում ազգային նպատակներու համար պայքարի շուրջ:

Համեստ, սակայն կենսական առաջադրանքն է, խութերով դժուարացած, թերեւս երկարատեւ պայքարի ճանապարհ:

Ով կը յարատեւէ, ի վերջոյ կը յաղթէ:

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

Յաջորդը

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

Հաւաքական Ղեկավարութեան Կուսակցութիւնը

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։