Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, թէեւ ծնունդ առաւ ոչ հայկական հողի վրայ, սակայն իր Ծրագիրն ու Կանոնագիրը հիւսեց հայոց ընտիր մետաքսով` նպատակ ունենալով իր նպաստը բերել հայրենիքի ազատութեան կերտման սրբազան գործին:

Կերտում` առանց նուիրումի, կարելի չէ: Դաշնակցութիւնը առանց նախապայմանի զոհաբերութեան խորանին վրայ դրաւ մատղաշ սերունդին ամէնէն նուիրեալ զաւակները` յանուն հայ ազգին ու հայրենիքին գոյատեւման եւ Հայ դատի պաշտպանութեան: Դաշնակցական ընկերներ գիտակցաբար անձնազոհութեան ճամբան բռնեցին, որպէսզի վառ մնայ հայուն ճրագը, եւ չգայ այն մութ օրը, երբ անոր լոյսը մարի:

Չգործողը չի սխալիր: Ձախողութիւնը պայքարի ճանապարհին անբաժան մասնիկն է: Հոգ չէ, թէ երբեմն չենք յաջողիր. քանի տակաւին յոյսով լեցուած ենք եւ չենք յանձնուիր թշնամիին, մեր յաղթանակը կը մնայ կարելի: Անկարելի թուացող ծրագիրները կրնան յարմար ժամանակին իրականութիւն դառնալ:

Օսմանցիներն ու պոլշեւիկները չկրցան արմատախիլ ընել Դաշնակցութիւնը: Ներկայիս ալ զայն արմատախիլ ընել երազողները, իրենց նախորդներուն նման, պիտի մնան իրենց երազներուն գերին:

136 տարուան պատմութեան ընթացքին շատեր եկան ու գացին, բայց Դաշնակցութիւնը գոյատեւեց եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել:

Հայ եկեղեցւոյ կողքին Դաշնակցութիւնը տէր կանգնեցաւ հայոց ինքնութիւնը պահպանելու առաքելութեան, այն ժամանակ, երբ բազմատեսակ հայատեաց թշնամիներ ձուլումի թոյնը կը սփռէին հայ ազգի երակներուն մէջ:

Ունինք այն հաստատ համոզումը, որ նորանոր սերունդներ պիտի գան եւ շարունակեն Դաշնակցութեան սուրբ գործը: Անոնք եւս, առանց տատամսելու, պիտի շարունակեն իրենց անձնազոհ նուիրումը` յանուն ազգին եւ հայրենիքին:

Գաղափարը կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ այնքան ատեն որ իրարու կը յաջորդեն նոր սերունդներ, որոնք զայն իրենց ամէնօրեայ հացին պէս անհրաժեշտ կը նկատեն, ապահով կը պահեն եւ իրենց միտքը կը սնուցեն անոր սկզբունքներով:

Հայ ազգը բախտաւոր է, որ իր իրաւունքներուն տէր կանգնող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել եւ գործել աշխարհի չորս ծագերուն` ի խնդիր հայութեան բովանդակ իրաւունքներուն պաշտպանութեան:

Մարտահրաւէրները օրըստօրէ աւելի կը ծանրանան, բայց պատմութիւնը վկայ է, որ նոյնիսկ ամէնէն դժուար մարտահրաւէրներուն դիմաց Դաշնակցութիւնը կրցած է յաղթական դուրս գալ: Եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը` յանուն հայ ազգի գոյատեւման, հայրենիքի հզօրացման եւ Հայ դատի արդար լուծման:

136 տարի` պայքարի, կերտումի եւ նուիրումի: Եւ տակաւին` դէպի նորանոր յաղթանակներ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութիւնը Սոսկական Կուսակցութիւն Չէ

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հիմնադիր Կուսակցութեան Պատասխանատուութիւնը` Պետութեան Կողքին, Ազգային Շահի Պահապան
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութիւնը Սոսկական Կուսակցութիւն Չէ

November 27, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։