Հայոց պատմութեան վերջին փուլը կարելի չէ լիովին արժեւորել` առանց անդրադառնալու անոր կերտման մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ունեցած վճռորոշ ներդրումին: Հայ ժողովուրդի ամէնէն տագնապալի օրերուն ծնունդ առած եւ գործադաշտ իջած այս կազմակերպութիւնը իր առաքելութեամբ, առաջին օրէն իսկ նպատակ ունէր փոխել հայ ազգին պարտադրուած սեւ ճակատագիրը: «Կազմակերպութիւն» կամ «կուսակցութիւն» բառերը յաճախ կը գործածենք զայն նկարագրելու համար, սակայն Դաշնակցութեան գաղափարական շունչով դաստիարակուած իւրաքանչիւր անհատ լաւապէս գիտէ, որ ան շատ աւելին է, քան սովորական քաղաքական կազմակերպութիւն մը: Իսկապէս ալ ազատագրական պայքարի փայլուն էջերը կը վկայեն, որ Դաշնակցութեան գաղափարական եւ բարոյական աղբիւրներէն խմողները տարբեր էին,իրենց յեղափոխական անհաշտ խառնուածքով անոնք կը յիշեցնէին հայոց հին արիասիրտ ոգին:
Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ յեղափոխական փայլուն միտքերու եւ ազգային խոր գիտակցութեան տէր անհատներու ջանքերով, որոնք, տեսնելով հայ ժողովուրդի դարաւոր շահագործումն ու հարստահարումը կայսրութիւններու եւ բռնակալ ուժերու կողմէ, վճռեցին կոտրել անարդարութեան ծանր շղթաները եւ արմատապէս փոխել հայ մարդուն դժոխային վիճակը: Իր գաղափարախօսութեամբ, գործով եւ յեղափոխական վաստակով Դաշնակցութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ յեղափոխական ամրոցի, մարտական դպրոցի եւ գաղափարական իտէալի` իր մէջ մարմնաւորելով հայ ժողովուրդի ազատագրական ձգտումներն ու ազգային պայքարի ծարաւը:
Դաշնակցութեան այս գաղափարական ժառանգութիւնը մեզի հասած է շատ մեծ զոհողութիւններու շնորհիւ: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ չկայ այլ կազմակերպութիւն մը, որ իր նպատակին համար արիւն եւ քրտինք թափած ըլլար այնքան, որքա՛ն Դաշնակցութիւնը: Այս յատուկ եւ ծայրայեղ զոհաբերութեան գաղտնիքը այս նսեմ օրերուն շատերու համար անհասկնալի կրնայ թուիլ, սակայն անհրաժեշտ է «Մահ կամ ազատութիւն» երդումը ամբողջովին քննել` հասկնալու համար այն մղիչ ուժը, որ դաշնակցականը միշտ կը մղէ դէպի վտանգի կրակ եւ հետեւաբար` անձնազոհութիւն: Դաշնակցական ըլլալը պարզապէս կուսակցական շարքերու պատկանիլ չէ: Ան անհատական կեանքի բոլոր բարիքներուն վճռական մերժումն է եւ անոնց փոխարինումն է միայն սուրբ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումներով: Դաշնակցականը` նախ յաղթահարելով իր «ես»-ը, ապա հրաժարելով անձնական բոլոր շահերէն, իր ամբողջ ուժով եւ կարողութիւններով կը սկսի իրագործել իր ուխտը յաւիտենական ծառայութեան. այն է` Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին ծառայութիւնը: Հայ ժողովուրդի զօրութիւնն ու պատիւը. ահա այն յենարանները, որոնք կ՛առաջնորդեն անոր կամքը: Հետեւաբար, դաշնակցականը կը ձգտի զօրանալ մտաւոր, բարոյական, ֆիզիքական եւ կազմակերպչական բոլոր մարզերուն մէջ. այսինքն` ոչ միայն ինք զօրանալու համար, այլ նաեւ իրեն հետ զօրացնելու ամբողջ ժողովուրդը: Եւ ահա պատրաստելով ինքզինքն ու ժողովուրդը ազգային եւ յեղափոխական գործի` ան կ՛ապահովէ այն անհրաժեշտ նախապայմանները` հմտօրէն հետապնդելու Հայ դատը` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Այսօր, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, Դաշնակցութեան ներկայ շարքերը բախտաւոր են, որովհետեւ իրենց նախորդներէն ժառանգած են փորձառութեան, գիտելիքի եւ յեղափոխական գիտակցութեան հսկայական հարստութիւն մը: Այդ ժառանգութիւնը միայն անցեալի սխրանքներու յիշատակարան մը չէ, այլ կենդանի աղբիւր մը, որմէ կարելի է սորվիլ, ուժեղանալ եւ աւելի լայն ասպարէզներու մէջ գործելու կարողութիւն ձեռք բերել: Դաշնակցութիւնը պարզապէս դպրոց մը չէ, այլ դպրոցներու կերտիչ է` յեղափոխական միտք ու նկարագիր ձեւաւորող շարժում մը: Անժխտելի իրականութիւն մըն է, որ հայ յեղափոխական երիտասարդութիւնը Ռոստոմէն սորվեցաւ գործելու ոգին, Դումանէն` մարտական կարգապահութիւնը, իսկ Հրայր Դժոխքէն` յեղափոխական ղեկավարութեան իսկական դիմագիծը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքով ու գործով սերունդներուն փոխանցեց պայքարի առանձին դաս մը:
Սակայն անցեալէն սորվիլը դեռ բաւարար չէ: Բնութեան օրէնքն է, որ կեանքը կը շարունակուի զարգացումով. ժառանգուածը պէտք է ոչ միայն պահպանել, այլ նաեւ հարստացնել ու կատարելագործել: Նոյնպէս, Դաշնակցութիւնը չի կրնար ապրիլ միայն իր անցեալի փառքով. ան պէտք է շարունակէ աճիլ, նոր ուժեր կերտել եւ իր պայքարի միջոցները կատարելագործել` ժամանակի պահանջներուն համակերպելով, բայց առանց շեղելու իր ազգային նպատակներէն: Մեր նախորդներուն արժանի ժառանգորդները ըլլալու համար պէտք է ժառանգել ոչ միայն անոնց քաջութիւնն ու զոհողութեան ոգին, այլ նաեւ անոնց վճռակամութիւնը, կազմակերպելու կարողութիւնը եւ դժուարութիւններու առջեւ երբեք չընկրկելու կամքը: Աւելի՛ն. պէտք է շարունակել անոնց սկսած գործը` մեր ժամանակի պայմաններուն մէջ աւելի լաւ, աւելի գիտակից եւ աւելի արդիւնաւէտ գործելով: Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը անցեալի փառքով ապրող կազմակերպութիւն մը չէ. ան ապագան կերտելու եւ պաշտպանելու կտակն է: Եւ այս կտակին հաւատարիմ մնալու ամէնէն ազնիւ արտայայտութիւնը մեր նախորդներուն յիշատակին դիմաց խոնարհիլն ու անոնց աւանդը յաւերժացնելն է, բայց մանաւանդ` անոնց նուիրումին արժանի գործով շարունակել պայքարի ուղին:
Փա՛ռք հայ ազատագրական պայքարի բոլոր նահատակներուն, փառք ՀՅԴ-ի 136 տարուան պատմութիւնը կերտած բոլոր գործիչներուն, եւ հազար փառք պատմութեան բոլոր ճգնաժամերուն դիմաց պատիւը վառ պահող հայ ժողովուրդին:



