Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

136 Տարուան Անբիծ Գաղափար

November 27, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Կան գաղափարներ, որոնք անժամանցելի են, եւ կան պայքարներ, որոնք ժամանակի ընթացքին չեն կրնար մարիլ: 1890-ին ծնաւ հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան գերակշիռ սիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր ծնունդով մերժեց հայ ժողովուրդին պարտադրուած ստրկութիւնը եւ լռութիւնը` թափ տալով ազատագրական պայքարի անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջապէս տնօրինէ իր սեփական ճակատագիրը:

Ծնան հայ քաղաքական յեղափոխական տեսակէտները, եւ իր երիտասարդ տեսլապաշտ հիմնադիրներուն` Քրիստափորի մտքի, Ռոստոմի կամքի, իսկ Զաւարեանի խղճի շնորհիւ` իր շուրջ համախմբեց գործող բոլոր յեղափոխական ուժերը եւ ընթացքի մէջ դրաւ ազգային ազատագրական պայքարի առաջին փորձերը: ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները իրենց խօսքով, գրիչով եւ գործով ստեղծեցին Դաշնակցութիւնը, որ քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալէ աւելի` դարձաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան եւ ազգային արժէքներու պաշտպանման ջահակիրը, որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոն սկզբունք, մշակեց Արեւմտահայաստանի մէջ ազատութիւն ձեռք բերելու քաղաքական եւ տնտեսական նպատակ` իր կարմիր դրօշին տակ համախմբելով հայ մտաւորականը, հայ մարտիկն ու բանուորը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարախօսութեամբ: Դաշնակցութիւնը եղած է ու տակաւին է յեղափոխական կուսակցութիւն, բայց անոր կողքին նաեւ իր էութեամբ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական կուսակցութիւն է:

Այսօր յեղափոխական ըլլալը միայն անցեալի հերոսներուն անունները յիշելը չէ: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ` մերժել անտարբերութիւնը, դէմ կանգնիլ ազգային արժէքներու նահանջին, պայքարիլ անարդարութեան դէմ, պահանջել պատասխանատուութիւն եւ երբեք չհաշտուիլ պարտադրուած պարտութեան հետ: Յեղափոխութիւնը նախ եւ առաջ մտածելակերպ է, որ կը մերժէ համակերպիլը, եւ եթէ այսօր համակերպած ենք Արցախի կորուստին, եթէ լռութեամբ ընդունած ենք մեր հայրենակիցներուն բռնի տեղահանութիւնն ու մեր հայրենի հողերուն դաւադիր յանձնումը թշնամիին, ապա ի՞նչ իրաւունքով տակաւին խօսինք հայրենիքի մասին: Ի՞նչ իրաւունքով Հայաստանը մերը կոչենք: Հայրենիքը միայն ժառանգութիւն մը չէ, ոչ ալ պարզապէս սեփականութիւն, այլ` սրբազան ուխտ մը, որուն տէր կանգնիլը մեր պարտքն է` մեր նախնիներուն եւ յառաջիկայ սերունդներուն առջեւ: Հայրենիք ըսելով` խօսքս կ՛ուղղեմ նաեւ Արցախին, որմէ հրաժարիլը հայրենիքի գաղափարէն հրաժարիլ է: Իսկ ժողովուրդ մը, որ կը դադրի իր հայրենիքին տէր կանգնելէ, ապա ի՞նչ իրաւունք ունի հայրենիք պահանջելու: Արցախը չի կրնար ըլլալ «ընդամէնը հող», ոչ ալ Շուշին է «տժգոյն ու դժբախտ քաղաք»: Ամէն մէկ լեռ, ամէն մէկ վանք, ամէն մէկ քար իր մէջ պատմութիւն մը կը պահէ: Արցախը քարտէսի վրայ գծուած սահմանագիծ մը չէ, որ կարելի է ջնջել քաղաքական խաղերով: Շուշին պարզապէս քաղաք մը չէ, որ կարելի է անտարբերութեամբ դուրս ձգել մեր ազգային յիշողութենէն: Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Երբ դաշնակցականը կ՛երդնու ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին` բոլոր ուժերովը, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքին գնով, այդ երդումը պէտք չէ սահմանափակել միայն մահուան կամ նահատակութեան պատրաստակամութեամբ: Ինչպէս  Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Ապրել ու գործել միայն այն բանի համար, որի համար արժէ մեռնել, եւ մեռնել միայն այն բանի համար, որի համար արժէր ապրել»: Կեանքին գնով ծառայել` կը նշանակէ ապրիլ հայրենիքին համար եւ ոչ թէ միայն նահատակուելով ծառայել անոր գաղափարին: Կը նշանակէ` ամբողջ կեանքդ հայրենիքին նուիրել, ամէն օր աշխատիլ, պայքարիլ, զոհողութիւններ յանձն առնել, ժամանակդ, ուժերդ, կարողութիւններդ եւ երիտասարդութիւնդ տրամադրել ազգային գործին: Չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ, չլքել պայքարը յուսախաբութեան պահերուն եւ չդաւաճանել այն գաղափարին, որուն հաւատարմութիւն խոստացած ես: Դաշնակցականի երդումը մէկ օրուան հանդիսաւոր արարողութիւն մը չէ, ան ամբողջ կեանքի մը պարտաւորութիւնն է: Ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ` պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածը պիտի ապրի ու տիրէ: Որովհետեւ նահատակութիւնը կրնայ ըլլալ կեանքիդ վերջին զոհաբերութիւնը, բայց նուիրումը պէտք է ըլլայ կեանքիդ ամբողջ ընթացքը:

Մեր նախորդ սերունդները մեզի կտակեցին պայքար մը, եւ մեր պարտականութիւնն է այդ պայքարը կենդանի պահել` մեր ամէնօրեայ աշխատանքով, մեր գիտակցութեամբ եւ մեր անսակարկ նուիրումով, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնանք յիշել մեր նահատակ հերոսները, եթէ պատրաստ չենք շարունակելու անոնց սուրբ գործը:

Հայ ազատագրական շարժման եւ հայ յեղափոխութեան ռահվիրայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 136 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ եղաւ նուիրումի, կամքի ու վճռական գործի դերակատար մասնիկը: Այս ազգային կուսակցութեան կտրած ճանապարհն ու անոր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը կերտուած է ժողովուրդի ողնաշարէն ծնած զաւակներու արիւնով ու ճակտի քրտինքով: ՀՅԴ-ն երիտասարդութեան կուսակցութիւնն է, այսինքն ներկայի եւ ապագայի հասցէն է բոլոր անոնց, որոնց համար առաջնահերթութիւնն են ազգայինն ու հայկականը: Ուրեմն մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ` ապագայ սերունդի ներկայ երիտասարդութիւն, պիտի դառնանք վրիժառու նոր բազուկները ու պիտի շարունակենք ազգին պայքարը` դառնալով փարոս աննահանջ երթին, պիտի չենթարկուինք օտարամոլութեան ու ձուլումի, տէր պիտի կանգնինք Հայ դատին ու վաղ թէ ուշ հասնինք մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

 

 

 

 

Նախորդը

Պիտի Գան Նորերը, Աւելի Ուժեղները…

RelatedPosts

Պիտի Գան Նորերը, Աւելի Ուժեղները…
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պիտի Գան Նորերը, Աւելի Ուժեղները…

November 27, 2026
ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը` Մեր Պայքարը, Մեր Յանձնառութիւնը, Մեր Ապագան
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը` Մեր Պայքարը, Մեր Յանձնառութիւնը, Մեր Ապագան

November 27, 2026
ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

136 Տարի. Սերունդներու Նուիրում Եւ Հաւատք

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։