Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Փոլիշ օփըն Քալիպըր» միջազգային մրցաշարքին:
Մրցաշարքը կը սկսի այսօր եւ կ՛աւարտի կիրակի օր Պելոսթոք քաղաքին մէջ, ուր 10 հայ ներկայացուցիչներ հանդէս պիտի գան գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեանի եւ Անդրանիկ Այվազեանի գլխաւորութեամբ:
Ազգային խումբին մաս կը կազմեն փորձառու եւ երիտասարդ սերունդի մարզիկներ: Էլմիրա Կարապետեան, Բենիկ Խլղաթեան, Գէորգ Մելքոնեան, Արմէն Մելքոնեան, Արտակ Ամերեան, Աննա Պօղոսեան, Արտեոմ Գրիգորեան, Սեդա Գաբրիէլեան, Հայկ Սարգսեան եւ Լիլիա Մարտիրոսեան պիտի ներկայացնեն Հայաստանը:
27-րդ անգամն է, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ: Մրցաշարքի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 10 մեթր հեռաւորութենէն օդամղիչ ատրճանակով, ինչպէս նաեւ օդամղիչ հրացանով հրաձգութեան (նշանառութեան) մրցումներ:
Մետալները պիտի բաժնուին անհատական եւ խառն խմբային մրցաձեւերուն մէջ:
Մրցումները կը կազմակերպուին Քալիպըր Պելոսթոքի ակումբին կողմէ եւ ընդգրկուած են Լեհաստանի մարզական հրաձգութեան ֆետերասիոնի պաշտօնական օրացոյցին մէջ:
Միջազգային այս մրցաշարքը հայ հրաձիգներուն կարելիութիւն կու տայ միջազգային մակարդակի վրայ իրենց պատրաստութիւնները եւ մակարդակը փաստելու, իսկ երիտասարդ մարզիկներուն փորձառութիւն ձեռք ձգելու առիթ կ՛ըլլայ:


