«Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ առաջին կիսախաղին բաւական ձախող ելոյթ մը ունենալէ ետք, կրցաւ 5 կոլ նշանակել երկրորդ կիսախաղին` արձանագրելով իր 5-րդ յաղթանակը` ՓՍՎ Այնտհովընի վրայ:
37 տարեկան Իվան Փերիշիչ 32-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակած էր Նետերլանտներու ակումբին կոլը:
Անթոնիօ Ռուտիկեր, Օրելիեն Չուամենի եւ Էտիտ Միլիթաօ կիսախաղին փոխարինուեցան: Դաշտ ներկայացան Իպրահիմա Քոնաթէ, Ճուտ Պելինկհամ եւ Տին Հաուսըն, որոնք շատ բան փոխեցին մրցումին ընթացքին վրայ:
Ֆետերիքօ Վալվերտէ, Ճուտ Պելինկհամ, Քիլիան Էմպափէ (2) եւ Վինիսիուս Ժունիոր 5 կոլ նշանակեցին` ամբողջութեամբ փոխելով մրցումին ընթացքը:
Արսենալ Լոնտոնի մէջ չկրցաւ յաղթել Գերմանիոյ փոխախոյեան Տորթմունտին: Վիքթոր Եոքերեշ 10-րդ վայրկեանին նշանակեց անգլիական ակումբին կոլը, իսկ Մաքսիմիլիան Պայեր Տորթմունտի կոլը, 55-րդ վայրկեանին:
Արսենալ իշխեց, բայց Տորթմունտ դիմացաւ եւ կարեւոր կէտ մը խլեց Լոնտոնի մէջ:
Անգլիական այլ խումբ մը, որ բաւական դժուար օրեր կ՛անցընէ` Մանչեսթըր Սիթի, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Իտալիոյ Նափոլիին հետ:
Քեւին Տէ Պրույնի վերադարձաւ Մանչեսթըրի «Էթիհատ» մարզադաշտը, ուր տարիներով փայլած էր Փեփ Կուարտիոլայի օրերուն:
Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յառաջապահ Ռասմուս Հոյլունտ բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Նափոլիի, բայց Այյուպ Պուատտի կրցաւ (12 վայրկեան ետք) նշանակել հաւասարութեան կոլը: 76-րդ վայրկեանին նետերլանտցի Նոա Լանկ նշանակեց Նափոլիի 2-րդ կոլը, բայց ֆրանսացի Ռայան Շերքի 86-րդ վայրկեանին անգամ մը եւս արդիւնքը հաւասարեցուց:
Քոմօ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աէք Աթէնքը` շնորհիւ Լուիս Միյայի կոլին: Լուքաս Տա Քունիա փենալթի մը կորսնցուցած էր առաջին կիսախաղին:
Ստորեւ` 5-րդ շաբթուան առաջին օրուան արդիւնքները.
Պոտօ Կլիմթ – Լասք 1-0
Կալաթասարայ – Ասթոն Վիլա 1-0
Արսենալ – Տորթմունտ 1-1
Քոմօ – Աէք Աթէնք 1-0
Ֆեյենուրտ – Փորթօ 0-1
Մանչեսթըր Սիթի – Նափոլի 2-2
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Լանս 3-1
Ռէալ Մատրիտ – ՓՍՎ Այնտհովըն 5-1
Սլովան Պրաթիսլաւա – Պեթիս 0-2


