«Ազդակ»-ի 92-րդ առցանց լսարանը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, նուիրուած էր համացանցային գրադարաններուն եւ հայերէն ընթերցանութեան ապագային: ՎԼՈՒՄ հարթակի համահիմնադիրներ Մարտիկ Չոլաքեան եւ Ռազմիկ Հարուն լսարանի մասնակիցներուն ներկայացուցին նախաձեռնութեան առաքելութիւնը, արձանագրած ձեռքբերումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Լսարանը, որուն խորագիրն էր «Թուային ենթակառոյց` իբրեւ ազգային ռազմավարութիւն. հայերէնով ապրող սերունդներ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ» խորագիրը, վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
2015-ին հիմնուած նախաձեռնութեան նպատակն է թուային միջոցներով հայերէն գիրքերն ու ձայնագիրքերը հասանելի դարձնել ընթերցողներուն` առանց աշխարհագրական սահմանափակումներու:
Զեկուցողներուն համաձայն, հարթակը կը ձգտի վերականգնել հայ գրականութեան արժեշղթան` ամրապնդելով հեղինակներուն, հրատարակիչներուն, դպրոցներուն եւ ընթերցողներուն միջեւ կապը:
Ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, հարթակը կը համագործակցի 12-էն աւելի հրատարակչատուներու եւ 60-էն աւելի կազմակերպութիւններու հետ: Անոր աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ 200-էն աւելի անձեր, որոնք ներգրաւուած են թարգմանութեան, սրբագրութեան եւ հրատարակչական աշխատանքներու մէջ:
Հանդիպման կարեւոր նիւթերէն մէկը դպրոցներու հետ համագործակցութիւնն էր: Ներկայացուած արդիւնքներուն համաձայն, հարթակին միացած դպրոցներուն մէջ 2020-էն ի վեր աշակերտներուն կարդացած բառերուն միջին քանակը աճած է շուրջ 140 տոկոսով:
Մարտիկ Չոլաքեան եւ Ռազմիկ Հարուն անդրադարձան նաեւ ոլորտի հիմնական մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին են` մանկապատանեկան գրականութեան սահմանափակ առկայութիւնը, հեղինակային իրաւունքներու ձեռքբերման դժուարութիւնները եւ հայերէն ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Առանձին կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բովանդակութեան հասանելիութիւնը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը: Նշուեցաւ, որ թուայնացումը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ հայերէնի կենսունակութեան պահպանման եւ նոր սերունդներու հայերէն կրթութեան ամրապնդման մէջ:
Հանդիպումը առիթ ընծայեց քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նորարարական թուային միջոցներով խթանել հայերէն ընթերցանութեան մշակոյթը եւ ամրապնդել Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ կրթական ու մշակութային համագործակցութիւնը:
Լսարանին մասնակիցները մեծապէս գնահատեցին այս հարթակի աշխատանքները:
Դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=lWJ2UdkboxE






