Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

Կազմակերպական Իրագործումներէն Դէպի Հաստատութենական Յառաջընթաց

November 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

«Մարզիկ»-ի թիւ 442-ի խմբագրականը` «Նշաձողը բարձր պահելու հրամայականը», որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի նոյեմբեր 7-ի թիւին մէջ, եւ նոյն օրը հրապարակուած` Երեւանի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 12-րդ միջդիւանական խորհրդաժողովին մասին հաղորդագրութիւնը առիթ կու տան անդրադառնալու մեր կազմակերպութեան վերջին շրջանի գործունէութեան, ձեռքբերումներուն եւ ապագայի կարելիութիւններուն:

Վերջին ամիսներուն իրականացած նախաձեռնութիւնները` առաջին նաւապտոյտը, քարոզչական Ա. խորհրդաժողովը, համա- ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը` իր 836 մասնակիցներով եւ «Կինես»-ի համաշխարհային մրցանիշով, «Արարատեան» կարգի շնորհումը 63 երէց սկաուտ ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի մարզական յաջողութիւններու արժեւորումը կը վկայեն միութենական աշխուժութեան, նուիրումի եւ իրագործումի կարողութեան մասին: Միջդիւանական խորհրդաժողովն ալ կարեւոր առիթ մըն է փորձառութիւններ փոխանակելու, վարչական գիտելիքներ զարգացնելու եւ զանազան շրջաններու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու համար:

Այս իրագործումները արժանի են գնահատանքի: Անոնք նաեւ առիթ կու տան աւելի լայն հարցում մը ուղղելու մենք մեզի. ինչպէ՞ս կրնանք կազմակերպական մեր աշխուժութիւնը վերածել հաստատութենական երկարատեւ յառաջընթացի:

Աշխատանքներու Յաջողութենէն Դէպի Արդիւնքներ Եւ Մարդկային Ներուժ

Կազմակերպութեան մը գործունէութիւնը բնականաբար կ՛արտացոլայ իր ձեռնարկներուն, բանակումներուն, խորհրդաժողովներուն եւ հանդիսութիւններուն ընդմէջէն: Սակայն երկարաժամկէտ յաջողութիւնը միայն իրականացած ձեռնարկներու թիւով կամ ծաւալով չի չափուիր: Աւելի խորքային հարցումը այն է, թէ ի՞նչ արդիւնք կու տան այդ գործունէութիւնները: Արդեօք մեր ծրագիրները կը զարգացնե՞ն երիտասարդներու կարողութիւնները, կը բարելաւե՞ն սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեան որակը, կը նպաստե՞ն համայնքային կեանքին եւ, ամէնէն կարեւորը, կը պատրաստե՞ն պատասխանատուութեան եւ առաջնորդութեան պատրաստ նոր սերունդ:

Գործնական քայլ մը կրնայ ըլլալ այն, որ իւրաքանչիւր գլխաւոր նախաձեռնութեան աւարտէն ետք, որոշ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, պատրաստուի անոր արդիւնքներուն համառօտ գրաւոր գնահատումը: Այսպիսով, յաջորդ նախաձեռնութիւնը կը կառուցուի ձեռք բերուած փորձառութեան վրայ, եւ արժէքաւոր դասերը չեն կորսուիր վարչութենէ վարչութիւն:

ՀՄԸՄ-ի շարունակականութիւնը մեծապէս հիմնուած է սերունդներու նուիրումին եւ կամաւոր աշխատանքին վրայ: Սկաուտական երէց ղեկավարներու վաստակին գնահատումը այդ ժառանգութեան արժեւորման կարեւոր արտայայտութիւնն է: Միաժամանակ փորձառութեան փոխանցումը, երիտասարդներու պատասխանատու դերերու աստիճանական յանձնումը, ղեկավարութեան դաստիարակութիւնը եւ յաջորդականութեան ծրագրումը նոյնքան կարեւոր են այդ ժառանգութիւնը ապագային փոխանցելու համար:

Այս առումով, օգտակար պիտի ըլլայ գիտնալ, թէ նախորդ տարիներու «Արարատեան» կարգի տիրացողներէն քանի՛ներ այսօր կը շարունակեն ղեկավար պատասխանատուութիւններ ստանձնել, եւ ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի անոնց փորձառութիւնը մնայ կազմակերպութեան ծառայութեան մէջ: Գնահատանքը կը պատուէ անցեալի վաստակը, ծառայութեան շարունակականութիւնը կ՛ապահովէ անոր ապագան:

Անհատներու նուիրումը կը հարստացնէ կազմակերպութիւնը, իսկ հաստատութենական ուժը կ՛աճի այն ժամանակ, երբ անհատական փորձառութիւնը կը վերածուի փոխանցելի գիտելիքի, կարողութեան եւ շարունակական համակարգի: Գործունէութեան յաջող կազմակերպումը կարեւոր է, անոր դաստիարակչական, մարդկային եւ համայնքային արդիւնքը` նոյնքան կարեւոր: Այս երկու չափանիշները միասին կը կազմեն կազմակերպութեան իրական յառաջընթացին պատկերը:

Հաստատութենական Հաղորդակցութիւն. Տեղեկատուութենէն Դէպի Ընդհանուր Ուղղութեան Ձեւաւորում

«Մարզիկ»-ի խմբագրականները, Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնները եւ կազմակերպական գործունէութեան տեղեկագրումները կարեւոր դեր ունին: Անոնք անդամական շարքերուն կը ներկայացնեն կատարուած աշխատանքը, կը ծանօթացնեն նախաձեռնութիւնները եւ կը պահպանեն կազմակերպական կեանքի շարունակական արձանագրութիւնը:

Հաղորդակցութեան այս կարեւոր դերը կարելի է նաեւ ընդլայնել: Գործունէութեան տեղեկացման կողքին, անոնք կրնան անդամներուն հետ բաժնեկցիլ նաեւ աւելի լայն մտածողութիւն` կազմակերպութեան առաքելութեան, ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ուղղութեան մասին:

Այս մօտեցումով «Մարզիկ»-ը եւ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները կրնան ծառայել ոչ միայն իբրեւ գործունէութեան եւ իրագործումներու ներկայացման միջոցներ, այլեւ` իբրեւ կազմակերպական կրթութեան եւ ընդհանուր մտածողութեան զարգացման հարթակներ: Անդամական շարքեր ոչ միայն կը տեղեկանան, թէ ի՛նչ կատարուած է, այլեւ կը հասկնան, թէ տուեալ նախաձեռնութիւն մը ինչո՞ւ կատարուած է, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ եւ ի՞նչ տեղ ունի կազմակերպութեան երկարաժամկէտ ուղղութեան մէջ:

Նման հաղորդակցութիւնը կը նպաստէ տեղեկացուած մասնակցութեան, ընդհանուր պատասխանատուութեան եւ կազմակերպութեան զանազան մակարդակներուն միջեւ աւելի ամուր կապերու ձեւաւորման:

Ռազմավարական Մտածողութիւնը` Իբրեւ Կազմակերպական Մշակոյթ

ՀՄԸՄ-ի ուժը միշտ եղած է գործնական իրագործումը: Մեր կազմակերպական մշակոյթը կառուցուած է ձեռնարկներու, բանակումներու, մրցումներու եւ ծրագիրներու շուրջ, եւ այդ մշակոյթը տարիներու շարունակ ծառայած է մեր գոյատեւման ու աճին: Մեզմէ շատեր, ներառեալ` այս տողերը գրողը, այդ մշակոյթին մէջ հասակ առած են եւ անոր ընդմէջէն ծառայած են:

Սակայն կազմակերպական զանազան մակարդակները զանազան դերեր ունին: Մասնաճիւղի մակարդակին ծրագիրը աշխատանքի բնական եւ անհրաժեշտ ձեւն է: Կեդրոնական մակարդակին, սակայն, գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը կեդրոնանայ ուղղութեան, չափանիշներու, կարողութիւններու զարգացման եւ գնահատման վրայ: Կեդրոնական մարմինի մը իսկական ներդրումը կը չափուի ո՛չ միայն իր անմիջականօրէն կազմակերպած ձեռնարկներով, այլեւ, մանաւանդ, այն կարողութեամբ, զոր կը ստեղծէ, որպէսզի բոլոր շրջաններն ու մասնաճիւղերը աւելի լաւ իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի մէջ ռազմավարական հարցերու քննարկման առիթներ գոյութիւն ունին: Համա-ՀՄԸՄ-ական քառամեայ Ընդհանուր ժողովները, Կեդրոնական վարչութեան տարեկան նիստերը եւ միջդիւանական խորհրդաժողովները բնական հարթակներ են կազմակերպութեան ընդհանուր ուղղութեան, առաջնահերթութիւններուն եւ ապագայ մարտահրաւէրներուն անդրադառնալու համար: Այս տարի Կեդրոնական վարչութեան տարեկան լիագումար ժողովը, որ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, խորհրդաժողովէն առաջ եւ առիթ ունեցաւ ներկայութեամբ կայանալու, նման խորհրդածութեան յարմար առիթ մըն էր:

Հրապարակային հաղորդագրութիւնները բնականաբար կը կեդրոնանան կատարուած աշխատանքին վրայ, եւ պարտադիր չէ, որ արտացոլացնեն ժողովի մը ամբողջ բովանդակութիւնը: Այս առիթով, սակայն, կ՛արժէ մտածել աւելի ընդհանուր հարցի մը մասին. ինչպէ՞ս կրնանք նման ժողովներու եւ համագումարներու ժամանակը օգտագործել ո՛չ միայն ընթացիկ հարցերու եւ ծրագիրներու քննարկման, այլեւ աւելի խորքային, հետեւողական եւ ապագայամէտ ռազմավարական խորհրդածութեան համար:

Ռազմավարութիւնը միայն չորս տարին անգամ մը գումարուող Ընդհանուր ժողովի օրակարգի հարց մը չէ: Ան պէտք է ներկայ ըլլայ կազմակերպութեան մտածողութեան եւ առօրեայ որոշումներուն մէջ: Ի՞նչ երիտասարդութիւն կ՛ուզենք պատրաստել յառաջիկայ տասնամեակին: Ինչպէ՞ս կը գնահատենք մեր սկաուտական եւ մարզական ծրագիրներուն որակը: Ինչպէ՞ս կը զարգացնենք ղեկավարներու նոր սերունդը: Ի՞նչ փոփոխութիւններ կը պահանջեն մեր համայնքներուն եւ երիտասարդութեան կարիքները: Որո՞նք են մեր երկարաժամկէտ կազմակերպական եւ նիւթական կայունութեան նախապայմանները:

Այս հարցերուն քննարկումները մէկ ժողովի ընթացքին սպառելու նպատակ չունին: Անոնք շարունակական քննարկման, ուսումնասիրութեան, փորձարկման եւ հետեւողականութեան կը կարօտին: Ռազմավարական մտածողութիւնը իսկապէս կազմակերպական մշակոյթ կը դառնայ այն ժամանակ, երբ նման հարցումներ պարբերաբար կը վերադառնան բոլոր մակարդակներու քննարկումներուն եւ կը սկսին ուղղութիւն տալ որոշումներուն:

Ընդհանուր Առաքելութիւն Եւ Տեղական Իրականութիւն

ՀՄԸՄ-ի  համահայկական տարածումը իր մեծագոյն ուժերէն մէկն է, բայց միաժամանակ կը պահանջէ ընդհանուր ուղղութեան եւ տեղական ինքնուրոյնութեան միջեւ առողջ հաւասարակշռութեան պահպանում:

Կեդրոնական մակարդակի դերակատարութիւնը կրնայ ըլլալ առաքելութեան, ընդհանուր չափանիշներու, ռազմավարական ուղղութեան եւ միջազգային գործակցութեան ամրապնդումը: Շրջաններն ու մասնաճիւղերը, իրենց տեղական պայմաններուն համաձայն, այդ ուղղութիւնը կը վերածեն իրական ծրագիրներու եւ համայնքային ազդեցութեան:

Միաժամանակ խորհրդաժողովի մը որոշումները ինքնաբերաբար չեն հասնիր մասնաճիւղերուն: Անոնք կ՛անցնին Կեդրոնական վարչութենէն շրջաններուն եւ անկէ` մասնաճիւղերուն, եւ իւրաքանչիւր փուլին կրնան նօսրանալ կամ ուշանալ: Նաեւ բոլոր շրջաններն ու մասնաճիւղերը նոյն կարողութիւնները չունին. մեծ մասնաճիւղ մը, իր կառոյցով եւ միջոցներով, կրնայ նոր ուղեցոյց մը կիրարկել քանի մը շաբթուան մէջ, մինչ սակաւաթիւ կամաւորներով գործող փոքր մասնաճիւղ մը թերեւս չկարենայ` ոչ թէ անտարբերութեան, այլ կարողութեան պակասի պատճառով:

Հետեւաբար, որոշումներու կողքին, կարեւոր է ունենալ նաեւ անոնց իրականացման ռազմավարութիւնը` մասնաճիւղերուն հասնող գործնական ուղեցոյցներ, իւրաքանչիւր մասնաճիւղի կարողութեան համաձայն աստիճանաւորուած ակնկալութիւններ, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ աջակցող պատասխանատու, աւելի փորձառու եւ նորակազմ մասնաճիւղերու միջեւ գործակցութիւն, եւ տարեկան համառօտ հաշուետուութիւն, որ կը սնուցանէ յաջորդ խորհրդաժողովի օրակարգը:

Փոխլրացուցիչ նման համակարգը մը կը նպաստէ, որ կազմակերպութիւնը ունենայ ընդհանուր ինքնութիւն եւ նպատակ` միաժամանակ պահպանելով իր զանազան շրջաններու ու մասնաճիւղերու կենսունակութիւնը եւ նախաձեռնողականութիւնը:

Ինչպէ՞ս Կը Գնահատենք Մեր Յառաջընթացը

ՀՄԸՄ-ի ապագայ զարգացման մասին մտածելու համար օգտակար պիտի ըլլայ, որ մեր գործունէութիւնը պարբերաբար դիտարկենք քանի մը փոխկապակցուած չափանիշներով.

1.- Առաքելութեան իրականացում- Որքանո՞վ կը զարգացնենք հայ երիտասարդը` մարմնապէս, մտաւորապէս եւ բարոյապէս:

2.- Ծրագիրներու որակ- Արդեօք մեր սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական ծրագիրները կը համապատասխանե՞ն ժամանակակից կարիքներուն:

3.- Մարդկային ներուժ- Որքանո՞վ կը պատրաստենք եւ կը զարգացնենք նոր ղեկավարներ:

4.- Կառավարում- Որքանո՞վ յստակ են պատասխանատուութիւնները, որոշումներու սահմանները եւ հաշուետուութեան գործընթացները:

5.- Կազմակերպական կայունութիւն – Արդեօք անհրաժեշտ նիւթական, վարչական եւ մարդկային միջոցներ ունի՞նք երկարաժամկէտ շարունակականութեան համար:

6.- Համայնքային ազդեցութիւն- Ի՞նչ իրական արժէք կը ստեղծենք մեր երիտասարդներուն, ընտանիքներուն եւ համայնքներուն համար:

Այս չափանիշները կրնան ծառայել իբրեւ ընդհանուր ինքնագնահատման շրջանակ` օգնելով մեզի աւելի յստակ տեսնելու թէ՛ մեր ձեռքբերումները եւ թէ՛ զարգացման կարելիութիւնները:

Շարունակական Զարգացում` Նոյն Առաքելութեան Ծառայութեան Մէջ

ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ պատմութիւնը կը վկայէ, որ կազմակերպութիւնը զանազան ժամանակներու պայմաններուն մէջ շարունակած է զարգանալ` պահպանելով իր հիմնական առաքելութիւնը: Այսօրուան մարտահրաւէրը այդ նոյն ժառանգութիւնը ապագային փոխանցելն է` նոր սերունդներու ակնկալութիւններուն եւ աշխարհի փոխուող պայմաններուն համապատասխան:

Նման զարգացում մէկ վարչութեան կամ մէկ սերունդի գործը չէ: Ան ամբողջ կազմակերպութեան շարունակական աշխատանքն է` հիմնուած անցեալի փորձառութեան, ներկայի կարողութիւններուն եւ ապագայի հանդէպ պատասխանատուութեան վրայ:

ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւնը պէտք չէ չափել միայն իր կազմակերպած ձեռնարկներուն ծաւալով կամ արձանագրած յաջողութիւններով: Ան պէտք է չափել նաեւ այն երիտասարդներով, զորս կը դաստիարակէ, այն ղեկավարներով, զորս կը պատրաստէ, այն համայնքներով, որոնց կը ծառայէ, եւ այն հաստատութենական կարողութեամբ, զոր կը փոխանցէ յաջորդող սերունդներուն:

Նշաձողը բարձր պահել` կը նշանակէ ո՛չ միայն աւելի մեծ իրագործումներ ունենալ, այլ նաեւ` շարունակաբար զարգացնել այն մտածողութիւնը, մշակոյթը եւ հաստատութիւնը, որոնք այդ իրագործումները կը դարձնեն մնայուն եւ իմաստալից:

Այս խորհրդածութիւնները կը ներկայացուին ոչ իբրեւ վերջնական եզրակացութիւն կամ խրատ, այլ իբրեւ հարցադրումներ եւ մտածումներ` ընդհանուր քննարկման մը համար, որուն կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնց սրտին մօտ է ՀՄԸՄ-ի ապագան: Անոնք կը բխին նոյն այն ոգիէն, որով խմբագրականը մեզ կը հրաւիրէ նշաձողը միշտ բարձր պահելու:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը

RelatedPosts

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը
Անդրադարձ

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը

November 25, 2026
Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից
Անդրադարձ

Քաղաքացիութիւն, Հոգեխոց Եւ Սփիւռք. Հայաստանի Առաջարկած Բնակութեան Պահանջը` Համեմատական Հայեցակէտով

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։