4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն շահեցաւ Լաս Վեկասի կրան փրին` սկսելէ ետք փոլ-փոզիշընէն, շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին:
Արդէն իսկ ախոյեան դարձած Քիմի Անթոնելլի սկզբունքով փոլ-փոզիշընի դիրքը գրաւած էր, բայց որովհետեւ ինքնաշարժին վրայ փոփոխութիւն կատարած էր, ստիպուած 5 դիրք ետեւ անցած եւ 6-րդ դիրքէն սկսած էր:
Պէտք է ըսել, որ 50 շրջանէ բաղկացած կրան փրիի առաջին դիրքը 30 անգամ փոփոխութիւն կրեց, մանաւանդ որ Ճորճ Ռասըլ «Մերսետես»-ով քանի մը անգամ կրցաւ անցնիլ Վերշթափենի «Ռետ Պուլ»-ը, բայց նետերլանտցի վարպետ վարորդը միշտ ալ կը վերատիրանար պարագլուխի դիրքին:
Մինչեւ վերջին շրջանները Ռասըլ պայքարեցաւ առաջին դիրքին համար, բայց իր խմբակից Անթոնելլիի հետ ճակատումի մը պահուն ան կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը եւ նահանջեց` առիթ տալով, որ «Մաքլարեն»-ները իրեն անցնին:
«Խենթանալիք… իրականութեան մէջ անհաւատալի բան մըն էր, որ «Ֆորմիւլա 1»-ին մէջ չէր տեսած նման բան», ըսաւ Վերշթափեն` պատասխանելով պարագլուխի դիրքի պայքարին քանի մը անգամ փոխուելու մասին հարցումին:
Այս յաղթանակը Վերշթափենի 3-րդն էր Լաս Վեկասի թաղերուն մէջ եւ այս տարուան 4-րդը` բոլորն ալ վերջին 6 կրան փրիներուն:
«Ռետ Պուլ» շատ ձախող ձեւով սկսած էր տարեշրջանը, եւ ինքնաշարժը միայն վերջերս սկսաւ լաւ ձեւով բանիլ: Վերշթափեն 2-րդ դիրքի վրայ հաստատուեցաւ` 37 կէտերով հեռանալով «Ֆեռարի»-ի Լուիս Համիլթընէն, մինչ Ռասըլ 40 կէտով ետ կը մնայ 4-րդ դիրքին վրայ:
Այս շաբաթավերջին խումբերը կը մեկնին Քաթարի մէջ մասնակցելու տարուան 22-րդ կրան փրիին, ապա տարին կ՛աւարտի Ապու Տապիի մէջ` 6 դեկտեմբերին:


