ՄԱՔՍԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ
Ելեւմուտքի նախարարութեան մաքսատուներու տնօրէնութիւնը կը յայտարարէ, թէ կարիքը ունի ցամաքային սահմաններու վրայ գործող տարրերու:
Առ այդ, դիմումներ կ՛ընդունի երկուշաբթի, 30 նոյեմբերէն մինչեւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2026:
Դիմողները պէտք է ըլլան 18-էն 25 տարեկան եւ լիբանանցի` աւելի քան տասը տարիէ ի վեր:
Մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել Երեսփոխանական գրասենեակ, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէ ժամը 2:00:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալ քոյրերու եւ եղբայրներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 նոյեմբեր 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի պիտի ունենայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութիւն` հետեւեալ վարդապետներուն.
1.- Հոգշ. Տ. Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանի
2.- Հոգշ. Տ. Վաչէ վրդ. Պալըքճեանի
3.- Հոգշ. Տ. Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանի
4.- Հոգշ. Տ. Պսակ վրդ. Թէփիրճեանի
5.- Հոգշ. Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի
6.- Հոգշ. Տ. Զաւէն վրդ. Նաճարեանի
7.- Հոգշ. Տ. Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի
8.- Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանի
9.- Հոգշ. Տ. Օշին վրդ. Չուալերթանեանի
Տուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու,
Քաթարի եւ Շրջակայից հայոց թեմի
Յայտնենք, որ շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2026-ին, թեկնածուները վեհափառ հայրապետին ներկայութեան պիտի ներկայացնեն ու պաշտպանեն իրենց աւարտաճառերը:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութեան արարողութեան եւ աղօթակից ըլլալու մեր հոգեւոր հայրերուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

