. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆիլիփ Տիալօ իր պաշտօնական թեկնածութիւնը առաջադրեց` Ճիւննի Ինֆանթինոն փոխարինելու իբրեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն արդէն իսկ Տիալոյի թեկնածութիւնը յայտարարած էր 18 մարտ 2027-ին ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնն ալ իր հաւանութիւնը տուած է ընտրելու Տիալոն` իբրեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ:
. ՕՐԼԱՆՏՕ Սիթիի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Անթուան Կրիզման կը շարունակէ փայլիլ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ախոյեանութեան: Ան ընտրուած է «Էմ. Էլ. Էս.»-ի լաւագոյն նորեկ մարզիկը: Ան առաջին դիրքը գրաւած էր թէ՛ լրագրողներու, թէ՛ համակիրներու եւ թէ՛ ֆութպոլիստներու քուէարկութիւններով: Ան դարձած է պատմութեան առաջին ֆրանսացի ֆութպոլիստը եւ Օրլանտօ Սիթիի առաջին ներկայացուցիչը, որ կը շահի այս մրցանակը: Կրիզման աշխարհի ախոյեան դարձած երկրորդ մարզիկն է, որ կ՛ընտրուի տարուան լաւագոյն նորեկ մարզիկը արժանթինցի Թիակօ Ալմատայէն ետք (2022):
Բացի այս մրցանակէն, ան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած է` դառնալով ամսուան լաւագոյնի մրցանակին արժանացած առաջին ֆրանսացին 2012-ի մարտէն ի վեր, երբ Թիերի Հանրի շահած էր:
.ՊԵՌՆԱՐՏՕ Սիլվա Փուրթուգալի վերջին մրցումէն բացակայեցաւ` մտահոգելով Ռէալ Մատրիտի համակիրները: Օր մը ետք աւելի յստակացաւ, թէ անոր հեռանալը մարզիչին հետ հարց մըն էր… Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նման: Նիւթեր շրջան ըրին, թէ Սիլվա դժգոհ էր Ժորժ Ժեզուսի վարուելակերպէն` Ռոնալտոյի հանդէպ, կամ նոյնիսկ անոր հեգնական պատասխաններէն: Տակաւի՛ն, աւելի լուրջ հարց ալ կ՛երեւի այս բոլորին ետին, ուր Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ Պրունօ Ֆեռնանտեշի խմբապետ դառնալը ամէն ինչէ կարեւոր է: Բոլորը, կը յիշեն, թէ Պրունօ Ֆեռնանտեշ ի՛նչ ձեւով վարուած էր Ռոնալտոյի հետ, երբ վերջինս կարճ ժամանակով վերադարձած էր «կարմիր սատանաներ»-ուն: Նոյնիսկ վերջին վիճակի մասին աւելի վնասաւոր դեր կը խաղայ Պրունօ` Եունայթըտի հանդերձարանին մէջ:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ նախկին յետսապահ եւ այժմ սպանական Անտորա ակումբի սեփականատէր Ժերար Փիքէ հրապարակային ձեւով պաշտպանեց իր ակումբի բերդապահ Խեսուս Օվոնոն: 25 տարեկան բերդապահը 12 մրցումով կախակայուած էր Թեներիֆէի 30 տարեկան Խեսուս Տէ Միկելի հետ ունեցած ողբերգական բախումէն ետք, որուն պատճառով Տէ Միկել մահացած էր հիւանդանոցին մէջ:
«Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Խեսուսին հաւանաբար 12 մրցումներէ աւելի երկար ժամանակ կը պահանջուի հոգեբանօրէն պատրաստ ըլլալու եւ դաշտ վերադառնալու համար: Ոչ մէկ պատիժ կրնայ մեզ վերադարձնել Տէ Միկելը: Հիմնական հարցը հոս կը սկսի: Մենք ի՞նչ կը պատժենք… արարքը՞, թէ՞ անոր հետեւանքները», ըսաւ Փիքէ:
. ՆԻՔՕ Փաս յստակ որոշում տուած է իր ապագային վերաբերեալ: Արժանթինցի միջնապահը, որ այժմ Քոմոյի հետ բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, երկու պահանջ ունի:
Ան նախ կ՛ուզէ միանալ խումբի մը, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կը մասնակցի, եւ ապա կ՛ուզէ հիմնական մարզիկ դառնալ այս խումբին մէջ:
22 տարեկան Փաս, որ Ռէալ Մատրիտէն միացած էր Քոմոյին, 14 ելոյթի մասնակցած է այս տարեշրջանին` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 8 էսիսթ:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պարսելոնա լրջօրէն հետաքրքրած են Փասի ծառայութեամբ:
. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի նետերլանտցի յետսապահ Մաթայս Տէ Լիխթը ձեռք բերելու մասին հետաքրքրուած է Իտալիոյ Ինթեր Միլանը: Նկատի ունենալով, որ Ալեխանտրօ Պասթոնիի ապագային վերաբերեալ անորոշութիւն մը կայ, Ինթեր կ՛ուզէ տարբերակ մը ունենալ եւ լրջօրէն կը մտածէ Տէ Լիխթի մասին:
. ՌԷԱԼ Մատրիտի ղեկավարութիւնը պատրաստ է ուսումնասիրելու անգլիացի ծայրի յետսապահ Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտի փոխանցման գծով ստացած առաջակները:
«Փրեմիեր լիկ»-ի շարք մը ակումբներ լրջօրէն հետաքրքրած են անգլիացի ֆութպոլիստին փոխանցումով: Վերջինս չկրցաւ փաստել ինքզինք Ռէալ Մատրիտի հետ, նոյնիսկ Ժոզէ Մուրինիօ գոհ չէ անոր մակարդակէն եւ կը նախընտրէ ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէն անոր աջ ծայրի դիրքին վրայ օգտագործել:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ 6 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ներկայացուց թուրք միջնապահ Արտա Կիւլերին, որ մինչեւ 2032 պիտի մնայ Մատրիտի մէջ:


