Խառն մենամարտերու հայ մարտիկ Հրանդ Քալաչեան արհեստավարժ ասպարէզին մէջ իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց Ռուսիոյ Կրոզնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Էյ. Եանկ Իկըլզ 70» մրցաշարքին:
Փետուրի կշիռքի մրցումին, 30 տարեկան հայ մարտիկին մրցակիցը Բեխան Բեսայեւն էր:
Քալաչեան երրորդ ռաունտին յաղթեց իր մրցակիցին` խեղդող հնարքով` անյաղթ մնալով իր 4-րդ մրցումին:
Ասիկա Բեսայեւի առաջին պարտութիւնն էր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, մինչ հայ մարտիկի ցուցանիշը մնաց առանց պարտութեան:
Մինչեւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ին անցնիլը, Հրանդ Քալաչեան Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականին մաս կը կազմէր եւ մասնակցած էր միջազգային մեծ մրցաշարքերու:
Ան Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցած էր գրաւելով 5-րդ դիրքը: 2014-ին ան Լեհաստանի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ դարձած էր Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան` 66 քկ կշիռի մրցումներուն:
Այժմ հայ մարզիկը իր ասպարէզը կը շարունակէ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մէջ, ուր «Էյ. Սի. Էյ. Եանկ Իկըլզ» լիկային մաս կը կազմէ եւ յաղթած իր 4 մենամարտերուն:


