Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ դիրքի մրցումին բաւական առաւելութիւն ձեռք ձգեց հնդիկ վարպետ Արժուն Էրիկայսիի վրայ (14,5-5,5)` «Թոթըլ Չես Ուորլտ չեմփիընշիփ թուր 2026»-ի մրցաշարքին:
Կիսաւարտականին յաղթելէ ետք հունգարացի Ռիչարտ Ռափորթին` 29-11 արդիւնքով, աշխարհի թիւ 37 վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան երկրորդ օրուան մրցումներէն առաջ 9 կէտի առաւելութիւն ունի թիւ 15 դասուած հնդիկ վարպետին վրայ:
Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան կիսաւարտականին 11-9 արդիւնքով ետ մնալէ ետ ազրպէյճանցի Շախրիար Մամետեարովէն, կրցած էր 13,5-6,5 արդիւնքով յաղթել 2-րդ օրուան ճակատումներուն արդիւնքով:
Արոնեան, որ այժմ թիւ 20 դասուած վարպետն է, կրցաւ թայ-պրէյքով յաղթել թիւ 29 հանդիսացող Մամետեարովին:
Թիւ 13 դիրքի պայքարի աւարտականին Արոնեան կը մրցի այլ ամերիկացիի մը` Ուեզլի Սոյի դէմ (թիւ 6), որ 12,5-7,5 արդիւնքով առաւելութիւն ունեցաւ առաջին օրուան ճակատումներէն ետք:
Պուտափեշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցող այս հետաքրքրական մրցաշարքի առաջին
դիրքին համար կը պայքարին նետերլանտցի Անիշ Կիրի եւ ֆրանսացի Ալիրեզա Ֆիրուժա:
Առաջին օրուան մրցումներէն ետք Կիրի (թիւ 8) 11-9 արդիւնքով կը յառաջանայ թիւ 7 վարպետ Ֆիրուժայի վրայ:
Նշենք, որ աշխարհի թիւ 1 վարպետ Մակնուս Քարլսեն (Նորվեկիա) կը մրցի 17-րդ դիրքին համար եւ 11-9 արդիւնքով յառաջացած է ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւէն (թիւ 66), առաջին օրուան արդիւնքներէն ետք:


