Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ամէն տարի, նոյեմբեր 22-ին, Լիբանան կը տօնէ իր անկախութիւնը: Պետական դրօշները կը ծածանին, պաշտօնական արարողութիւնները կը նշեն տօնական օրը, իսկ հայրենասիրական խօսքերը կը վերակոչեն անկախութեան խորհուրդը: Սակայն տօնական այս մթնոլորտին մէջ իր ամբողջ սրութեամբ կը ներկայանայ հարցում մը, որուն պատասխանը տարուէ տարի աւելի հրատապ կը դառնայ. ի՞նչ անկախութիւն կը տօնենք, եւ որքանո՞վ անիկա արտայայտուած է լիբանանեան իրականութեան մէջ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին` 1916-ին, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած Սայքս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնութիւնը նախատեսեց Օսմանեան կայսրութեան արաբական տարածքներու ազդեցութեան գօտիներու բաժանումը: Կայսրութեան փլուզումէն ետք այդ համաձայնութեան տրամաբանութիւնը, յետպատերազմեան միջազգային որոշումներուն հետ միասին, իր գործնական արտայայտութիւնը գտաւ Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի վերաձեւման մէջ: Արաբական աշխարհին մէջ նոր պետական միաւորներ կազմուեցան, յաճախ` արտաքին ուժերու ռազմավարական հաշիւներուն եւ գծագրած սահմաններուն համաձայն: Լիբանան եւս ձեւաւորուեցաւ այս նոր աշխարհաքաղաքական դասաւորումին մէջ: 1920-ին հռչակուեցաւ Մեծն Լիբանանը, իսկ 22 նոյեմբեր 1943-ին երկիրը յայտարարեց իր անկախութիւնը Ֆրանսայէն:

Նորաստեղծ պետութեան բնակչութեան տարբեր հատուածները նոյն պատմական յիշողութիւնը, նոյն քաղաքական ձգտումները եւ նոյն ապագայի տեսլականը չունէին: Քրիստոնէական ազդեցիկ շրջանակներու համար Լիբանանը կը մարմնաւորէր ինքնուրոյն պետական միաւոր մը` Արեւմուտքի, մասնաւորաբար Ֆրանսայի հետ պատմական կապերով: Մինչդեռ սիւննի քաղաքական շրջանակներու մէկ մասը Լիբանանի պետական կազմաւորումը կը դիտէր արաբական միասնականութեան եւ Սուրիոյ հետ պատմական ու քաղաքական կապերու ծիրին մէջ` վերապահութիւններ ունենալով նոր պետութեան առանձին ինքնութեան նկատմամբ: Շիի համայնքը, որ Մեծն Լիբանանի կազմաւորմամբ իր պատմական բնակավայրերով ընդգրկուեցաւ նորաստեղծ պետութեան սահմաններուն մէջ, երկար ժամանակ պետական իշխանութեան կառոյցներուն եւ քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ ունեցաւ սահմանափակ ներկայացուածութիւն եւ դերակատարութիւն:

Այս տարբեր ձգտումները կը բացայայտէին նորաստեղծ պետութեան հիմնական հակասութիւններէն մէկը. բնակչութիւնը կը գտնուէր նոյն պետական սահմաններուն մէջ, սակայն տակաւին չէր ձեւաւորած ընդհանուր ազգային պատկանելիութեան այն գիտակցութիւնը, որ պիտի միաւորէր զայն մէկ հայրենիքի գաղափարին շուրջ: Հետեւաբար ազգային միասնականութեան խնդիրը անկախութենէն ետք յառաջացած դժուարութիւն մը չէր, այլ` Լիբանանի պետականութեան կազմաւորման սկզբնական շրջանին իսկ առկայ հիմնահարց մը:

Լիբանանի կրօնական եւ համայնքային բազմազանութիւնը, որ կրնար դառնալ ազգային հարստութեան աղբիւր, քաղաքական կեանքը պայմանաւորող հիմնական գործօնի վերածուեցաւ աստիճանաբար: Համայնքային պատկանելիութիւնը յաճախ գերադասուեցաւ քաղաքացիական եւ ազգային պատկանելիութենէն: Անհատին քաղաքական դիրքորոշումը, անվտանգութեան պատկերացումը եւ ապագայի ակնկալիքները շատ անգամ կը պայմանաւորուէին իր համայնքին շահերով, մինչդեռ հայրենիքի ընդհանուր շահը կը մղուէր երկրորդական դիրք:

1943-ի Ազգային ուխտով հաստատուած փոխհամաձայնութիւնը նպատակ ունէր ապահովելու քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու համակեցութիւնն ու քաղաքական հաւասարակշռութիւնը: Սակայն անիկա միաժամանակ պետական համակարգին մէջ ամրագրեց համայնքային ներկայացուցչութեան սկզբունքը` համեմատաբար երկրորդական տեղ տալով քաղաքացիական միասնականութեան գաղափարին: Այս պայմաններուն մէջ պետական հաստատութիւնները յաճախ դարձան համայնքային ղեկավարներու եւ քաղաքական ուժերու միջեւ ազդեցութեան ու շահերու բաշխման ասպարէզ, իսկ համազգային շահը` այդ մրցակցութեան ենթակայ:

Երբ իւրաքանչիւր համայնք իր քաղաքական դիրքորոշումն ու ապագայի ակնկալիքները կը պայմանաւորէ սեփական շահերով, ազգային ընդհանուր օրակարգ մը կազմելը կը դառնայ դժուար: Աւելի մտահոգիչ է, որ շրջանային եւ միջազգային ուժերը այս ներքին բաժանումները կը շահագործեն` իրենց ազդեցութիւնը տարածելու եւ իրենց շահերը պաշտպանելու նպատակով: Այսպէս, Լիբանան աստիճանաբար դարձաւ արտաքին մրցակցութիւններու բեմ, իսկ իր քաղաքական կեանքը` օտար ուժերու ազդեցութեան ենթակայ խաղադաշտ:

Այսօր Լիբանանի ամբողջականութեան գաղափարը կը շարունակէ տեղ գտնել պետական խորհրդանիշներուն եւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ, մինչդեռ լրջօրէն խաթարուած է անոր իրական բովանդակութիւնը: Ազգային համախոհութեան բացակայութիւնը կը խորացնէ քաղաքական հակադրութիւնները, կը խախտէ համակեցութեան հիմքերը եւ երկրի հողային ամբողջականութեան պահպանումը կը վերածէ շարունակական մտահոգութեան:

Տնտեսութիւնը կը քայքայուի, պետական հաստատութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը կը նուազի, երիտասարդութիւնը իր ապագան կը փնտռէ օտար ափերու վրայ, իսկ երկիրը կը շարունակէ գոյատեւել ներքին հակասութիւններու եւ արտաքին միջամտութիւններու միջեւ: Իշխանութեան ղեկին շուրջ փոփոխութիւնները յաճախ կը սահմանափակուին ազդեցութեան կեդրոններու վերադասաւորումով` առանց պետական կեանքի հիմնական ախտերը բուժելու: Արտաքին հովանաւորի մը փոխարինումը ուրիշով դեռեւս չի նշանակեր, թէ պետութիւնը ձեռք բերած է իր ազգային շահերէն բխող ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւն:

Այս պայմաններուն մէջ անկախութեան խորհուրդը կը պահանջէ աւելի խորունկ վերարժեւորում: Անկախութիւնը լոկ օտար տիրապետութենէն ազատագրուելու պատմական իրողութիւն մը չէ: Անիկա սեփական ճակատագիրը տնօրինելու, ազգային շահը համայնքային հաշիւներէ վեր դասելու, պետական հաստատութիւնները պաշտպանելու եւ արտաքին ուժերու պարտադրանքներուն դիմակայելու կարողութիւնն է: Անկախ պետութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ են նաեւ` անկախ մտածողութիւն, ազգային պատասխանատուութիւն եւ միասնական քաղաքական կամք:

Լիբանանի համայնքային բազմազանութիւնը կրնայ հարստութեան աղբիւր ըլլալ, եթէ անիկա հիմնուի փոխադարձ յարգանքի, հաւասար քաղաքացիութեան եւ հայրենիքի հանդէպ ընդհանուր պատասխանատուութեան վրայ: Ո՛չ մէկ համայնքի ապահովութիւնը կրնայ երկարաժամկէտ երաշխաւորուիլ ամբողջ երկրին անկայունութեան գնով, եւ ո՛չ մէկ համայնքի յաղթանակ կրնայ իսկական յաղթանակ ըլլալ, եթէ հայրենիքը քայքայուի:

Այս ընդհանուր իրադրութեան մէջ առանձնայատուկ պատմական նշանակութիւն ունի հայ համայնքի դիրքորոշումը: 1943-էն մինչեւ այսօր` 2026 թուականը, լիբանանահայութիւնը, իր պատմական ներկայութեամբ եւ քաղաքական մասնակցութեամբ, հետեւողականօրէն կառչած մնացած է երկրի հողային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան սկզբունքներուն: Հայութեան քաղաքական պատկերացումը Լիբանանի ապագային շուրջ հիմնուած է տարբեր կրօնական եւ համայնքային պատկանելիութիւն ունեցող քաղաքացիներու խաղաղ համակեցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ազգային համերաշխութեան վրայ:

Այս դիրքորոշումը իր պատմական նշանակութեամբ առանձնայատուկ արտայայտութիւն գտաւ 1975-ին սկսած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Երբ երկիրը բաժնուած էր հակամարտող ճակատներու, իսկ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը կը խորացնէր ներքին պառակտումը, հայ երեք աւանդական կուսակցութիւնները որդեգրեցին «դրական չէզոքութեան» քաղաքականութիւնը: Անիկա պարզապէս պատերազմէն հեռու մնալու կամ սեփական համայնքը պաշտպանելու մարտավարութիւն մը չէր: Անոր հիմքին կը գտնուէր այն համոզումը, թէ Լիբանանի փրկութիւնը պէտք է որոնել ոչ թէ զինեալ ճակատներու յաղթանակին, այլ քաղաքական երկխօսութեան, փոխզիջումի եւ ազգային համերաշխութեան վերականգնումին մէջ: Հայ քաղաքական ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով հանդէս եկան երկխօսութեան եւ հաշտութեան նախաձեռնութիւններով` պաշտպանելով գերիշխան եւ ամբողջական Լիբանանի գաղափարը: Այս քաղաքականութիւնը նաեւ հայ համայնքին հնարաւորութիւն տուաւ պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ պահպանելու իր ներքին միասնականութիւնը եւ միջհամայնքային կապերը:

Այսօր, երբ Լիբանան դարձեալ կը դիմագրաւէ պառակտումի, տնտեսական փլուզման, արտաքին միջամտութիւններու եւ պետական գերիշխանութիւնը խաթարող վտանգներ, հայ համայնքի պատմական կեցուածքը կը ստանայ նոր հրատապութիւն: Այս սկզբունքներուն հետեւողական պաշտպանութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոսի խոհեմ եւ հեռատես առաջնորդութեամբ: Իր հրապարակային պատգամներով եւ հետեւողական դիրքորոշումներով վեհափառ հայրապետը ոչ միայն կը պաշտպանէ Լիբանանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետական հաստատութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, այլեւ կը շեշտէ համայնքներու միջեւ վստահութեան, համերաշխութեան եւ համազգային պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւնը: Անոր այս դերակատարութիւնը կը վկայէ, որ Հայ եկեղեցին ու համայնքը Լիբանանի կեանքին մէջ իրենց ներկայութիւնը կը պայմանաւորեն ոչ միայն սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, այլեւ` ամբողջ երկրին բարօրութեան եւ կայունութեան նկատմամբ ստանձնած պատասխանատուութեամբ: Լիբանանի ապագան չի կրնար կառուցուիլ համայնքներու փոխադարձ անվստահութեան, զինեալ ուժերու գերակայութեան կամ օտար պետութիւններու շահերուն ենթակայ քաղաքականութեան վրայ: Անիկա կը պահանջէ ինքնիշխան պետականութիւն, հաւասար քաղաքացիութիւն, արդար ներկայացուցչութիւն եւ բոլոր համայնքներու միջեւ անկեղծ համերաշխութիւն:

Լիբանանի ամբողջականութիւնը հայութեան համար նաեւ իր սեփական պատմութեան, արժանապատուութեան եւ ապագայի պահպանման պայմանն է: Այս գիտակցութիւնը պէտք է շարունակէ առաջնորդել հայ համայնքի ազգային եւ քաղաքական մասնակցութիւնը: Հայութիւնը, միաժամանակ, պէտք է միասնական կամքով պաշտպանէ իր իրաւունքները, ապահովէ իր արժանի տեղն ու ներկայացուածութիւնը Լիբանանի պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ եւ իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերէ երկրին ապագայի կերտման: Սեփական իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու Լիբանանի ընդհանուր շահերուն նկատմամբ պատասխանատուութիւնը հակադրութիւններ չեն, այլ` զիրար ամբողջացնող պարտաւորութիւններ:

Նոյեմբեր 22-ը, հետեւաբար, պէտք է դառնայ ոչ միայն անկախութեան յիշատակութեան, այլեւ ազգային խղճմտանքի վերազարթօնքի եւ համազգային զգաստութեան օր: Լիբանանին անհրաժեշտ է դուրս գալ համայնքային հաշուարկներու նեղ շրջանակէն եւ վերադառնալ պետական մտածողութեան: Համախոհութիւնը, համակեցութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պէտք է դադրին հանդիսաւոր ճառերու բառապաշար ըլլալէ եւ դառնան պետական կեանքի իրական հիմքերը:

Ի վերջոյ, հարցը այն չէ, թէ Լիբանան ունի՞ անկախութեան հռչակագիր, պետական դրօշ եւ խորհրդանիշներ: Հարցը այն է, թէ պետութիւնը ունի՞ իր ամբողջ տարածքին վրայ գործադրուող գերիշխանութիւն, ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու կարողութիւն եւ բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար իրաւունքներ երաշխաւորելու կամք: Եւ, ամէնէն առաջ, լիբանանցին պատրա՞ստ է համայնքային պատկանելիութենէն անդին տեսնելու իր ազգային ինքնութիւնը եւ հայրենիքի ընդհանուր շահը վեր դասելու նեղ հատուածական հաշիւներէն:

Անկախութիւնը պետութեան գերիշխանութիւնն է, որեւէ արտաքին ուժի առջեւ չխոնարհող պետական կամքը եւ բոլոր քաղաքացիներուն հաւասար պատկանելիութիւնը մէկ հայրենիքի: Քանի դեռ համայնքային շահերը կը գերադասուին պետական շահէն, զինեալ ուժերը կը վիճարկեն պետութեան գերիշխանութիւնը, իսկ արտաքին ուժերը կը տնօրինեն երկրի քաղաքական օրակարգը, Լիբանանի անկախութիւնը պիտի մնայ կիսատ: Դրօշ ծածանելը տակաւին չի  նշանակեր ունենալ անկախ պետութիւն: Լիբանանին պէտք է ոչ թէ անկախութեան տօնակատարութիւններու նոր արարողակարգ, այլ` իր անկախութիւնը իրականութեան վերածելու քաղաքական կամք:

 

 

Նախորդը

Անկախութի՞ւն, Բայց Ի՞նչ Անկախութիւն

RelatedPosts

Արեան Կանչը
Անդրադարձ

Անկախութի՞ւն, Բայց Ի՞նչ Անկախութիւն

November 21, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ազդակ»-ի. Պատմութեան Վկան

November 20, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյանքը Փաստի Սով Է»

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.