Անկախութի՜ւն… ի՜նչ քաղցր ու բաղձալի կը հնչես մեր ականջներուն: Բառ մը ըլլալէ անդին` հասկացողութիւն մը, որ առիթ կու տայ մեր միտքերուն` սաւառնելու ազատութեան պայծառ երկինքին տակ: Ժողովուրդի մը ապրելակերպը եւ ինքնութիւնը կը կերտուին անկախութեան պայմաններուն մէջ, երբ ան ինքնուրոյն եւ առանց կաշկանդումներու կեանք մը կը վարէ: Այլ խօսքով, անկախութիւնը միայն այն չէ, որ պետութիւն մը քարտէսի վրայ անկախ երկիր է: Ան կը նշանակէ, թէ պետութիւն մը վերջնական որոշողն է իր տարածքի, զէնքի, պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցերուն մէջ:
Ներկայիս ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի Լիբանանը` անկախութեան պայքարին առնչութեամբ: Գիտենք, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յստակօրէն կ՛ըսէ. «Լիբանանը ինքնիշխան, ազատ եւ անկախ երկիր է: Իսկ իշխանութեան եւ ինքնիշխանութեան աղբիւրը լիբանանցի ժողովուրդն է»: Լա՞նք, թէ՞ խնդանք այս խօսքին վրայ, երբ այսօր Լիբանանը վտանգաւոր եւ անապահով կացութեան մէջ է, քան երբեւէ: Երբեմն խօսք մը որքա՜ն տարբեր կ՛ընկալուի` տարբեր ժամանակաշրջաններու:
Արդեօք կարօտով չե՞նք յիշեր Լիբանանի նախապատերազմեան ոսկեդարը` մինչեւ 1975 թուականը, երբ երկիրը կը վայելէր խաղաղութեան, համակեցութեան եւ բարգաւաճման բացառիկ շրջան մը: Երբ երկինքը խաղաղ էր, ծովը` կապոյտ, փողոցները` կենդանի, իսկ ամէնէն կարեւորը` մարդոց սիրտերը` լեցուն յոյսով եւ կենսուրախութեամբ:
Պէյրութը կը կոչուէր «Միջին Արեւելքի Փարիզը», որ կը շնչէր` մշակոյթով, արուեստով, երաժշտութեամբ ու ազատութեան ոգիով: Առաւել` կրթութեան եւ առեւտուրի կարեւոր կեդրոն մըն էր: Ան նոյնպէս սիրոյ եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ էր: Տարբեր համայնքներու մարդիկ կողք կողքի կ՛ապրէին իրենց ինքնուրոյն սովորութիւններով, սակայն` նոյն երազանքներով եւ ձգտումներով:
Մանկութեանս յուշերուն մէջ Պէյրութը միշտ կը ներկայանայ իր հնամենի, արեւելեան բոյր սփռող թաղերով: Մայրս իր բոլոր գնումները կը կատարէր Պէյրութի կեդրոնէն, ուր շուկաները կը յատկանշուէին իրենց առատութեամբ, աժան գիներով եւ ճոխ ու բազմազան ընտրանիով: Սուք էլ Նուրիէն` պտուղի եւ բանջարեղէնի այդ աղմկոտ ու խառնիճաղանճ շուկան, որուն փողոցներուն մէջ ամէն քայլափոխի ոտքերդ կը թաղուէին գետին փռուած ու ճզմուած պտուղներու կեղեւներուն եւ կոխկռտուած կանանչեղէնի մնացորդներուն մէջ: Սուք Այասը, ուր կերպասի վաճառատուներուն մէջ յաճախորդերուն կողմէ վաճառորդին ուղղուած սակարկութեան խօսքերու «տեղատարափ» մը կար միշտ: Իսկ գոց շուկաներու ժխորը, վաճառականներուն կանչերն ու անցորդներուն իրարանցումը կը կազմէին այդ վայրին յատուկ մթնոլորտ մը: Այդ շուկաներուն փողոցները այնքա՜ն նեղլիկ էին, որ կարծես ցուցափեղկերը եւ հոն ցուցադրուած զգեստները փուլ պիտի գային գլխուդ: Կարելի չէ մոռնալ նոր խարկուած գետնանուշը, զոր ափրիկեցի կիներ կը դնէին եռոտանի բարձր, կլոր սեղաններու վրայ եւ տասը դահեկանի կը ծախէին: Գետնանուշներուն տաք, ախորժաբեր բոյրը կը տարածուէր չորս կողմը` օդը պարուրելով զգլխիչ բուրմունքով մը: Է՜հ օրեր… երբ կեանքը, իր բազմակողմանի ծալքերով, աւելի պարզ կը թուէր, եւ ապագան ժպիտով կը դիմաւորուէր:
Այսօր լիբանանցին, հակառակ անոր որ անկախ պետութեան մը քաղաքացի է, ամէն օր կը պայքարի լիարժէք ինքնիշխան պետութիւն ունենալու համար: Ի՞նչ բանի դէմ պայքարիլ: Արտաքին ազդեցութեա՞ն, ներքին փտածութեա՞ն, կրօնական տարբեր համոզումներո՞ւ դէմ, քաղաքական առաջնորդներու անձնական շահերո՞ւն… եւ անկախութեան գաղափարը կը մնայ գեղեցիկ, բայց անկատար խոստում մը:
Անկախութիւնը կը պահանջէ ուժ, միասնութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` սեփական երկրին հանդէպ պատասխանատու վերաբերմունք: Երկրի մը ուժը, սակայն, միայն իր հարստութիւններով կամ բանակով չի չափուիր, անոր մեծագոյն հարստութիւնը իր ժողովուրդն է: Լիբանանցին նախ եւ առաջ ինքզինք պէտք է տեսնէ իբրեւ մէկ հայրենիքի զաւակ. տարբեր քաղաքական պատկանելիութիւնները եւ համանքային տարբերութիւնները պէտք է նկատուին հարստութիւն, որ կը նպաստէ երկրի բազմազանութեան եւ կենսունակութեան: Իսկ անկախ երկրի մը կարեւորագոյն չափանիշներէն են, թէ որքանո՞վ անոր ժողովուրդը կը հաւատայ իր ապագային, իր ուժին եւ պատրաստ է իրեն բաժին ինկած պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Յոյսով ենք, որ օր մը հին օրերու խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ոգին կը վերադառնայ Լիբանան, եւ ան կը վերագտնէ իր երբեմնի փառքը: Իսկական անկախութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ իւրաքանչիւր լիբանանցի կարենայ ապրիլ առանց վախի, իր իրաւունքները պաշտպանուած տեսնէ եւ վստահ ըլլայ, որ իր երկրին ապագան կը կերտուի իր իսկ հայրենիքին մԷջ:
Թող յառաջիկայ սերունդները ստիպուած չըլլան իրենց հայրենիքը յիշելու միայն կարօտով, այլ կարենան անոր մէջ ապրիլ ապահովութեամբ եւ սեփական ուժերով կերտեն իրենց ապագան: Թող Լիբանանի երկինքը դարձեալ լուսաւորուի յոյսի եւ ազատութեան լոյսով, եւ ան դառնայ «յաւերժական տուն» իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար:



