Հայաստանցի վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց հունգարացի Ռիշարտ Ռափորթի դէմ, Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) ընթացող «Թոթըլ Չես Ուորլտ Չեմփիընշիփ Թուր Փայլըթ 2026» մրցաշարքի 9-րդէն 12-րդ դիրքերու կիսաւարտականի առաջին օրուան ճակատումին:
Մարտիրոսեան 3-9 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց ան կրցաւ մրցակիցին առաւելութիւնը ոչ միայն նուազեցնել, այլեւ փակեց օրուան մրցումներու շարքը` 11-9 արդիւնքով յաղթանակով:
Պէտք է ըսել, որ ճակատումները քանի մը ձեւի մրցումներով տեղի կ՛ունենան: Կայծակնային ճատրակի 4 ճակատումներու արդիւնքով, Մարտիրոսեան 3-1 արդիւնքով ետ կը մնար: Արագ ճատրակի մրցումներէն ետք արդիւնքը բարձրացած էր 6-2-ի:
Վերջին մրցումներէն առաջ Հայկ Մարտիրոսեան 9-3 արդիւնքով ետ կը մնար, բայց արագացած դասական ճատրակին կը շնորհուէր 8 կէտ, ինչ որ հայ վարպետին կարելիութիւն կրնար տալ փոխել դիմակալութեան ընթացքը:
Հակառակ սեւ քարերով խաղալուն, Մարտիրոսեան կրցաւ յստակ առաւելութիւն ունենալ Ռափորթի վրայ: Հունգարացի վարպետը, որ մաս կը կազմէ ճատրակի դասաւորման լաւագոյն 30-ին, 26-րդ շարժումէն ետք ընդունեց իր պարտութիւնը: Այս յաղթանակը Հայկ Մարտիրոսեանին 8 կէտ շնորհեց` առաջին օրուան ճակատումը աւարտելով 11-9 արդիւնքով:
Այժմ Հայկ Մարտիրոսեանի կը մնայ օր մը եւս պայքար, ուր 7 ճակատումներ եւս պիտի ունենայ հունգարացի իր մրցակիցին դէմ:
4 ճակատում Պլից (կայծակնային ճատրակ), յաղթանակը` 1 կէտ, արագ ճատրակ (Ռափիտ) 2 ճակատում եւ յաղթանակը 4 կէտ, եւ մէկ ճակատում արագացած դասական ճատրակ` 8 կէտերու համար:
Յաղթանակի կամ հաւասարութեան պարագային Հայկ Մարտիրոսեան պիտի մրցի 9-րդ դիրքին համար` Արժուն Էրիկայսի – Եորտեն Վան Ֆորեսթ ճակատումի յաղթականին դէմ:


