ՇԱՔԷ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՅԵԱՆ
Այն օրը կարեւոր հանդիպում-ժողով մը ունէի եւ սովորականէն աւելի կանուխ Պուրճ Համուտ (սփիւռքի փոքրիկ Հայաստանը) հասած էի: Փողոցները դեռ ամբողջովին չէին արթնցած, իսկ առաւօտեան լռութեան մէջ մարդիկ կը քալէին իրենց մտածումներուն մէջ:
Դիմացս միջին տարիքի կին մը ելաւ, եւ չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, երբ աչքերս հանդիպեցան անոր աչքերուն, ժպտեցայ եւ սրտանց «Բարի լոյս» ըսի:
Կինը պահ մը կանգ առաւ, նայեցաւ ինծի, կարծես` յանկարծակիի եկած ըլլար, ապա հարցուց.
– Ես քեզ կը ճանչնա՞մ:
– Չես ճանչնար, բայց Աստուծոյ բարեւը տուի քեզի,- ըսի ու քալեցի:
Այդ հարցումը պահ մը զիս ալ կանգնեցուց: Ո՛չ, չէի ճանչնար զինք, ան ալ զիս չէր ճանչնար, բայց այդ կարճ հանդիպումը երկար մտածումի մը սկիզբ դարձաւ:
Ինչո՞ւ ան մտածեց, թէ պէտք էր զինք ճանչնայի, որպէսզի իրեն «Բարի լոյս» մը ըսէի:
Ե՞րբ բարեւը դարձաւ այնպիսի բան մը, որ կը պահանջէ ծանօթութիւն:
Ե՞րբ սկսանք իրարու կողքէն անցնիլ` առանց աչքերուն նայելու, առանց ժպտելու, առանց նոյնիսկ մէկ բառ փոխանակելու:
Այդ առաւօտ ես հասկցայ, որ երբեմն երկու բառեր («Բարի լոյս»), կրնան մարդուն առջեւ մեծ հարցում մը բանալ:
Եւ այդ հարցումը պարզ էր` ի՞նչ եղաւ մեր բարեւին:
Կան բառեր, որոնք լեզուին մէջ միայն բառ չեն: Անոնք փոքրիկ դռներ են, որոնց միջոցով մարդ կը մտնէ ուրիշի սրտէն ներս: Կան բառեր, որոնք կը հնչեն մէկ վայրկեան, բայց իրենց ետին կը ձգեն` դարերու յիշողութիւն, մարդկային ջերմութիւն, բարութիւն ու մշակոյթ:
Այդ բառերէն մէկը բարեւն է:
Բարե՛ւ:
Երկու վանկ միայն, բայց երբեմն երկու վանկը բաւական է` սառնութիւնը հալեցնելու, հեռաւորութիւնը մօտեցնելու, լռութիւնը խզելու եւ մարդ մարդուն մտերմացնելու:
Մենք այնքան սովոր ենք այս բառին, որ երբեմն չենք ալ զգար անոր ամբողջ կշիռը: Առտուն կ՛ըսենք «Բարի լոյս», մէկու մը կը հանդիպինք` «Բարեւ», կը բաժնուինք` «Մնաս բարով», հեռուէն կը ղրկենք` «Բարեւներս փոխանցէ»: Եւ կարծես թէ այդ բոլորը սովորական խօսքեր են:
Բայց ո՛չ: Բարեւը երբեք սովորական բառ մը չէ: Ան մարդու մը կողմէ դիմացինին յղուած առաջին բարի ցանկութիւնն է:
Բառին հին ձեւը` բարեաւ, գրաբարեան կազմութեամբ կապուած է «բարի» բառին եւ կը նշանակէր «բարիով», «բարութեամբ», «լաւ կերպով»: Ուրեմն հայ մարդը դարերէ ի վեր իր դիմացինին առաջին հանդիպման պահուն կարծես կ՛ըսէր. «Քեզի բարին», «Բարութեամբ ըլլաս», «Բարին քեզի հետ ըլլայ»:
Ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը կայ այս պարզ բառին մէջ:
Բարեւը հանդիպում է երկու անձերու, որոնք մինչեւ այդ պահը երկու առանձին աշխարհներ էին, մէկ բառով կը ստեղծեն փոքրիկ կամուրջ մը իրենց միջեւ: Այդ կամուրջը կրնայ մէկ վայրկեան տեւել, կրնայ նաեւ տարիներու բարեկամութեան սկիզբը դառնալ:
Երբ առտու մը փողոցին մէջ ծանօթի մը կ՛ըսենք «Բարեւ», իրականութեան մէջ միայն չենք ողջուներ զայն: Կարծես կ՛ըսենք. «Ես քեզ տեսայ», «Քու գոյութիւնդ նկատեցի», «Դուն ինծի համար անտեսանելի չես»:
Եւ այսօր, երբ մարդոց մէջ այնքան շատ են անտարբերութիւնը, առանց իրարու նայելու իրարու կողքէն անցնելու սովորութիւնը, պարզ բարեւը գրեթէ մարդկային վերաբերմունքի փոքրիկ հրաշք մը կը դառնայ:
Երբ մէկը քեզ կը բարեւէ, քեզ կը ճանչնայ որպէս մարդ: Երբ դուն կը բարեւես, կը հաստատես, որ դիմացինդ արժանի է քու ուշադրութեանդ: Ահա թէ ինչո՛ւ բարեւը քաղաքավարութեան սոսկ ձեւ մը չէ: Ան մարդկային արժանապատուութեան փոքրիկ արտայայտութիւն մըն է:
Մեր մեծերուն բարեւը ուրիշ համ ու բոյր ունէր, անոնք բարեւը չէին նետեր օդին մէջ, այլ բարեւը կ՛ուղղէին մարդուն աչքերուն նայելով. մեծին` յարգանքով, ծանօթին` ջերմութեամբ, տարեցին` պատկառանքով, մտերիմին` սիրով:
Երբեմն գլուխ կը խոնարհէին, երբեմն ձեռք կը սեղմէին, երբեմն` կ՛ըսէին. «Բարեւ ձեզ», եւ այդ ձեզին մէջ կար յարգանք մը, որ այսօր քիչ-քիչ կը նօսրանայ:
Մեր լեզուն անգամ տարբեր ձեւերով կը պահպանէ բարեւի մշակոյթը: Հայերէնի մէջ բարեւը նոյնիսկ ճամբորդող բառ է. մենք կրնանք մեր ներկայութիւնը ուրիշի մը հասցնել` ըսելով. «Իմ կողմէս բարեւէ»:
Որքա՜ն մարդկային է այս արտայայտութիւնը: Դուն հոն չես, բայց քու բարեւդ հոն է: Քու ձայնդ չկայ, բայց անունդ կը հասնի: Քու ձեռքդ չի սեղմեր դիմացինիդ ձեռքը, բայց քու բարեմաղթանքդ կը հասնի անոր:
Բարեւը բացակայ մարդուն ներկայութիւն տուող փոքրիկ պատգամ մըն է:
Եւ ի՜նչ գեղեցիկ է հայերէնի բաժանումը`
Բարի լոյս:
Բարի օր:
Բարի երեկոյ:
Մնաս բարով:
Օրուան տարբեր պահերը անգամ մենք բարութեամբ կը շրջապատենք:
Առաւօտը` լոյսով:
Օրը` բարութեամբ:
Երեկոն` խաղաղութեամբ:
Իսկ բաժանումը` բարով:
Այսինքն հայ մարդուն լեզուին մէջ օրը միայն ժամանակ չէ. ան բարի մաղթանքի շարունակութիւն է:
Երբ մէկը կը հեռանայ եւ կ՛ըսենք` «Մնաս բարով», բառացիօրէն կը փափաքինք, որ ան մնայ բարութեան մէջ: «Բարով» բառը հայերէնի մէջ նաեւ կը գործածուի ուրախութեամբ, սիրով, առանց փորձանքի, յաջողութեամբ իմաստներով:
Բարին` իբրեւ խօսք: Բարին` իբրեւ մաղթանք: Բարին` իբրեւ ճանապարհ: Բարին` իբրեւ վերադարձ:
Բայց այսօր ի՞նչ եղաւ մեր բարեւը: Կը վախնամ, որ երբեմն մենք բարեւը ունինք մեր շրթներուն վրայ, բայց չունինք մեր սրտին մէջ:
Կ՛ըսենք «Բարե՛ւ», բայց չենք նայիր մարդուն երեսին: Կը հանդիպինք ծանօթի մը, բայց հեռախօսէն չենք կտրուիր:
Կ՛անցնինք տարեց մարդու մը կողքէն` առանց նկատելու անոր սպասող աչքերը: Կը մտնենք սենեակ մը` առանց բարեւելու: Կը հեռանանք` առանց մնաս բարով ըսելու: Եւ այսպէս, քիչ-քիչ, բառը կը մնայ, բայց ոգին կը պակսի: Իսկ բառ մը, երբ ոգին կը կորսնցնէ, կը դառնայ ձայն միայն:
Բարեւը ձայն չէ: Բարեւը վերաբերմունք է: Բարեւը մարդու մը ներկայութիւնը ընդունիլ է:
Մեր ժամանակներուն մարդիկ երբեմն շատ բան ունին, բայց իրարու համար ժամանակ չունին: Կը խօսին հեռաւոր երկիրներու մարդոց հետ հեռախօսներով, պատկերներով, հաղորդագրութիւններով: Գիտեն աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը անցնող լուրերը, բայց երբեմն իրենց կողքին նստած մարդուն չեն հարցներ. «Ինչպէ՞ս ես»:
Եւ ահա հոս կը վերադառնայ բարեւը, որովհետեւ իսկական բարեւը միայն բարեւ ըսելը չէ:
Ան կրնայ նաեւ ըսել. «Ինչպէ՞ս ես», «Ուրախ եմ քեզ տեսնելով», «Կը յիշեմ քեզ», «Քու ներկայութիւնդ կարեւոր է ինծի համար»:
Երբեմն տարեց մարդու մը ուղղուած անկեղծ բարեւ մը կրնայ անոր ամբողջ օրը լուսաւորել: Երբեմն միայնակ կնոջ մը դրան առջեւ կանգնած «Բարի լոյս»-ը կրնայ ըսել` «Դուն մինակ չես»: Երբեմն երեխայի մը բարեւին ժպիտով պատասխանելը կրնայ անոր մէջ քաղաքավարութեան, սիրոյ եւ յարգանքի սերմ մը ցանել: Եւ այդ սերմը վաղը պիտի դառնայ վարքագիծ: Մանուկին բարեւել սորվեցնելը պարզ քաղաքավարութիւն մը չէ: Անոր կը սորվեցնենք նկատել ուրիշը: Կը սորվեցնենք յարգել մեծը: Կը սորվեցնենք չանցնիլ մարդոց կողքէն իբր թէ անոնք գոյութիւն չունին: Կը սորվեցնենք մեր ներկայութիւնը ուրիշին չպարտադրել, այլ` մեր ներկայութեամբ բարութիւն ստեղծել:
Երբ մեր մայրերը մեզի փոքր տարիքէն կ՛ըսէին. «Եթէ մէկը մտաւ, բարեւէ՛»: Իրականութեան մէջ անոնք միայն մէկ բառ չէին սորվեցներ, անոնք կեանքի մշակոյթ կը փոխանցէին, մեզի կը սորվեցնէին, թէ մարդը նախ մարդ է:
Բարեւը բոլորին կը տրուի, եւ հոն է անոր մեծութիւնը:
Բարեւը նաեւ հաշտութեան բառ կրնայ ըլլալ: Երկու անձեր կրնան ամիսներով իրարմէ նեղացած ըլլալ, չխօսիլ իրարու հետ, իրարու աչքերէն խուսափիլ: Բայց օր մը անոնցմէ մէկը եթէ մեղմ ձայնով ըսէ` «Բարեւ…», այդ մէկ բառը կրնայ պատը ճեղքել: Գուցէ դեռ ներողութիւն չկայ, գուցէ հին վիրաւորանքը չէ անհետացած, բայց դուռ մը կը բացուի: Եւ երբեմն հաշտութիւնը այդպիսի փոքրիկ դռերէ կը սկսի, որովհետեւ «Բարեւ»-ը կրնայ ըսել. «Այլեւս թշնամիներ չըլլանք»:
Բարեւը մեր ազգային կեանքին մէջ ալ իր արժէքն ունի: Հայը աշխարհի որեւէ անկիւնը, երբ հայու մը հանդիպի, շատ անգամ առաջին կամուրջը լեզուն է. «Բարեւ»: Այդպէս, յանկարծ օտար քաղաք մը քիչ մը կը դառնայ հարազատ: Մէկ բառով երկու անծանօթներ կրնան իրարու մէջ հայրենի հող մը զգալ:
Փարիզի սրճարաններուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքներուն, Մարսէյի, Քանատա կամ Սիտնիի մէջ երբ երկու հայ իրարու հանդիպին եւ հայերէն բարեւեն, այդ բառը միայն ողջոյն մը չէ: Ան ինքնութեան փոքրիկ դրօշակ մըն է: Այդ պատճառով ալ հայերէն բարեւը պահպանելը լեզու պահպանելէն աւելի բան մըն է: Բարեւը պահելը մարդկային եւ ազգային մշակոյթի մէկ փոքրիկ պատառիկ պահել է, սակայն ամէնէն գեղեցիկ բարեւը այն չէ, որ բարձրաձայն կ՛արտասանուի, ամէնէն գեղեցիկ բարեւը այն է, որ սրտէն կու գայ: Արդարեւ, կայ բարեւ մը, որ միայն շրթներուն վրայ է:
Կայ ուրիշ մը, որ աչքերուն մէջ կը ժպտի: Կայ բարեւ մը, որ ձեռք կը սեղմէ: Կայ բարեւ մը, որ տարիներու կարօտ կը բերէ: Եւ կայ բարեւ մը, զոր այլեւս չենք կրնար լսել:
Մեր կեանքին մէջ եղած են մարդիկ, որոնց «Բարեւ»-ը այսօր ալ կարծես կը լսենք:
Մայր մը:
Հայր մը:
Տատիկ մը:
Ուսուցիչ մը:
Հին բարեկամ մը:
Մէկը, որ այսօր այլեւս մեր կողքին չէ:
Անոնց ձայնը հեռացած է, բայց բարեւը մնացած է:
Ու կը մտածենք. «Երանի անգամ մը եւս լսէի անոր բարեւը»: Ճիշդ այդ պահուն կը հասկնանք, որ որոշ բառեր մահ չունին:
Մարդը կ՛երթայ: Ձայնը կը լռէ, բայց անոր ըսած բարեւը կրնայ տարիներ շարունակ ապրիլ մեր յիշողութեան մէջ:
Այդ ժամանակ կը հասկնանք, որ բարեւը երբեմն ձայն չէ: Յիշողութիւն է: Գուցէ այդ է պատճառը, որ պէտք է աւելի շատ բարեւենք: Բարեւենք մեր տունը մտնող մարդը: Բարեւենք մեր դրացին: Բարեւենք մեր տարեցները: Բարեւենք մեր ուսուցիչները: Բարեւենք մեր երեխաները: Բարեւենք նոյնիսկ անծանօթ մը, երբ առիթը կը ստեղծուի: Բարեւենք` առանց հաշուելու, թէ դիմացինը մեզ պիտի բարեւէ՞, թէ՞ ոչ, որովհետեւ բարեւը պարտք չէ: Բարեւը նուէր է, եւ նուէր մը տալու համար պէտք չէ հարուստ ըլլալ: Պէտք է միայն սիրտ ունենալ:
Կը փափաքիմ, որ մեր երեխաները դարձեալ սորվին բարեւելու գեղեցիկ սովորութիւնը:
Ոչ միայն այն պատճառով, որ քաղաքավար ըլլան, այլ որովհետեւ անոնք վաղը պիտի կազմեն այն հասարակութիւնը, որուն մէջ մենք պիտի ապրինք: Թող անոնք սորվին, որ մարդուն աչքերուն նայիլը յարգանք է: Թող սորվին, որ մեծին բարեւելը փոքրութիւն չէ: Թող սորվին, որ առաջինը բարեւելը արժանապատուութեան կորուստ չէ: Ընդհակառակը: Առաջինը բարեւող մարդը երբեմն առաջինը բարութիւն ընող մարդն է:
Եւ ի՜նչ գեղեցիկ աշխարհ մը պիտի ըլլար, եթէ մենք ամէն օր մէկ բարի բառ աւելի ըսէինք, մէկ սառն հայեացք պակսեցնէինք, մէկ ժպիտ աւելցնէինք: Բարեւը փոքր բառ է, բայց փոքր բառերը երբեմն մեծ աշխարհներ կը կրեն: Ան կը բերէ բարութիւն, կը բերէ յարգանք, կը բերէ ջերմութիւն, կը բերէ յիշողութիւն, կը բերէ մարդկային մօտիկութիւն:
Եւ գուցէ այսօր մեր մեծագոյն պակասը նոր բառեր գտնելը չէ:
Գուցէ պէտք է հին ու բարի բառերուն իրենց իսկական արժէքը վերադարձնենք:
Այդ բառերէն մէկն ալ մեր սիրելի «Բարեւ»-ն է:
Ուրեմն երբ վաղը առտու մէկու մը հանդիպիք, մի՛ անցնիք անոր կողքէն լուռ:
Կանգ առէք: Նայեցէք աչքերուն: Ժպտեցէք եւ ըսէք` «Բարեւ»:
Որովհետեւ երբ «Բարեւ» կ՛ըսենք, մենք միայն մէկ մարդ չենք ողջուներ, մենք կարծես աշխարհին կ՛ըսենք. «Քեզ կը տեսնեմ, քեզ կը յարգեմ, քեզի բարիք կը մաղթեմ»:
Եւ քանի դեռ իրարու բարեւ ունինք տալիք, մարդկային ջերմութիւնը ամբողջովին կորսուած չէ:
Թող մեր շրթներուն վրայ չչորնայ այդ հին ու բարի բառը:
Թող մեր տուներուն մէջ լսուի:
Թող մեր երեխաները զայն ժառանգեն:
Թող մեր փողոցներուն մէջ հնչէ:
Թող մեր հայերէնը զայն պահէ:
Եւ ամէն անգամ, երբ մէկու մը ըսենք` «Բարեւ», թող այդ մէկ բառին մէջ իսկապէս բարին ըլլայ, որովհետեւ երբեմն ամբողջ կեանքի մը ջերմութիւնը կը տեղաւորուի երկու վանկի մէջ:
Բա՛րեւ:


