Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Շինժին քաղաքի օդակայանին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը դիմաւորելով յայտնեց, որ Փեքինի եւ Ուաշինկթընի միջեւ «ռազմավարական շինիչ ու կայուն յարաբերութեան» կը ձգտի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թրամփի հետ եռակողմ վեհաժողովի նախօրեակին Շի յայտնեց. «Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ միտքերու խոր փոխանակման` Չինաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ համագործակցութեան եւ համաշխարհային մակարդակին վերաբերող հիմնական հարցերու շուրջ` մեր երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի, արդարութեան եւ փոխադարձութեան վրայ հիմնուած կառուցողական ու ռազմավարական առումով կայուն յարաբերութիւններու յառաջխաղացման նպատակով»:


