Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իսրայէլ ապահովական շրջաններու ներկայ գիծերէն պիտի չհեռանայ եւ այդտեղ դիրքերու վերադասաւորում պիտի չկատարէ, նախքան Կազայի մէջ Համասի կազմաքանդումն ու զինաթափումը, ամբողջ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը եւ Սուրիայէն եկող բոլոր ժիհատական սպառնալիքներու ոչնչացումը»:
«Եթէ ճակատները բռնկին, իսրայէլեան բանակը պատրաստ է խուսանաւում կատարելու եւ յաւելեալ հողեր գրաւելու` բնակչութիւնը դատարկելով, ահաբեկչութեան ենթակառոյցը քանդելով եւ զայն վերածելով հիւսիսի եւ հարաւի մէջ Իսրայէլի տեւական ապահովական շրջաններու մէկ մասը: Իսրայէլի բնակիչները պաշտպանել խոստացանք եւ ճիշդ այդ պիտի կատարենք», շեշտեց Քաց:


