ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընդունեց երկխօսութեան ազգային լիկայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ փրոֆ. Ռաէֆ Ռիտայի: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար բժիշկներ Ժան Ապու Հայտարէն, Հիւսէյն Նասրէտտինէն, Մոհամետ Սուպհի Եաղիէն եւ Սամիհ Պըրժաուիէն:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ հաղորդակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը` նպաստելու համար ազգային հարցերու շուրջ իրարհասկացողութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:
Փրոֆ. Ռաէֆ Ռիտա շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիին պատուիրակութիւնը ընդունելուն համար եւ անոր ներկայացուց երկխօսութեան ազգային լիկային նախաձեռնած այցելութիւնները, որոնք ընդգրկեցին լիբանանեան պաշտօնական, կուսակցական եւ խորհրդարանական քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը` տարբեր կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու ճիգերուն ծիրին մէջ:
Իր կարգին Բագրատունի շեշտեց մանաւանդ ներկայ փուլին երկխօսութեան կարեւորութիւնը` գնահատելով այս շրջագիծին մէջ Երկխօսութեան ազգային լիկայի դերակատարութիւնը:


