Ազգերու լիկայի 6-րդ եւ վերջին մրցումին, Գերմանիա, որ 3-րդ դիրքի վրայ կը գտնուէր 5 մրցումներէ ետք, կրցաւ 5 կոլ նշանակել Նետերլանտներուն դէմ եւ գրաւելով Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը հասաւ քառորդ աւարտական:
Մարզիչ Եուրկեն Քլոփ մրցումէն առաջ յայտնած էր, որ խումբը պատրաստ է 5 կոլ նշանակելու, բայց կարեւորը առաջին կոլը նշանակելն էր: Այդպէս ալ եղաւ: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Տերի Շերհանթ` 2 անգամ Նետերլանտներու բերդին սիւները ցնցելէ ետք: 41-րդ վայրկեանին Ֆրայպուրկի ծայրի յառաջապահը Եոշուա Քիմիչէն փոխանցում մը ստանալէ ետք կոլ նշանակեց Պերլինի Ողիմպիական դաշտին վրայ, ուր կը խաղար Հերթա Պերլինի հետ 2 տարի առաջ:
Բ. կիսախաղին Գերմանիա 17 վայրկեաններու ընթացքին «Քլոփի» ոճով ֆութպոլ կիրարկեց եւ 4 կոլ եւս նշանակեց:
Ֆլորիան Վիրց (2), Նիքօ Շլոթերպեք եւ Պրայըն Կրուտա նշանակեցին կոլերը: Մրցումին երիցագոյն կոլ-սքորըրը յետսապահ Շլոթերպեքն էր:
Քանի մը օր առաջ 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակէ ետք Յունաստանի դէմ, Նետերլանտներու խումբը գլխաւոր մարզիչ Չաւիի հետ լուծում չունէր, մանաւանդ առանց խմբապետ Վիրճիլ Վան Տայքի (վիրաւոր):
1959-էն ի վեր Նետերլանտներ այսքան ծանր պարտութիւն չէին ստացած: Այդ ժամանակ Գերմանիա 7-0 արդիւնքով յաղթած էր բարեկամական մրցումի մը:
Պէտք ըսել, որ 1910-էն ի վեր 50-րդ ճակատումն էր այս «դրացի-թշնամի»-ներու ճակատումը, ուր Գերմանիա իր 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց 19 հաւասարութիւններու կողքին: Նետերլանտներ 12 անգամ կրցած են յաղթել Գերմանիոյ, վերջին անգամ, 2019-ին:
72 տարիներ ետք ալ Գերմանիոյ համար վերջին մրցումն էր գերմանական «Ատիտաս» վաճառանիշի շապիկներով, այս վաճառանիշով ընկերութիւնը 1954-ի Մոնտիալէն ի վեր ազգային խումբի տարազները կը հովանաւորէր: 2027-էն սկսկեալ «Նայքի» ամերիկեան ընկերութիւնը պիտի հովանաւորէ Գերմանիոյ ազգային խումբի տարազները:
Նոյն խմբակին մէջ Յունաստան 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սերպիոյ, բայց դուրս մնաց կոլերու տարբերութեամբ: Գերմանիա, Նետերլանտներ եւ Յունաստան 11 կէտ ունին, բայց կոլերու քանակի տարբերութեամբ Յունաստան գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Ուրբաթ օր Գերմանիա կրնայ գիտնալ քառորդ աւարտականի իր մրցակիցը, որ կրնայ ըլլալ Սպանիոյ, Անգլիոյ կամ Ֆրանսայի մակարդակի խումբ:
Բ. կարգի խումբերէն Զուիցերիա, որ արդէն իսկ ապահոված էր Ա. կարգ բարձրանալու իր տոմսը, 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ:
Սլովենիա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մակեդոնիան: Ֆարօ կղզիներ պարտութեան մատնեցին Մոլտովան, Էսթոնիա` Պուլկարիան, իսկ Լիթուանիա` Լիխթընշթայնը: Իսլանտա պարտութեան մատնեց Լիւքսամպուրկը, մինչ Ղազախստան հաւասարութիւն արձանագրեց Սլովաքիոյ հետ, իսկ Ճիպրալթար` Մալթայի հետ:


